ՀԱՅՐԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Արեւ» օրաթերթը տեղ տալով Դուրեան արքեպիսկոպոսի սպանութեան, իր օրուան թիւին մէջ սպանութիւնը կը նկարագրէ հետեւեալ տողերով. «Տէր Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս Դուրեան, իր կոչումին եւ պարտականութեան նուիրուած ամենավսեմ մէկ վայրկեանին, երբ մէկ ձեռքը խաչ եւ միւսը բուրվառ առած, սիրտէն ու շրթներէն աղօթք եւ օրհնութիւն ծորելով՝ Տիրոջ Ս. Սեղանը կը վերելակէր շարունակելու համար Ս. Պատարագը՝ իբրեւ նոր Զաքարիա մարգարէ մը, դաշունահար կ՚իյնայ սեղանի աստիճաններուն վրայ: Եթէ մահը վայրկենական չըլլար եւ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս կարենար խօսք մը արտասանել՝ ես վստահ եմ, թէ մեր սիրելի սրբազանը իր սովորական անյիշաչարութեամբ Սուրբ Ստեփանոսի պէս պիտի գոչէր. «Հա՜յր, թո՛ղ դոցա զի ոչ գիտեն զինչ գործեն»: 

Ղեւոնդ արքեպիսոկոպոսի հայրենասէր ըլլալ չըլլալը հասկնալու համար կը բանանք իր քարոզները. ան այդտեղ ազգի մասին բազմաթի՜ւ բաներ ունի ըսած. «Զօրեղապէս կազմակերպուած ազգի մը նշանաբանը պէտք է ըլլայ «մէկը ամէնուն եւ ամէնը մէկուն». միասնութեան այս կոչը բարձրաձայնող սրբազանը նոյն այդ անմիասնականութեան զոհ դարձաւ: 

Շատեր Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսը «նահատակ» կը նկատեն. անձ՝ որ զոհը գնաց իր միտքերուն, իր համոզումներուն, սակայն, տեղ մը անոր համար հայրենասիրութիւնը այդ զոհողութիւնը կը պահանջէր։ «Ճշմարիտ հայրենասէրը այն է, որ հայրենիքի փառքի եւ մեծութեան համար զոհուած է, որ իր եսը մոռնալով միայն խորհած է հայրենիքի ապահովութիւնը, իր եղբայրներուն փրկութիւնը եւ երջանկութիւնը եւ այդպիսի պայմաններու մէջ զոհողութեամբ ըմբռնուած հայրենասիրութիւնը հայրենիքի կրօնն է»: 

Անշուշտ, այս սպանութեան պահով իր կարծիքը կը յայտնէ նաեւ կաթողիկոսն ու ամբողջ կաթողիկոսութիւնը։ Օրուան «Հասկ» ամսագիրին մէջ կը կարդանք. «Կը դատապարտենք, որովհետեւ եղբայրասպանութիւնը դատապարտելի է ինքնին. որովհետեւ գաղափարի եւ կարծիքի տարբերութեան համար մարդ չի սպաննուիր: Որովհետեւ եկեղեցին սրբավայր մըն է, եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի ոճիր գործել հոն՝ մարդ սպաննելով: Կը դատապարտենք, որովհետեւ այս ոճրագործութիւնը նախատինք մըն է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դէմ, հայ ժողովուրդի մաքուր եւ երկիւղած զգացումներուն դէմ, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան եւ անոր վերին իշխանութեան դէմ»: 

Այս բոլորը ներկայ Հայաստանի մէջ մեզի հետեւեալները մտածել կու տան. 

Իւրաքանչիւր մարդու համար հայրենասիրութիւնը տարբեր հասկացողութիւն եւ իմաստ ունի եւ հետեւաբար մարդ իր համոզումներուն հիման վրայ հայրենասիրութեան ինչ ըլլալուն վերաբերեալ չափանիշ մը չի՛ կրնար «ստեղծել։ Մեզմէ ո՞վ աւելի հայրենասէր է՝ ո՛չ մենք եւ ո՛չ ալ հասարակութիւնը կրնայ որոշել, որովհետեւ իւրաքանչիւրին համար այդ մէկը տարբեր պատկեր մը ունի. օրինակի համար, տասնամեակներ առաջ հայ դատի համար իրենք զիրենք պայթեցուցած երիտասարդներու արարքը շատերու համար հերոսութիւն, իսկ ուրիշներու համար ահաբեկչութիւն էր. շատերու համար գովելի՝ իսկ ուրիշներու համար ապարդիւն էր։ Չենք կրնար նստիլ ու անոր ճիշդ ինչ ըլլալը որոշել, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը գաղափար է եւ գաղափարները թուաբանական հաշիւներու պէս նոյն արդիւնքը չի տար: Եթէ մեր ազգի բոլոր կուսակցութիւնները ի մի խմբէք, պիտի տեսնէք, որ գաղափարապէս նոյն բանը կը ցանկան. ազատ ու անկախ զօրաւոր Հայաստան մը ունենալ, սակայն, միւս կողմէ կը զարմանաս, որ նոյն բանը ուզող այս հաւաքականութիւնը ինչպէ՞ս կը յաջողի հազար ու մէկ տարբեր բաներ ընել՝ նոյն նպատակին հասնելու համար։ Եթէ իրապէս նպատակը այդ գաղափարին հասնիլ է, աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր իրարու հետ աւելի հաստատ ու ամուր քայլերով առաջնորդուիլ այդտեղ: Սակայն, այստեղ հարցը ուրիշ է. այստեղ անունի հարց մը գոյութիւն ունի. մեր կուսակցութիւններուն համար նպատակին հասնելէ շատ աւելի կարեւոր է անունը. ո՞վ հասցուց, ո՞վ ըրաւ… Եղբա՛յր հիմնականը նպատակը իրականանայ, ունենանք ազատ ու անկախ հզօր Հայաստանը՝ ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՛վ էր հեղինակը այդ յաղթանակին։ Վերոյիշեալ բոլոր խնդիրները պիտի վերանան, երբ մենք սկսինք կուսակցականի կամ այս կամ այն գոյնի աչքերով դիտելու տեղ, սկսինք դիտել ազգի հարցերով: 

Մեր կուսակցութիւնները չկրցան հասկնալ, որ պատերազմի դաշտին վրայ թշնամին հայուն ինչ գոյն ըլլալուն չի՛ նայիր. չ՚ըսեր հանրապետական հայը չսպաննեմ, սակայն, սպաննեմ հնչակեանը կամ ուրիշը։ Ապրելու եւ չապրելու այս գոյամարտին մէջ մենք ունինք միայն մէ՛կ գոյն. ՀԱՅի գոյնը։ Մեր կուսակցութիւնները իրարու հանդէպ ունեցած իրենց ատելութիւնը եթէ կեդրոնացնէին թշնամիին վրայ, մենք այսօր շատ աւելի տարբեր եւ ուժեղ Հայաստանի մը տէր կրնայինք դառնալ. տասնամեակներ շարունակ մենք մեր ուժը միախմբելու փոխարէն, զանոնք գործածած ենք իրարու դէմ պայքարելու, զիրար ոտնակոխ ընելու համար: 

Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս Դուրեանի սպանութիւնը իր մէջ ունի միայն մէկ դրական կողմ, սակայն, մենք այդ դրական կողմը զոհողութիւններով հանդերձ չենք տեսներ։ Դրական միակ կողմը մեր դասեր քաղելն է, որովհետեւ անցեալը կ՚օգնէ, որպէսզի մեր ապագան կառուցենք։ Այնպէս ինչպէս Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի սպանութիւնը մեր ազգին «օգուտ» մը չտուաւ, նոյնպէս մերօրեայ անիմաստ պայքարները օգուտ մը պիտի չտան։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ամենայն թագաւորութիւն բաժանեալ յանձն իւր աւերի». մենք այդ աւերակներուն մէջ ենք այսօր:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Արուեստագէտներ, գրողներ եւ գիտնականներ կան, որոնք իրենց անձով եւ կեանքով շատ աւելի կ՚արժեն քան արտադրուած գործը: Այն յորդահոս աղբիւրներուն նման, որոնց յարատեւ բխումը փոխանակ յուռթի դաշտեր արգասաւորելու, ընդարձակ կարելիութիւններ կը ցուցադրէ եւ երգի եւ շարժումի հմայիչ պատկերներ կը ստեղծէ՝ ձորերն ի վար իր վազքին մէջ:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2026