ԱՐԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ «1000 ԴՀՈԼ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Յայտնի երաժիշտ Արա Գէորգեանի գլխաւորութեամբ, այս շրջանին Հայաստանի մէջ յառաջ կը տարուի «1000 դհոլ» ծրագիրը: Երիտասարդներու ներգրաւմամբ շատ խանդավառ նախագիծ մըն է այս մէկը, որու տեսահոլովակի համար նկարահանումներ տեղի ունեցան Արարատեան դաշտավայրին մէջ: «1000 դհոլ» նախագծի տեսահոլովակին մէջ սպիտակ զգեստներով հայ երիտասարդներ շուրջպար կը բռնեն՝ մինչ աւանդական դհոլի ձայնը կը հնչէ այնքան տպաւորիչ: Կը հաղորդուի, որ այս նախաձեռնութիւնը կը յաւակնի «Guinness»ի մրցանիշներու շարքին մաս կազմելու:
Արա Գէորգեան այս առթիւ յայտնեց, որ աշխարհ պատերազմներու մէջ է եւ իրենք կը փափաքին խաղաղութեան պատգամ փոխանցել: Միեւնոյն ժամանակ, ան դիտել տուաւ, որ սա հայոց ազգային արժէքներն ու իւրայատկութիւնները պահպանելու ուղղեալ նախաձեռնութիւն մըն է: Արդարեւ, աշխարհի ո՛ր մէկ անկիւնն ալ գտնուին՝ հայերը պէտք է կառուցեն իրենց եկեղեցին ու դպրոցը՝ ապահովելու համար ինքնուրոյն յարատեւութիւնը: