ԱՂՕԹՔԸ, ՓԱՓԱՔԸ, ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾ

Հաւանաբար, մարդկային գոյութենական ու կեցուցանական ամենայատկանշական ու ցուցանիշային գործառոյթներէն մէկը փափաքն է. այդ փափաքի համար ձեռք բերուած գործամղումները նախ ոգեղէն, ապա ֆիզիքական են: Փափաքն ու ցանկութիւնը հիմքն են աստուածագործման՝ այն իմաստով, որ մարդկային հոգիի ձգտելիութիւնը յաւերժապէս պէտք ունի ընկալման ու թարգմանման: Այս ընկալողն ու թարգմանիչը ինքնին Աստուած է կա՛մ անոր գործառոյթը: Այս կէտին աղօթքը ինքնին իբրեւ իքնակատարման ու ինքնանուաճման գործողութիւն՝ աղերսուած է Աստուծոյ հետ այնքան, ինչքան մենք կ՚ուզենք, որ մինակ չըլլանք մեր իւրացման մէջ, որպէսզի մեր փափաքն ու երազը եւ անոնց իրագործումը անկարութեան եւ անկարելիութեան չտանին:

Աղօթքի եւ խնդրանքի հրաշագործութիւնով է, որ մենք կ՚աստուածանանք վերընթացով մը, որ կարզմակերտիչն է մեր գոյութեան ու շարունակականութեան: Հոն է, հաւանաբար, Աստուծոյ գաղափարի ամենաջինջ ու պայծառ մարմնացումը՝ իբրեւ սփոփող, ամոքիչ, պարգեւատրող ու ընդառաջող: Երբ հաւատքի էականութիւնը կը յամենայ փափաքի եւ իրականանալիք ինքնասխրանքի մը մէջ, հոն մարդկութիւնը կը զգայ ինքզինք: Իսկ մարդկայնութեան իրազեկումն ու սփռումը կը սկսի այն պարզ, մաքրամաքուր եւ կոյս փափաքէն ու աղօթքէն, ուր մարդ անհատն ու հաւաքականութիւնը բոլոր մարդկութեան բարիք կը մաղթէ՝ անկախ կրօնական տարբերութիւններէն: 

Աստուծոյ գաղափարին ու հասկացողութեան զարգագումն ու շարժը կրնանք կապել որեւէ կրօնի մը էութաբանութեան, սակայն, ան միշտ համամարդկայնօրէն սերտելն ու ընդելուզելը մարդաբանութեան-մարդակերտման հետ, շահեկան կը դարձնէ աստուածագիտութիւնը, ընկերաբանութիւնն ու հոգեբանութիւնը:

Աստուծոյ հասկացողութեան ծագումնաբանութիւնը կրնանք համարել մարդկային ծագման հետ համահունչ, քանի մարդս տեղ մը աստուածային է կա՛մ Աստուած մարդկային: Յաճախ չենք կրնար զատորոշել մարդու աստուածականութիւնը կա՛մ Աստուծոյ մարդկայնութիւնը մեկնած այն միտքէն, որ առաքելութիւններու փնտռուքին մէջ՝ թէ՛ Աստուած իբր գաղափարային կիրառում անխուսափելիօրէն մարդկայնացման կարիքն ունի կա՛մ մարդագործման (քանի երբ Աստուած առանձին է, ան չկայ իբրեւ խնդիր, սլացիկութիւն, կարիք ու հասցէականութիւն) եւ թէ մարդն ալ չի կրնար գոյանալ յաւերժացման համար՝ իր բոլոր անկարելիութիւններով, առանց Աստուծոյ գաղափարին ու ապաւինման: Իբր այդ, քրիստոնէութիւնը ամենաշատը մարմնաւորած է մարդացում-աստուածացում համագործադրոյթը եւ յաջողած է առաջնորդել մարդկութիւնը 2000 տարի:

Գալով ուրիշ կարեւոր հանգրուանի մը. այդ մէկը ներկայ ժամանակներուն մէջ անաստուածութեան շրջանն էր։ Ան առաւելապէս հանդիսացաւ Սովետական Միութեամբ ու այն հազուադէպ ժամանակաշրջաններէն էր, երբ Աստուծոյ գաղափարի զարգացումը սառեցում ապրեցաւ: Այո՛, այդ մէկը տեւեց միայն եօթանասուն տարի, բայց եւ այնպէս, մարդկութիւնը իր երկար աստուածագաղափարական պատմութեան ընթացքին այդքան աստուածազուրկ չէր ապրած՝ մա՛նաւանդ հաւաքականօրէն ու հասարակարգով: Յատկանշականը այն էր, որ Սովետական Միութեան մէջ Աստուծոյ չքարոզուիլը տեղի կ՚ունենար պետական մակարդակով ու գիտական ալ համարուած մօտեցումներով, իսկ ընկերութիւնը կը քալէր դէպի աստուածազրկում, ինչ որ տեղ մը մարդկային բնոյթին դէմ էր, անկախ գիտականութեան ու մարդկային միտքի առարկայականութեան ձգտումէն: 

Որեւէ հասարակարգ չի կրնար միայն առարկայական կոչուած միտքով ու իմացականութեամբ բանիլ, այլ անկախ հաւատամքային աստուածաբանութենէն՝ ան կարիքն ունի աստուածատեսագործման կա՛մ նուազագոյն յայտնաբերումի քաղցր ոգեղինականութեան մը:

Ոգեղինութիւնը ինչքան ալ բարոյականութեան հետ խոտոր համեմատուի կա՛մ զանցառող համարուի՝ բարոյագիտական օրէնսդրական տեսաբանութեան ու գործադրոյթին, մշտապէս այդ կը մնայ այսպէս ըսած՝ բարոյածին, ի հեճուկս իր բազմապիսի չափանիշներուն: Թէեւ անաստուածութիւնը յարգելի ու գովելի է բարոյագիտական բարձրագոյն սկզբունք ու չափանիշ ստեղծելու մէջ՝ օրէնսդրութեան, առարկայապաշտութեան ու գիտականութեան վրայ հիմնուած, սակայն, մարդ անհատն ու հասարակութիւնը հակուած կը մնայ ոգեղինութիւն պարունակող բարոյագիտութեան մը, ուր, հաւանաբար, չափանիշներու տատանում կայ։ Ան մարդուս կը հայթայթէ ջերմեռանդական, խրովայոյզ ու գիտակցուած խորհրդապաշտական իրականութիւն ու ապրում: Նոյնիսկ արեւմտեան վերջակերտ քաղաքակրթութեան մէջ մշտապէս տեղ գրաւեց Ասուածաշունչն ու կրօնական շերտը, իր ամենապակսած համեմամատութիւններով, ինչ որ տեղ մը կրնայ դիտարկուիլ իբրեւ նուաճում: Իսկ մահմետական կրօնով օրէնսդրացած ընկերութիւնները ինչքան ալ ետ համարուին ուրիշ հասարակարգերէ, իրենց աստուածային հոլովոյթը ամենաբարձրն է ներկայիս աշխարհի մէջ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 9, 2026