ԿՐՆԱ՞Յ ՆԵՐԵԼ
«Յաղթարշաւ» կոչեց մեր վարչապետը նախընտրական այս շրջանը, որուն ընթացքին, ինչպէս միշտ, որոշ նորութիւններ կը պարզուին, արդէն անքննելի իրողութիւններ ու ինքնութիւններ կրկին կը հաստատուին:
Այսպէս են այս «արշաւները». յստակ է: Հասկցանք, որ մաքուր ու արժանապատիւ խաղ մը չի կրնար ըլլալ քաղաքականութիւնը, որքան ատեն, որ ճամբուն վերջը օրօրուող գահ մը կայ: Ամէն տեղ, երկիր ու պետութիւն այսպէս է՝ կ՚ըսեմ ու կը փորձեմ տեսածներուս, լսածներուս բեռը հոգիիս վրայ թեթեւցնել. ցաւօք՝ չեմ յաջողիր:
Անբիծ ու անթերի հայրենիք ու ժողովուրդ մը ըլլալու հիւանդագին մեր դաստիարակութեան կը վերագրեմ ձախողութիւնս ու կը փորձեմ ըրածս շարունակել: «Ասում են հող ենք կորցրել… Էդ հողը ինչո՞վ ա մերը եղել»՝ վարչապետին հարցումը սիրտս կը ծակէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին բարձրախօսով ըսած այս տողերէն ետք, Ալիեւին ըսելիք բան մը մնա՞ց:
Խօսած ձեւը, պոռչտուքը, վերստին հնչող «հպարտ քաղաքացի», «3 միլիոն վարչապետ» դատարկ լոզունգները, սովորական մարդկանց հարցումներուն դիմաց շփոթուելով տուած ջղագրգիռ, հիւանդագին պատասխանները, հանրութեան մէջ օգտագործած լեզուական փողոցային դարձուածքները, կատարած բռնատէր կարգադրութիւնները, մարդիկը բանտարկելը, պաշտօններէն ազատելը, հագուստներուն վրայ տպած «Տէր կանգնէք խաղաղութեան» սպառնալիքը, դիմատետրի էջին վրայ տուած «մայրենիի» դասերը եւ ու եւ… անվերջ այս արարքները առանց փախչելու կը դիտեմ ու կը դիտեմ. կեղծ ժպիտի մը տակ թաքնուած սարսափահար մարդու մը դողը կը տեսնեմ:
Վախնալու է:
Հազարամեակներու պատմութիւն մը ոտքին տակ առած, «Ասում են Ղարաբաղը մե՛րն էր, այլեւս մերը չի՛, սո՛ւտ է դա: Երբե՛ք մերը չի եղել, էնտեղ դպրոց, մանկապարտէզ ու գործարա՞ն ենք կառուցել: Ապրե՞լ ենք էնտեղ…». այո՛, այսպէս ըսողը Աստուծմէ վախնալո՛ւ է:
Դուք ի՛նչ կը մտածէք, չեմ գիտեր, բայց վստահ եմ, որ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ Ղարաբաղի անունով մե՜ծ յայտարարութիւններ ընող, «մերն է եւ վե՛րջ» ըսող մարդը նո՛յն այսօրուան խօսքերը ըսող մարդն է, հաւատացէք: Չեմ կրնար համոզուիլ, որ ան չի՛ գիտեր, թէ Արցախը մերն էր, մերն է: Գիտէ, բայց արմատական այս փոփոխութեան, սոսկալի այս շրջադարձին գինն է, որ կը վճարէ ան իր իսկ չհաւատացած սուտերով:
Ի՞նչպէս կը քնանան ստախօսները:
Իրօք կը քնանա՞ն: Կրնա՞ն:
Վարչապետ ես, բժիշկ ես թէ՛ ներկարար, գիշերը, օրուան աւարտին, աչքերդ փակելէն առաջ, պարզապէս մարդ ըլլալդ յիշեցնող խորագոյն պահ մը կայ, երբ ըսածներդ ու ըրածներդ աչքիդ դիմաց կը պարզուին… ի՞նչ կ՚ընեն այդ պահուն սուտ մը ապրողները եւ այդ սուտին հաւատացողները:
Կը սխալինք հաւանաբար, երբ կը խորհինք, թէ անսիրտ են անոնք, չեն տառապիր, իրենց խիղճերէն բարձրացող փշոտ այդ ձայնը կը լռեցնեն, իրենց հոգիներուն մէջ զարնուող անոր արձագանգը կ՚անտեսեն, հակառակ կողմ կը դառնան, նոր սուտ մը կը հնարեն, անոր հաւատալով ու անով արարելով կը զբաղին եւ այսպէս շարունակ, բայց մինչեւ ո՞ւր…
Իրականութիւն է այս տարբերակը, անկասկած, բայց ունի վերջ:
Կը սխալինք բոլորս, կը ստենք՝ անպայման, յոյս ներշնչող ու կեանք փրկող «ճերմակ» սուտերով կ՚ընթանան մեր կեանքերը՝ ընդունինք, բայց խումբ մը մարդկանց վստահելի առաջնորդին, անոնց բաղձած ազատութիւնն ու արդարութիւնը ներկայացնողին սուտերը ճերմակ չեն, չե՛ն կրնար ըլլալ: Արիւն է անոնց գինը, հող է, կտրուած կեանքի թել է ու չչորցող արցունք:
Կը տառապին անոնք, հաւատացէ՛ք: Ներկուած իրենց երեսներուն, տեսադաշտ փակող իրենց կարմիր խոշոր քիթերուն ու շինծու ժպիտներու տակ մղկտացող իրենց հոգիները կը չարչարուին՝ ցաւագին:
Թէ որո՞ւն, ի՛նչ օգուտ կ՚ունենայ վշտագին այս տառապանքը, չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ այդ սուտերուն արդիւնքները կրող մարդիկ չեն ներեր.
Արցախը ազատագրելու համար զաւակ թաղած մայրը չի՛ ներեր:
Հայր, եղբայր ու նշանած կորսնցուցած աղջիկն ալ չի կրնար ներել:
Իրենց տուները, բակերը, ընկերներն ու խաղալիքները կորսնցուցածները չե՛ն կրնար ներել:
Ճամբաները հարթելու համար ասֆալթ թափողները, դպրոցներուն մէջ դասաւանդողները, Ղազանչեցոցին մէջ պսակուող զոյգերը, Արցախի ժողովրդական երգերը պահպանողներն ու պարերը սորվեցնողները չեն կրնար ներել:
Մերը չեղող Արցախին մէջ «Հայկական ճարտարապետութեան շտեմարան» համարուող 13-րդ դարի Գանձասարի վանքին պատերը ձեռնողները, անոր առասպելները գիտցողները չե՛ն կրնար ներել:
Անտառներու ծառ ու թուփերուն տակ պառկող, սպառած մէկ լիթր «պենզինը» հարցաքքնող, իրենց հաւատացող տղոց հետ երգող ու պարող Մոնթէին ու Վազգէն Սարգսեանին «եութիւպ»ի տեսանիւթերը շրջան առ շրջան, առանց պատճառի, դիտողները չե՛ն կրնար ներել:
Հաշմանդամ մեր զինուորներուն համար պատրաստուած շքե՜ղ տան մէջ, անուաւոր աթոռներու վրայ թանկօ պարող զինուորներուն տեսանիւթերուն չե՛մ հաւատար ես: Վիրաւոր պիտի մնան անոնք. չեն կրնար ներել:
1992-ին, ամէն օր «Ղարաբաղէն ի՞նչ լուր» հարցնող հայերէնի իրենց դասատուին պատասխանելու համար ձայնասփիւռ լսող ու թերթ կարդացող 10-րդ դասարանի ընկերներս չեն կրնար ներել:
Մինչեւ այսօր ականջներս ծակող այդ հարցումին պատասխանող Սեւանը մէջս է դե՛ռ. ես ալ չեմ կրնար ներել:
Այսօր Հայաստանի մէջ ահաւոր օտարութիւն ապրող սփիւռքահայերը չեն կրնար ներել:
Շուշիի հողերուն մէջ դեռ թաղուած փամփուշտներն ալ չեն կրնար ներել:
Սուտերը խօսողներուն, անոնց թելերէն կախուած երազկոտ օրօրուողներուն ու թաքուն չարչարուող յանձնուածներուն պիտի չներէ պատմութիւնը եւ պիտի թաղուին անոնք հոն, մութ, գարշելի իրենց յատակներուն մէջ:
Այնուամենայնիւ չեմ կրնար չմտածել.
Օր մը, ինքնակամ խլացած ձեր ականջները եթէ բացուին, կսկիծէն ծակծկած ձեր հոգիները եթէ սթափին եւ զղջաք…
Աստուած ձեզ կը ներէ՞:
Կրնա՞յ ներել:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ