ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՍԱՀԱԿԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ: Դպրոցի շրջանաւարտից օրը, աւանդաբար, Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ խրախճանքի մը համազօր պայմաններու ներքեւ կ՚ընթանայ: Այս տարի ալ եղաւ նոյնը: 

Առաւօտուն դպրոցի զանազան սերունդներու շրջանաւարտները Ս. Պատարագի մասնակցեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, բոլորը համախմբուեցան պարտէզին մէջ: 

Շրջանաւարտից հաւաքը կազմակերպուած էր բացօթեայ: Զանազան սերունդներէ սաներ զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը ապրեցան: Անոնք զիրար ողջունեցին, գիրկընդխառնուեցան ջերմօրէն՝ հերթական անգամ դպրոցի համալիրէն ներս մէկտեղուելու հնարաւորութեան բարձր տրամադրութեամբ:

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսաւորութեամբ ուսուցչուհի Քարին Աքալի: Ելոյթներով հանդէս եկան Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան, Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սէրտար Քասափչըլար, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ալպերթօ Վեսքէ, ինչպէս նաեւ Սահակեան-Նունեան լիսէի տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլ, որ այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտներու շարքին էր: Արդարեւ, տնօրէնուհին կը նշէր իր շրջանաւարտութեան 40-ամեակը, անշուշտ, դասընկերներուն հետ: 

Բաժակի պահուն բոլորի հասարակաց մաղթանքն էր՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանի յարատեւութիւնն ու պայծառութիւնը: Աւանդական հաւաքին ժամանակ առանձնայատուկ վերաբերմունքի առարկայ դարձան յոբելեար շրջանաւարտները: 25-ամեայ, 40-ամեայ եւ 50-ամեայ ընթացաւարտները արդէն տարբեր զգացումի մէջ էին՝ քանի տարիներու հոլովոյթին մէջ նոր հանգրուանները առիթ կը դառնային՝ դպրոցի հետ իրենց զգացական կապը ամրապնդելու: Յոբելեար դասարաններու սաները ստացան յուշանուէրներ եւ իւրաքանչիւր դասարանի ներկայացուցիչ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը: 

Հանդիսութեան աւարտին բոլորը յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ առին իրարմէ՝ ժամադրուելով յաջորդ տարուան համար:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2026