ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԵՐԱՕԾԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՏՈՅՑ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի: Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթավերջին վերաօծուած ու պաշտամունքի վերաբացուած էր այս եկեղեցին, ուր երէկուան կիրակնօրեայ արարողութիւնները տեղի ունեցան հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատարագեց՝ առընթերակայութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեանի եւ Տ. Զաքար աւ. քհնյ. Քոփարեանի: Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան եւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց եւ Վառվառեան դպրաց դասերու համատեղ կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան սրկ. Հալաճեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը: Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը: Աշխարհիկ հանդիսութեան ալ նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը: Տօնակատարութեան համազօր մթնոլորտի մը մէջ անցաւ սիրոյ սեղանը, որու մասնակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան՝ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ: Հաւաքոյթի ընթացքին ծափահարութիւններու արժանացաւ մեր համայնքի արժէքաւոր ճարտարապետներէն Նազար Պինաթլը, որ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագրին բերած էր անփոխարինելի նպաստ մը: Ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուին ալ անակնկալ յուշանուէր մը պատրաստուած էր՝ թաղային խորհուրդի իր ընկերներուն կողմէ: Այդ մէկը Նազլը Տանաճըօղլուին յանձնուեցաւ՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ձեռամբ: Եզրափակիչ փուլին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրաիրք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը եւ ուրախութիւն յայտնեց՝ որպէս «Ձկնորսներու եկեղեցի» ճանաչում գտած այս գողտրիկ սրբավայրի վերանորոգուած եւ բարեկարգուած ըլլալուն բերումով: Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց զօրակցութիւնը եւ ներդրումը բերած էին այս նախագծին:
