ԱՆՎՀԱՏ ՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Կը տեղեկանանք, որ այս շաբաթավերջին համայնքէն ներս նախատեսուած է ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած է «Յոյս» միութեան ի նպաստ: Այսպէս, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Յոյս» միութեան զօրակցելու նպատակով կազմակերպուած ելոյթը: Երեկոյթի ընթացքին հանդէս պիտի գայ Հայաստանէն՝ Էջմիածին քաղաքէն «Օրթաքեան» պարախումբը: Հարկ է նշել, որ համանուն պարի դպրոցի խումբն է այս մէկը, որ կը գործէ Պետրոս Օրթաքեանի մականին ներքեւ: Այս տարի յիշեալ պարի դպրոցը կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեակը եւ յոբելենական շրջանին կ՚իրականացնէ արտասահմանեան զանազան ուղեւորութիւններ, որոնց ծիրին մէջ է նաեւ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուածը: 

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Յոյս» միութեան ներկայացուցիչները: Այսպէս, մեր հիւրերն էին Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան, միութեան վարչութեան ատենապետ Լեւոն Եըլտըրըմեան եւ գործակից ընկերները: Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը բազմակողմանի տեղեկութիւններ տուին միութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն շուրջ:

Ներկայիս «Յոյս» միութեան գործունէութիւնը բոլորովին նոր հարթութեան մը վրայ է: Յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու կարիքները դիմագրաւելու համար համայնքէն ներս ստեղծուած շարժման մը հիման վրայ ծնունդ առած է «Յոյս»ը, որ վերջերս ձեռք բերած է պաշտօնական կարգավիճակ: «Յոյս»ը պատկան մարմիններուն մօտ արձանագրուած է՝ որպէս միութիւն: Զուգահեռաբար վերջերս գումարուած է ընդհանուր ժողով, որու ընթացքին պաշտօնի կոչուած է նոր վարչութիւն մը: Անցեալ շրջանին «Յոյս»ի կազմաւորման ժամանակահատուածին կարեւոր նուաճումներ արձանագրած կազմի կորիզը պահպանուած է այս փուլին, ինչ որ հաստատութենականացման ճանապարհին կարեւոր նշանակութիւն ունի: Միայն ատենապետի պաշտօնի պարագային եղած է հերթի փոփոխութիւն մը: Այժմ, ատենապետի պաշտօնը ստանձնած է Լեւոն Եըլտըրըմեան: Ընդհանրապէս, «Յոյս»ի ընտանիքը ներդաշնակ ու նպատակասլաց աշխատանք կը տանի, որպէսզի կամաւոր հիմունքներով սկսած այս ճանապարհորդութիւնը հետզհետէ աւելի դրական յաջողութիւններ արձանագրէ: 

Երէկուան զրոյցի ընթացքին «Յոյս»ի վարիչները նշեցին, որ շաբաթավերջի համերգին համար զօրակցութիւն ցուցաբերած են՝ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Սուրբ Յակոբ հայ կաթողիկէ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ու Սաքըզաղաճի Սուրբ Աստուածածին հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը: Այս չորս կառոյցները միացուցած են իրենց հնարաւորութիւնները, որպէսզի «Յոյս»ի տեսակէտէ կարեւոր այս ձեռնարկը տեղի ունենայ: Այստեղ խօսքը միայն հասոյթի տրամադրման չի վերաբերիր, որովհետեւ «Յոյս» միութեան տեսակէտէ նուազ կարեւոր չէ՝ ապահովել նման համախմբում մը, ի յայտ գալ բարձր ձգողականութեամբ եւ շրջապատուիլ համակիրներով: 

«Յոյս»ի պատասխանատուները նշեցին, որ իրենց նորաստեղծ միութիւնը թէեւ ունի նմանութիւններ, սակայն, որոշ առումներով կը տարբերի նաեւ համայնքի մնացեալ միութիւններէն: Արդարեւ, համայնքէն ներս միութիւններու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կամ դպրոցներու շրջանաւարտներու միաւորներ են եւ կամ հայրենակցական հիմունքներով ստեղծուած են: «Յոյս»ի պարագան տարբեր է այն իմաստով, որ միութեան գործունէութիւնը ունի մասնագիտական երանգ մը: 

Նորընտիր վարչութեան ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ «Յոյս» միութեան գործունէութեան առարկան կը հանդիսանան տղաքը. այն տղաքը, որ յատուկ խնամքի կարիքն ունին: Հետեւաբար, միութեան գործունէութեան այս նոր փուլին բոլոր վարչայինները, պատասխանատուներն ու կամաւորները տոգորուած են վերանորոգ զգացումներով եւ ամրապնդուած են իրենց վճռականութեան ու գիտակցութեան մէջ, որպէսզի հնարաւորինս աւելի բարձր թիւով՝ յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու հասնին համայնքէն ներս: 

Հուսկ, հիւրերը զրոյցի աւարտին նշեցին, որ կը փափաքին հանրային կարծիքին առջեւ թափանցիկ գործունէութիւն մը ծաւալել, որպէսզի իրենց աշխատանքներու, գործունէութեան հասունացման զուգահեռ՝ առարկայ դառնան նաեւ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան, ինչ որ չափազանց նշանակութիւն ունի յատուկ խնամքի կարօտ տղոց կարիքներու դիմագրաւման ճանապարհին:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2026