ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա-Պելժիա յարաբերութիւնները այս շրջանին յառաջ կը տարուին «Տնտեսական առաքելութիւն» կարգախօսով, որ համագործակցութեան նոր հորիզոններ կը խոստանայ։ Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ այս շրջանին կը նկատուի աշխուժութիւն՝ ինչպէս է պարագան Եւրոպայի այլ մայրաքաղաքներուն հետ։ Արդարեւ, Եւրոպայի երկիրները դէմ յանդիման մնացած են բոլորովին նոր իրավիճակի մը՝ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներու սուր դրսեւորումներուն հետեւանքով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստեղծուած իրավիճակը նոր կացութեան մը ծնունդ տուած է՝ այն առումով, որ Ուաշինկթըն կ՚ակնկալէ, որպէսզի Եւրոպա անվտանգութեան կարիքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ բազմապատկէ իր ներդրումները։ Թէեւ Եւրոպական Միութիւնը այս հարցը համախումբ ձեւով կը ջանայ քննարկել, սակայն, ցամաքամասի առանձին երկիրներն ալ համապատասխան նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գան՝ հաշուի առնելով, որ ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ նաեւ իւրաքանչիւրի առանձնայատկութիւններուն համապատասխան նախագծերու մշակումը։ Պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերու բազմապատկման հեռանկարը, անխուսափելիօրէն, իր հետ ստիպողութիւն կը բերէ՝ տնտեսական նոր միջոցներ ճարելու ուղղութեամբ։
Թուրքիա-Պելժիա յարաբերութիւններու այս նոր աշխուժութիւնն ալ պայմանաւորուած է նոյն հանգամանքներով։ Երէկ, Պելժիոյ Մաթիլտ թագուհին Թուրքիա եկաւ՝ ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը։ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողան Մաթիլտ թագուհին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Տոլմապահչէի պալատի համալիրէն ներս։ Կէսօրուան ժամերուն անոնք հոյակերտ պալատէն ներս շրջայց մը կատարեցին եւ լուսանկարուեցան գեղատեսիլ Վոսփորի ափին։
Միեւնոյն ժամանակ Պելժիոյ Մաթիլտ թագուհին երէկ այցելեց Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան հիմնական կառոյցները, ուր ծանօթացաւ արտադրանքին։