ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐԱՕԾՈՒԵՑԱՒ ՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցին վերաօծուեցաւ եւ պաշտամունքի բացուեցաւ, ինչ որ հոգեւոր ուրախութեան առիթ դարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: Աւանդաբար այս եկեղեցին կը ճանչցուի՝ որպէս «Ձկնորսներու եկեղեցի», իբր այդ ալ պոլսահայ սրբատեղիներու շարքին ունի առանձնայատուկ տեղ մը: Ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը վերջին շրջանին հետեւողական աշխատանք տարած էր՝ մեր այս սրբավայրի վերանորոգումը, բարեկարգումը ապահովելու համար: Աշխատանքներու աւարտին եկեղեցին արդէն դարձեալ ունի ներկայանալի ու պայծառ տեսք մը, ինչ որ համայնքային շրջանակներէ ներս բոլորի գնահատանքին արժանացած է: Թաղային խորհուրդը այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար համագործակցած է յայտնի ճարտարապետ Նազար Պինաթլըի հետ, որ ի սպաս դրած է թէ՛ իր մասնագիտական պաշարը եւ թէ իր նիւթական հնարաւորութիւնները: 

Երէկուան վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան՝ կողքին ունենալով Տ. Արամ արք. Աթէշեանն ու պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ: Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւոր հայրերուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեանի։

Նաւակատիքի աղօթքէն վերջ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ օծումը՝ մինչ սրտի խօսքերով հանդէս եկան տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան եւ ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլու: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին ընդգծեց՝ որպէս «Ձկնորսներու եկեղեցի» մեր հաւատացեալներուն այնքան սրտամօտիկ այս սրբավայրի վերանորոգման կարեւորութիւնը: 

Նորին Ամենապատուութեան քարոզէն վերջ, պաշտամունքի վերաբացուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան կանոնական ժամերգութիւն: 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն: Բացօթեայ հաւաքոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ՝ մինչ բոլորը ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները շնորհաւորեցին այս կարեւոր ձեռքբերումին համար: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ նախագահեց նաեւ աշխարհիկ հանդիսութեան, յանձնեց թաղային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած էին վերանորոգութեան աշխատանքներուն:

Վերանորոգեալ ու վերաօծեալ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ վաղը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի մատուցանէ անդրանիկ Ս. Պատարագը:

Շաբաթ, Մայիս 9, 2026