ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ՀԱՆՃԱՐԻ ԲԻՒՐԵՂԱՑՄԱՆ ՔԱՌԱՄԵԱԿԸ. 1900-1903 ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ - ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ՝ ԵՐԱԺՇՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Հայ երաժշտութեան մեծն երախտաւոր Կոմիտաս վարդապետի կեանքին մէջ 20-րդ դարու առաջին տարիները կը ներկայանան որպէս իսկական վերածնունդի շրջան մը՝ միաժամանակ բեկումնային, բեղմնաւոր եւ ազգային նշանակութեամբ ալ՝ վճռորոշ։ 

Այս տարիներուն է, որ վարդապետը, արդէն զինուած եւրոպական բարձրագոյն կրթութեամբ, բայց աւելի քան երբեք խորացած հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական աշխարհի ծալքերուն մէջ, կը ձեռնարկէ իր մեծ առաքելութեան՝ հայ երգի զտման, վերագտման եւ վերակերտման։

Այս շրջանը պէտք է ընկալել իբրեւ ներքին հասունացման եւ գիտակցուած առաքելութեան ամբողջական դրսեւորում։ Այստեղ Կոմիտասը այլեւս միայն ուսանող կամ հետազօտող չէ․ ան կը դառնայ հիմնադիր, վերակազմակերպիչ եւ, կարելի է ըսել, նոր երաժշտական մտածողութեան հիմնադիր։ 

Ուսումնասիրելով Կոմիտաս վարդապետի կեանքի տարեգրութիւնը՝ մամուլէն, յուշագրութիւններէն, Խաչիկ Սամուէլեանի աշխատութենէն, 1900-1903 թուականներէն քաղեցինք հետեւեալ կարեւոր դրուագները․

1900. ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԵՒ ԳԻՏԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻՆ

1900 թուականը Կոմիտասի կեանքին մէջ կը բացուի հանդիսաւոր եւ խորապէս խորհրդանշական դէպքով։ «Արարատ» ամսագիրը կը գրէ, որ յունուար 15-ին, Մկրտիչ Ա. Կաթողիկոսի անուանակոչութեան առիթով, Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր երեկոյթին, երկրորդ բաժնի ընթացքին ելոյթ կ՚ունենայ Կոմիտաս վարդապետի ղեկավարած քառաձայն երգչախումբը՝ իր բարձրակարգ եւ ներդաշնակ կատարումներով խոր տպաւորութիւն ձգելով ներկաներուն վրայ։ Այս գեղարուեստական պահէն անմիջապէս յետոյ, կաթողիկոսին դիւանապետը՝ Կորիւն վարդապետ կը հրապարակէ հայրապետական հրամանը, որով Մայր Տաճարի դպրապետ Բարձր. Կոմիտաս վարդապետը, իր «եռանդուն աշխատութեան» համար, իբրեւ խրախոյս կը պարգեւատրուի «Վարդապետական ակնակուռ լանջախաչ»ով։ Հանդիսաւոր գնահատանք՝ անոր արդէն իսկ կատարած ծառայութիւններուն եւ խորհրդանշական հաստատում մը այն ուղիին, որուն վրայ Կոմիտաս պիտի շարունակէր իր նուիրեալ առաքելութիւնը։

Այդ տարին, սակայն, աւելի խոր նշանակութիւն ունի, քան՝ պատիւները։ Էջմիածնի Ներսիսեան լիճին շրջակայքի խաղաղ ծառուղիներուն մէջ, Մանուկ Աբեղեանի հետ ունեցած զրոյցները կը դառնան գաղափարական շրջադարձի սկիզբ։ Կոմիտաս այդ զրոյցներու ժամանակ կը գանգատէր, թէ մեր ժողովրդական քառեակները, իբրեւ բանաստեղծութիւն, յաճախ անմտութիւն կը դառնան, եւ թէ ինք՝ քառեակ մը երգել տալէ ետք, չի գիտեր ի՛նչ երգել տալ, որպէսզի լաւ ըլլայ։ Աբեղեան կը յայտնէ այն կարծիքը, թէ ժողովրդական քառեակները անմտութեան կը վերածուին միայն այն պարագային, երբ աղճատուին։ Աբեղեանի հետ միասին կը յանգին այն համոզումին, որ անհրաժեշտ է նախ հաւաքել, ապա՝ մաքրել, զտել եւ գիտականօրէն մշակել այս ժառանգութիւնը։ Այսպէս ծնունդ կ՚առնէ ժողովրդական երգարանի գաղափարը՝ իբրեւ ազգային մշակութային վերականգնումի նախագիծ։

Նոյն տարուան ընթացքին Կոմիտաս կը սկսի համակարգուած դաշտային աշխատանք մը։ Ճեմարանի աշակերտներուն կը յանձնէ թերթիկներ՝ պատուիրելով արձակուրդին իրենց գիւղերէն գրի առնել տեղական երգերը։ Այս պարզ քայլը կը դառնայ հայկական երաժշտագիտութեան հիմնարար միջոցներէն մէկը եւ յետագային շատ երաժշտագէտներ այսպէ՛ս վարուած են՝ հաւաքելով երգեր եւ խաղիկներ իրենց աշակերտներուն միջոցով։ 

Միեւնոյն ժամանակ Կոմիտասի անունը արդէն կը հնչէ եւրոպական գիտական շրջանակներուն մէջ։ Պերլինի միջազգային երաժշտական ընկերութեան պարբերականներուն մէջ կը հրատարակուին անոր «Հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը» ուսումնասիրութիւնը եւ դասախօսութիւնները։ Ան կը ներկայացնէ հայկական եղանակային համակարգը՝ ապացուցելով, որ եկեղեցական երաժշտութիւնը արմատներով խորապէս կապուած է ժողովրդական երգին։ Այս թեզը, որ յետագային պիտի դառնայ անոր տեսութեան առանցքը, արդէն կը սկսի ձեւաւորուիլ այս տարիներուն։

Ֆրանսացի երաժշտագէտ Փիէր Օպրիի այցելութիւնը նոյնպէս կը դառնայ այս տարուան առանցքային դէպքերէն մէկը։ Օպրին, որ կը ծանօթանայ Կոմիտասի աշխատանքին եւ կը լսէ անոր երգեցողութիւնը, խորապէս կը տպաւորուի՝ գրելով, թէ իր լսածին մէջ զգացած է «հայու հոգիի շունչը»։ Այս վկայութիւնը, այո՛, անձնական գնահատական էր, բայց նաեւ՝ միջազգային ճանաչումի հաստատում։ 

1901. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ
ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԻ ՏԱՐԻՆ

1901 թուականը Կոմիտասի գործունէութեան մէջ կը նշանաւորուի երկու հիմնական ուղղութիւններով՝ միջազգային երկխօսութեան խորացում եւ մանկավարժական համակարգի կատարելագործում։

Փիէր Օպրիի հետ շփումները կը շարունակուին եւ կը վերածուին մտաւորական համագործակցութեան։ Ժամանակի մամուլէն եւ Օպրիի յուշերէն կը տեղեկանանք, որ Կոմիտաս, իր բնակարանին մէջ, անուշահամ թէյի շուրջ, կը քննարկէ հայկական երաժշտութեան տեսութիւնը՝ երբեմն հայերէն, երբեմն գերմաներէն կամ ֆրանսերէն բացատրութիւններով, բայց միշտ՝ երգի միջոցով գաղափարը աւելի ճշգրիտ արտայայտելով։ Այս պատկերը ինքնին կը բացայայտէ Կոմիտասի մտածողութեան էութիւնը՝ երաժշտութիւնը անոր համար լեզու էր։ 

Միեւնոյն ժամանակ ան կը բարեփոխէ Գէորգեան ճեմարանի երաժշտական կրթութիւնը։ Իր կազմած «Տարրական երաժշտութեան տեսական եւ գործնական դասընթաց»ը կը դառնայ նորարար ծրագիր մը, որուն մէջ հայկական եւ եւրոպական համակարգերը կը միաւորուին։ Աշակերտները կը սորվին ո՛չ միայն եկեղեցական երգեցողութիւն, այլեւ՝ խազերգութիւն, երաժշտական ներդաշնակութիւն (հարմոնի) խմբերգ, մեներգ եւ գործիքային նուագում։ 

Այս տարին նաեւ կը նշանաւորուի Կոմիտասի կազմակերպած բազմաթիւ երաժշտական երեկոյթներով, որոնց ժամանակ ան կը ներկայացնէ թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ ժողովրդական երգեր։ Կոմիտաս կը բանախօսէ, կը բացատրէ եւ կը կրթէ ունկնդիրը՝ երաժշտութիւնը հաճոյքէն դարձնելով գիտելիք։

1902. ՅԱՂԹԱՐՇԱՒ ԵՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1902 թուականը Կոմիտասի գործունէութեան մէջ կը ներկայանայ որպէս հասունացման եւ հրապարակային յաղթարշաւի շրջան։ Խրիմեան Հայրիկի կողմէ ան կը պարգեւատրուի «Ծաղկեաց կերպասէ» փիլոնով՝ ի նշան իր բազմամեայ ծառայութեան եւ վաստակի։

Այս տարուան համերգները կը դառնան իրական մշակութային իրադարձութիւններ։ Մարտ 30-ի մեծ համերգը Վաղարշապատի մէջ, որու ընթացքին կը կատարուին 31 երգեր, կը վերածուի ազգային երաժշտութեան հանդիսաւոր ցուցադրութեան։ Կոմիտաս կը ղեկավարէ համերգը, միաժամանակ՝ բացատրելով երգերու ներքին կառուցուածքը եւ հոգեւոր բովանդակութիւնը։ Այս կերպ ան կը ձեւաւորէ ունկնդրի ճաշակը եւ ըմբռնումը։

Այս շրջանին Կոմիտասի աշխատանքը կը սկսի արդիւնաւորուիլ նաեւ հրատարակութիւններով։ Փեթերսպուրկի մէջ կը տպագրուի «Լոռեցիների գութանի հորովել»ը՝ անոր ձայնագրած եւ դաշնակած։

Միեւնոյն ժամանակ Կոմիտաս կը պատրաստէ դպրոցական երգեր՝ երկձայն ներդաշնակութեամբ, որպէսզի ազգային երաժշտութիւնը հասնի նաեւ մանկական կրթութեան մակարդակին։

Կոմիտասի գործունէութիւնը այստեղ կը ստանայ լայն հասարակական նշանակութիւն․ ան կը ձգտի երաժշտութիւնը դուրս բերել նեղ շրջանակներէ եւ դարձնել համաժողովրդական սեփականութիւն։

1903. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐ ԵՒ ԴԱՇՏԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

1903 թուականը կը խորացնէ Կոմիտասի դաշտային եւ գիտական աշխատանքը՝ միաժամանակ ընդլայնելով անոր միջազգային կապերը։

Արշակ Չօպանեանի հետ նամակագրութիւնը կը բացայայտէ Կոմիտասի զգուշաւոր եւ պատասխանատու մօտեցումը հայկական երգերու ներկայացման հարցին։ Ան կը շեշտէ, որ հայ երաժշտութիւնը տակաւին նոր կը ներկայանայ եւրոպական բեմերուն վրայ, ուստի անհրաժեշտ է խիստ ճշգրտութիւն եւ զգուշութիւն, որպէսզի չաղաւաղուի ազգային դիմագիծը։

Այս տարուան ամրան Կոմիտաս կը մեկնի դաշտային աշխատանքներու՝ այցելելով Մասեաց լեռներու շրջանը եւ հաւաքելով քրտական եղանակներ։ Օգոստոսին, ժողովրդական երգեր ձայնագրելու նպատակով Կոմիտաս Սպիրիտոն Մելիքեանի եւ ճեմարանի սաներուն հետ կը մեկնի Խաթունարխ գիւղ՝ ներկայ գտնուելու խաղողօրհնէքի արարողութեան։ «Մասնակցելով տօնակատարութեան, Կոմիտաս վարդապետ իր խումբին հետ կ՚անցնէր օճախէ օճախ, խումբէ խումբ, լարուած ուշադրութեամբ կը լսէր երգերն ու նուագները, կը դիտէր պարերն ու խաղերը եւ քարի մը վրայ նստած՝ գրի կ՚առնէր լսածները։ Ուրիշ տեղ մը կը զրուցէր ուխտաւորներուն հետ, կը կատակէր, երբեմն ալ կ՚ընդունէր մատաղի հիւրասիրութիւնը, որպէսզի չվիրաւորէ ուխտաւորներուն զգացումները», կը գրէ ճեմարանի սան Ս. Բաղիրեան։

Նոյն տարին ան կը հանդիպի աշուղ Ջիւանիին, կը ձայնագրէ անոր երգերը եւ կը պահպանէ անոնք ապագայի համար։ Այս աշխատանքը ունի անգնահատելի արժէք, որովհետեւ կը փրկէ անհետացման եզրին գտնուող ստեղծագործութիւններ։

ՅՈՒԶԻՉ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ (ՅՈՒՆԻՍ 1901)

Մարգարիտ Պապայեանի յուշը Կոմիտասի ձայնին մասին.

Թիֆլիզի երաժշտանոցի նորակառոյց սրահին մէջ, Կոմիտասը առաջին անգամ ըլլալով կ՚երգէ իր մտերիմներուն համար։ Երաժիշտ, իր մտերիմներէն Մարգարիտ Պապայեան այնքան կը յուզուի վարդապետի «արցունքներով շաղախուած» ձայնէն, որ Տիրայր վարդապետը ստիպուած կ՚ըլլայ կանգնեցնել Կոմիտասը՝ ըսելով. «Բաւակա՛ն է, Կոմիտա՛ս, աղջիկը սպաննեցիր»։

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՍԷՐԸ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ (ՅՈՒՆԻՍ 1901)

Պերլինի մէջ Կոմիտաս կը գնէ երաժշտական տեսութեան եւ գործիքագիտութեան ամենաարդիական դասագիրքերը (Լոպէ, Եատասոն, Քեւարտ, Քլինքէր եւ այլն) եւ Վակնէրի օփերաներու նօթագրութիւնները։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ ան Մայր Աթոռին մէջ նստած տեղեակ էր այդ հեղինակներէն եւ քայլ կը պահէր համաշխարհային երաժշտական նորութիւններուն հետ։

ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ (1901)

Էջմիածնի մէջ Ռափայէլ Պատկանեանի կիսանդրիի բացման ժամանակ, Կոմիտասի խումբը կը կատարէ «Տէր, կեցո դու զհայս» օրհներգը։ Ասիկա կը խորհրդանշէ Կոմիտասի մասնակցութիւնը ազգային-հասարակական կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններուն։

Այս շրջանի գիտական գործունէութեան կարեւոր աւարտներէն մէկը եղաւ նաեւ Կոմիտասի «Քրտական եղանակներ» խորագրով յաւելուածի տպագրութեան արտօնութիւնը եւ ի վերջոյ զայն տպագրուեցաւ 1904-ին։ Յաւելւածը ո՛չ միայն երաժշտական, այլեւ ազգագրական բացառիկ արժէք ունեցող հաւաքածու մըն է։ Գրաքննութեան հաստատումով լոյս տեսած այս ժողովածուն կը պարունակէ տասներկու էջ նօթաներ՝ զուգահեռաբար ներկայացուած հայերէն, լատինատառ եւ քրտերէն թեքստերով, ինչ որ աննախադէպ փորձ մըն էր տարածաշրջանային երաժշտութեան բազմալեզու գիտական ձեւակերպման մէջ։

Յաւելուածը հրատարակուած է «Էմինեան ազգագրական ժողովածուի» հինգերորդ հատորին կից՝ որպէս առանձին գիտական յաւելում, եւ կը վկայէ Կոմիտասի այն ձգտումը, որ ժողովրդական երաժշտութիւնը դուրս բերուի բանաւոր փոխանցումի սահմաններէն եւ ստանայ համեմատական-գիտական ամուր հիմք։

Այս նիւթը կը փաստէ նաեւ Կոմիտասի գիտական մօտեցումը՝ զանազան ժողովուրդներու երաժշտութիւնը դիտելու իբրեւ փոխկապակցուած մշակութային համակարգ, որուն մէջ իւրաքանչիւր մեղեդի կը դառնայ պատմական եւ հոգեբանական վկայութիւն մը։ 

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻ
ՈՍԿԷ ՄԱՍՈՒՆՔԸ՝ «ԿԱՐՈՍ ԽԱՉ»Ը 

Նշուած թուականներուն է, որ Կոմիտաս գրի առած է «Կարոս խաչ» վիպերգը՝ հայ երաժշտական ազգագրութեան եւ միջնադարեան բանահիւսութեան ամենաինքնատիպ ու խորհրդաւոր նմոյշներէն մին։

Հայ ժողովուրդի դարաւոր հաւատքին, բնութեան պաշտամունքին եւ բարոյական յաղթանակին խտացումը ամփոփող այս վիպերգը մեզի հասած է շնորհիւ Կոմիտաս վարդապետի անդուլ աշխատանքին։

«Կարոս Խաչը» շուրջ 200 տողնոց վիպերգ մըն է, որ յատկանշական է իր յուզիչ ու միալար յանգով։ Գրեթէ բոլոր տողերը կը վերջանան «ին» յանգով, իսկ իւրաքանչիւր հատուած կը փակուի «Ծառայ կլնիմ Կարոս խաչին» նուիրական ուխտ-տողով։ Ազատ ոտանաւորի ձեւով յօրինուած այս գործին քնարական հնչեղութիւնը զայն կը վերածէ իսկական աղօթքի, որ դարեր շարունակ միաձուլած է երգողն ու սրբութիւնը։

Վիպերգը բաղկացած է երկու հիմնական մասերէ, որոնք կը պատմեն սրբութեան ծննդեան եւ անոր անպարտելի զօրութեան մասին։

Հայ հօտաղները (դաշտի մշակները) տեսակ մը բանջարէ՝ բողէ անունով բոյսէն խաչ մը կը շինեն եւ կը սկսին երկրպագել անոր։ Այս պարզ խաչը հրաշքով կ՚օժտուի գերբնական ուժով, կը թռչի ու կը հաստատուի կարոսի (նեխուրի) ածուին մէջ, ուրկէ ալ կը ստանայ իր վիպական անունը։ Լուրը կը հասնի գիւղի իշխանին, որ ժողովուրդին գլուխը անցած՝ օրհնելով կը շարժի դէպի Կարոս խաչը։ Խաչը կը թռչի եւ կը հանգչի «մեծ քահանայի» գիրկը։ Ան ալ, օրհնութեամբ եւ մեծ թափօրով, զայն կը տանի եւ կը զետեղէ տաճարին մէջ։ Այս անգամ խաչը գիշերը լոյս կը սփռէ տաճարին վրայ, իսկ ցերեկը հով կը բերէ անոր։

Գիւղի գզիրը լուր կը հասցնէ քիւրտ Պարոնին (այլ տարբերակով՝ պարսից խանին), թէ հայոց ազգին մէջ յայտնուած է հրաշագործ խաչ մը, որ անոնց արժանի չէ, այլ արժանի է Պարոնի դիւանին ու բերդին։ Քուրտ Պարոնը կը համոզուի եւ երկու մարդ կը ղրկէ՝ խաչը եկեղեցիէն յափշտակելու, սակայն, խաչը զանոնք կատաղութեան կը մատնէ։

Ապա Պարոնը զօրք կը ղրկէ Կարոս խաչին դէմ, բայց զինուորները զիրար կոտորել կը սկսին։ Մէկ տարբերակի համաձայն՝ Պարոնի ուղարկած մարդը՝ Ալին, կը յաջողի խաչը խլել հայերէն եւ բերել Պարոնին։ Սակայն այդ արարքէն ետք թէ՛ բերողը, թէ՛ Պարոնը, անոր օրօրոցի երեխան, կինը եւ նոյնիսկ գզիրը կը խելագարին ու կատաղութեան կը մատնուին։

Քիւրտ Պարոնը ի վերջոյ կը զղջայ եւ կը խոստանայ մեծ մատաղներ՝ քառասուն լծկան գոմէշ, քառասուն անծին երինջ, քառասուն անծին ոչխար, քառասուն պղինձէ ամանով ոսկի՝ Կարոս խաչին։ Վիպերգի որոշ տարբերակներուն մէջ խաչը չ՚ընդունիր մատաղը եւ Պարոնը ընդմիշտ կը մնայ պատուհասուած։ Իսկ այլ տարբերակներով մատաղը կ՚ընդունուի եւ Պարոնը կը փրկուի պատուհասէն՝ մինչ պատիժը կը ծանրանայ միայն դաւաճան հայ գզիրին վրայ։

«Կարոս խաչ» վիպերգը հայ բանահիւսութեան մէջ պահպանուած է բազմաթիւ տարբերակներով՝ գլխաւորաբար Մշոյ, Մոկաց եւ Վասպուրականի ազգագրական շրջաններուն մէջ։ Անոր աշխարհագրական տարածումը կը սահմանափակուի հիմնականը Վանայ լճի շրջակայ գաւառներով, ինչ որ ցոյց կու տայ վիպերգի արեւմտահայ միջավայրին պատկանելիութիւնը։ Վիպերգի հիմքին մէջ, ըստ տարբեր աղբիւրներու, կը տեսնուի 16-րդ դարուն Սասունի եւ Մոկաց կողմերուն մէջ տարածուած աւանդութիւն մը՝ «Խաչ-պատերազմին»ի մասին, երբ քիւրտ իշխանը կը յափշտակէ խաչը, սակայն, անոր գերբնական ուժէն պատժուելով՝ կամ կը կործանի, կամ կը զղջայ եւ կը վերադարձնէ զայն եկեղեցիին։ Վիպերգը մինչեւ Կոմիտաս քանի մը տարբերակներով տպագրուած է, սակայն, անոր գիտական ու երաժշտական փրկութիւնը կապուած է 1901 թուականի նոյեմբերին Կոմիտասի կատարած աշխատանքին հետ։ Վարդապետը, Սողոմոն Փանոսեանի միջոցով (այլ տեղեկութիւններով՝ Սպիրիտոն Մելիքեանի հետ) հայկական նօթագրութեամբ (խազերու համակարգով) մանրամասնօրէն գրի առած է «Կարոս Խաչ»ի թէ՛ երաժշտութիւնը եւ թէ խօսքերը։

Այդ գրառումը թոյլ տուաւ պահպանել այն հնագոյն մեղեդին ու նրբերանգները, որոնք դժուար էր արտայայտել եւրոպական համակարգով։ 

Յատկանշական է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ սկսած են երգել ու բեմադրել «Կարոս խաչը»՝ կարեւորելով զայն այս օրերուն։ Անիկա կ՚արտացոլացնէ օտար տիրողներու կողմէ հայկական սրբավայրերու կողոպտման պատմական ցաւը եւ ժողովուրդի հաւատքը սրբութեան անձեռնմխելիութեան հանդէպ։

Խաչի կապը բնութեան (կարոսի) հետ ցոյց կու տայ հայու նախաքրիստոնէական ու քրիստոնէական ընկալումներու ներդաշնակ միաձուլումը։

Այսօր «Կարոս խաչը» կը շարունակէ հնչել որպէս դարաւոր ուխտի արձագանգ, որուն իւրաքանչիւր տողին մէջ կայ հայու հոգին ու անկոտրում հաւատքը. «Ծառայ կլնիմ Կարոս խաչին…»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2026