ԴՈՒԻՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ՝ 506

Ս. Յովհաննէս Ա. Մանդակունի Կաթողիկոսի (478-490) յաջորդեց անոր աշակերտ Բաբգէնը՝ որու հայրապետութեան ժամանակ Կաւատ Ա. արքան կրկին հալածանք հանեց քրիստոնէութեան դէմ եւ Վահան ստիպուեցաւ ընդդիմութիւն ցոյց տալ։ Հալածանքը դադրեցաւ 499 թուականին եւ այս միջոցին Վահանն ալ վախճանեցաւ։

Բաբգէն Կաթողիկոսի գործերէն նշանաւորն է 506 թուականին գումարած Դուինի (կամ Վաղարշապատի) ազգային ժողովը՝ որ հայ պատմութեան մէջ շատ մեծ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ։ Այս ժողովը գծեց հայ ազգի եւ եկեղեցւոյ ապագայ կեանքի ուղին։ (Ժողովի գումարման տեղի նկատմամբ տարբեր կարծիք կան, որովհետեւ «Քաղաքուդաշտը»՝ ոմանք Վաղարշապատ կը հասկնան, իսկ ուրիշներ կը հասկնան Դուին)։ Դուինի ժողովի վճիռը եւ դաւանութիւնը իբրեւ ժողովական գործ մնացած չէ՛ հայ եկեղեցական գրականութեան մէջ, եւ այս պատճառով՝ հիմնուելով «Թղթոց Գիրք»ի վրայ՝ կը կարծուի, թէ այս ժողովը միմիայն «նեստորական»ները նզովեց։ Բայց այս կարծիքը հիմնաւոր չէ, քանի որ Բաբգէնի նամակներու մէջ արդէն պարզաբար կը յիշատակուի Քաղկեդոնի ժողովը իբրեւ ո՛չ ուղղափառ, 100 տարի վերջ Աբրահամ Կաթողիկոս կը բերէ իբր դատապարտութիւն «Քաղկեդոն»ի…

Բաբգէն Ա. Ոթմսեցի Կաթողիկոսէն (490-515) ետքը ժամանակակից պատմիչները գրեթէ կը լռեն։ Արդէն Զ. դարու հայ ազգային եւ եկեղեցական պատմութիւնը շատ շփոթ է, որովհետեւ կանոնաւոր աղբիւրները կը պակսին։ Բաբգէն Կաթողիկոսէն ետք կը յիշուին միայն հինգ կաթողիկոսի անուններ. Սամուէլ Ա. Արծկեցի (516-526), Մուշէ Ա. Այլաբերցի (526-534), Սահակ Բ. Ուղկեցի (534-539), Քրիստափոր Ա. Տիրառիջցի (539-545), Ղեւոնդ Ա. Եռաստեցի (545-548)։ Այս կաթողիկոսներու կեանքին եւ գործունէութեան մասին բան մը չեն գրեր հայ պատմիչները։

Այս կաթողիկոսներէն առաջինը՝ Սամուէլ կը կարծուի, թէ Բզնունեաց գաւառի եպիսկոպոսն էր եւ Մանազկերտացիներու կամ Աղբիանոսներու ընտանիքէն։ Իսկ ամենէն նշանաւոր անձնաւորութիւնն է Քրիստափորը։ Անոր մասին օտար պատմիչներ, մասնաւորապէս ասորիներ, բաւական տեղեկութիւններ կու տան։ Քրիստափորի օրով բոլոր քրիստոնեայ ասորիները մէկ քանի խումբի բաժնուած էին։ Անոնցմէ շատերը Նեստորական էին եւ կը քարոզէին իրենց դաւանանքը, կը հալածէին իրենց հակառակորդները, իսկ մնացեալ ասորիները սկսած էին բաժնուիլ ուրիշ կրօնական կուսակցութիւններու։ Հայոց կաթողիկոսը նամակներ կը գրէ ասորի «ուղղափառներ»ուն, որպէսզի զգուշանան նեստորականներէն, ապա անձամբ կը ճամբորդէ դէպի Պարսկաստան, Միջագետք, Վերին Ասորիք, եւ այդ տեղերուն մէջ ասորի եպիսկոպոսներ կը ձեռնադրէ։ Հայոց Եկեղեցիին ազդեցութիւնը երթալով աւելի կ՚աճի ու կը զարգանայ Արեւելքի մէջ։

Զ. դարուն նշանաւոր եկեղեցականներէն եւ կաթողիկոսներէն մէկը կ՚ըլլայ Ներսէս Բ. Բագրեւանդցին (548-557), որ Բագրեւանդ (=Ալաշկերտ) գաւառի Աշտարակ գիւղէն էր։ Ան կը ներկայանայ որպէս բարեկարգիչ եւ կազմակերպիչ անձնաւորութիւն մը։ Ան կաթողիկոսական աթոռը կը բարձրանայ շուրջ 548-ին։ Իրեն օրով հայերը՝ պարսից իշխանութեան տակ՝ կը կառավարուէին պարսիկ մարզպաններով՝ որոնք շատ անգամ հալածանք կը հանէին։ Այդ հալածանքներու միջոցին նահատակուած են Մանաճիհր Ռաժիկ (մկրտութեան անունն էր Գրիգոր) պարսիկը 548-ին, եւ Յեգտիրուզտ (Աստուածատուր), որուն հին անունն էր Մախոժ, որ կը մարտիրոսանայ Դուինի մէջ՝ Վշնաս Վահրամ մարզպանին հրամանով։

Ներսէս Բ. Կաթողիկոսի ժամանակ, 554-ին գումարուած է Դուինի Բ. ժողովը, անոր նախագահութեան տակ։

Այդ ժողովին մէջ կը կատարուին հետեւեալները.

ա) Տոմարի կարգադրութիւնը. 552 թուականին բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիները իրենց առջեւ կ՚ունենան Զատիկի խնդիրը։ Իրենց տոմարները մինչեւ այդ թուականը շինուած ըլլալով, անկէ ետք կը խանգարուին կարգերը։ Նոյն բանը կը պատահի հայերուն համար։ Ուստի, 554 թուականին գումարուած այդ ժողովին մէջ առ ժա-մանակեայ, 15 տարուան, կարգադրութիւն մը կ՚ընեն, որպէսզի բոլոր Հայ Եկեղեցիները միասին, մէկ օր եւ կանոնաւոր կերպով տօնեն Զատիկը։

բ) Նոյնպէս Դուինի ժողովին մէջ կը դնեն նաեւ կարգ մը բարեկարգական կանոններ. 38 հատուած։ Այդ 38 կանոնով կ՚արգիլեն վանականներուն՝ վաճառականութիւն կամ առեւտուր ընել, քահանաներուն՝ շահախնդրութեամբ անչափահասներու պսակ կատարել, իրենց պարտականութիւններէն թերանալ եւ այլն։  38 կանոնին վերջինը կը տրամադրէ ամիսը շաբաթ մը պահք պահել։ Մինչեւ հիմա կը գործադրուին եւ սովորական են անոնք, որ շաբաթ օրը տօնուող սուրբին անունով կը կոչուին շատ անգամ։ Ասոնք են. Եղիական պահք, Լուսաւորչի կամ Ամարայնոյ պահք, Վարդավառի, Աստուածածնի, Խաչի, Վարագայ Խաչի, Յիսնակաց, Ձմերայնոյ կամ Ս. Յակոբայ, Յայտնութեան, Առաջաւորաց կամ Ս. Սարգիսի պահքերը։ Իսկ 11 եւ 12-րդ շաբաթապահքերը Քառասնորդական կամ Մեծ պահքին հետ միացած են։

Ներսէս Բ.-ի ժամանակ, ինչպէս ըսուեցաւ, ասորիները բաժնուած էին կրօնական մէկ քանի հատուածներու, ոմանք Նեստորական էին, ուրիշներ՝ Քաղկեդոնական, իսկ մնացեալ մեծ մասը Ուղղափառ։ Նեստորականները աւելի տարածուած էին Արեւելքի մէջ, մասնաւորաբար Մծբինի մէջ, քաղկեդոնականները՝ Անտիոքի շուրջը, իսկ ուղղափառները՝ Եդեսիայի մէջ եւ շրջակաները, Վերին Միջագետքի մէջ։ Ուղղափառները Զ. դարուն առաջին կիսուն բաժնուեցան երկուքի՝ Յուլեանիտեան եւ Սեւերեան կուսակցութեան։

Այս երկու կուսակցութիւնն ալ կ՚աշխատէին մօտենալ հայոց կաթողիկոսին եւ ցոյց տալ, թէ իրենք Հայոց Եկեղեցիին ընդունածը կը քարոզեն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 15, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026