ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՊԵՐԹ ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր ընդունեց միջազգային իրաւաբան ու իրաւապաշտպան Ռոպերթ Ամսթերտամը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի քհնյ. Արթենեան։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը եւ Ռոպերթ Ամսթերտամ անդրադարձան՝ Հայաստանէ ներս եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւին, շինծու մեղադրանքներով եկեղեցականներու եւ ի պաշտպանութիւն եկեղեցւոյ հանդէս եկած հայորդիներու դէմ ձեռնարկուած բռնաճնշումներուն եւ ապօրինի քրէական հետապնդումներուն։

Այս ամբողջին մէջ զրուցակիցները կարեւորեցին օրինականութեան, մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներու պահպանման եւ արդարադատութեան սկզբունքներու ապահովման անհրաժեշտութիւնը։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2026