ԽԱՂԱՔԱՐՏԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Փեքին այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին: Թրամփի եւ Չինաստանի պաշտօնակցին՝ Շի Ծինփինկի գագաթաժողովի ականադաշտը հորիզոն կը բանայ՝ կողմերու խաղաքարտերու հետքով խորհրդածութիւններու համար: Արդարեւ, Իրանի պատերազմէն մինչեւ Թայուանի ճակատագրական խաչմերուկը ԱՄՆ-ի անկայուն քայլերն ու Չինաստանի ռազմավարական առաւելութիւնը կը պայմանաւորեն միջազգային այժմու հաւասարակշռութիւնները:
Ամերիկեան վերլուծական շրջանակներու մօտ կայ կարծիք, թէ Շի Ծինփինկ շատ աւելի խաղաքարտեր ունի Տանըլտ Թրամփի բաղդատմամբ։ Թրամփ կը հաշուարկէր, որ Չինաստան ազդեցութիւն գործէ Իրանի վրայ եւ զինք դուրս բերէ իր իսկ ստեղծած առկայ ճգնաժամէն: Յամենայնդէպս, Թրամփի վճարելիք գինը կրնայ ակնկալուածէն շատ աւելի բարձր ըլլալ՝ ներառեալ Թայւանի պարագան: Թրամփ կը փշրէ միջազգային կարգը՝ գրեթէ առանց մտածելու հետեւանքներուն մասին։ Իրանի դէմ պատերազմէն ամիսներ անց ան յայտնուած է բարդ վիճակի մը մէջ եւ չունի յստակ ռազմավարութիւն, գործնական ծրագիր կամ հետեւողական նպատակներ։ Իր ուժի զգացումին մէջ մոլորուած՝ անկանխատեսելի կերպով կը տեղափոխուի մէկ փխրուն շրջանէն միւսը, պատերազմական լարուած գօտիէն ուրիշ բարդ աշխարհաքաղաքական ճգնաժամ մը՝ իր ետին թողելով քաոս, շփոթ եւ աւերակներ։ Սովորաբար, ան կեղծ յաղթանակ մը կը հռչակէ, ուրիշներէ կը պահանջէ վերաշինել իր քանդածը եւ ծախսերը վճարել։
Այս բոլորը հաշուի առնելով յստակ է, որ Թրամփի միջազգային նոր ականադաշտը պիտի մտնէ Չինաստանը՝ մանաւանդ Թայուանի կնճիռը: Ուքրայնայի, Կազզէի, ՆԱԹՕ-ի, Կրինլենտի եւ, անշուշտ, Իրանի եւ Լիբանանի կտրուածքներով քաղաքական ձախողումներէն ետք, օգնութեան կարօտ Թրամփ դիւանագիտական յաջողութիւն պիտի փնտռէ՝ ներքին քաղաքական շահու համար։ Բայց, սպասած առեւտրական համաձայնութիւնները այժմ ստուերի տակ մնացած են՝ իր հրահրած նոր պատերազմին պատճառով։ Ան փորձեց Շի Ծինփինկէն խոստում ստանալ, որպէսզի Չինաստան զէնք չմատակարարէ Իրանին, եթէ յանկարծ լայնածաւալ պատերազմը կրկին բռնկի: Թրամփ կ՚ակնկալէ նաեւ Չինաստանի օգնութիւնը՝ Հիւրմիւզի ջրանցքը բաց պահելու համար։
Փեքինի վերջին գագաթաժողովէն առաջ Թրամփի տկար դիրքը աւելիով կը խթանէր այն ենթադրութիւնները, թէ Թայուանի դէմ ամերիկեան աջակցութեան նուազումը կրնայ դառնալ Շի Ծինփինկի պահանջած գինը։ Չինացի ղեկավարը շատ լաւ գիտէ, որ Իրանի պատերազմը ամերիկացի ընտրողներու աչքին դարձած է խոր անյաջողութիւն մը։ Թրամփ լայնօրէն մեղադրուած է՝ համաշխարհային ուժանիւթի, սննդամթերքի եւ դեղօրայքի գիները բարձրացնելու համար։ Եւրոպացի դաշնակիցները մերժած են զինք փրկել, մինչ Ռուսաստան կ՚օգտուի նաւթի գիներու բարձրացումէն, իսկ աւելի աղքատ երկիրները կը շարունակեն կրել ծանր հետեւանքներ։ Ռազմական ճակատին վրայ եւս Թրամփ յաղթանակ մը չկրցաւ ունենալ ու երեւելի է արդէն, որ իր հնարած թերատի եւ փոփոխական «խաղաղութեան ծրագիր»ը յայտնուած է բարդագոյն վիճակի մը մէջ։ Ան յուսահատ կերպով կը փափաքի դուրս գալ իր ստեղծած ճահիճէն եւ նուազեցնել Շի Ծինփինկի գերակայութիւնը։
Միւս կողմէ, Չինաստանի ընդհանուր հայեացքի դիտարկումը յայտնի կը դարձնէ, որ Թրամփ Փեքինի տեսակէտէ իսկական պարգեւ մըն է։ Անոր շնորհիւ ԱՄՆ աւելի ու աւելի կ՚ընկալուի՝ որպէս նախայարձակ թշնամի կամ անվստահելի դաշնակից։ ԱՄՆ-ի ազդեցութեան անկումը Չինաստանի շահն է։ Թրամփի անկայուն վարքագիծը կ՚օգնէ, որպէսզի Շի Ծինփինկ Չինաստանը ներկայացնէ՝ որպէս համաշխարհային կայունութեան նոր պաշտ-պան։ Իրանի ճգնաժամը նաեւ ամերիկեան ուժերը հեռացուցած է Ասիայէն՝ Միջին Արեւելք տեղափոխելով երկու ռազմածովային հարուածային խմբաւորումներ, ինչ որ կը նուազեցնէ Թայուանը եւ տարածաշրջանի դաշնակիցները պաշտպանելու ԱՄՆ-ի ապագայ կարողութիւնը՝ Չինաստանի հաւանական յարձակման մը պարագային։
Այս բոլորով հանդերձ, առկայ պատերազմը բացասական ազդեցութիւն ունի նաեւ Չինաստանի տնտեսութեան վրայ, որովհետեւ կը բարձրացնէ ուժանիւթի գիները, վնաս կը հասցնէ համաշխարհային առեւտուրին եւ արտածման պահանջարկին։ Անցեալ տարի Իրանի նաւթի արտածումներու շուրջ 80 տոկոսը գացած էր Չինաստան, իսկ այժմ ամերիկեան նաւատորմը կը փորձէ խափանել այդ մատակարարումները։ Մինչեւ հիմա Փեքին կրցած է մեղմացնել հետեւանքները՝ օգտագործելով իր պաշարները, զարգացնելով կանաչ ուժանիւթը եւ աւելի շատ նաւթ գնելով Ռուսաստանէն եւ Պրազիլէն։ Բայց, աշխարհի ամենէն մեծ նաւթ ներածողին համար Հիւրմիւզի ջրանցքով անվտանգ նաւարկութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի։
Այս եւ այլ պատճառներով, Չինաստան զանազան առիթներով ԱՄՆ-ին եւ Իրանին կոչ ուղղած է վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան։ Այս առումով էր, անշուշտ, որ Փեքին անցեալ շաբաթ ուղիղ բանակցութիւններ կազմակերպեց Թեհրանի հետ: Չինաստան, որ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, կ՚աջակցի նաեւ Փաքիստանի միջնորդութեան։ Այս ընթացքով ան կը յիշեցնէ Սէու-տական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնումը (2023-ին), իր «մաքուր» նախաձեռնութիւնն էր։ Շի Ծինփինկ վերջերս զգուշացուց «անտառի օրէնք»ին վերադարձի դէմ՝ ըսելով. «Միջազգային իրաւունքը պահպանելու համար չենք կրնար զայն օգտագործել միայն երբ մեզի ձեռնտու է եւ անտեսել, երբ մեզի ձեռնտու չէ»։
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ ընդհանրացած է այն կարծիքը, թէ Իրանի դէմ ԱՄՆ-Իսրայէլ յարձակումը վախ պատճառած է Շի Ծինփինկին եւ եթէ պատերազմը յաջողած ըլլար, ապա կրնար զսպել Չինաստանի ձգտումները՝ Թայուանի ու Հարաւային Չինական ծովուն մէջ: Փոխարէնը, Թրամփ բացայայտեց ամերիկեան ուժի սահմանափակումները՝ թէ՛ ռազմական եւ թէ քաղաքական առումով։ Թէեւ Շի Ծինփինկ կը նախընտրէ խաղաղ լուծում մը, սակայն, իր առաջնահերթութիւնը չէ Տանըլտ Թրամփը Միջին Արեւելքի ճահիճէն դուրս բերելը։ Եւ եթէ ուզէ, ան ունի այն միջոցները, որոնցմով կրնայ երկարաձգել ԱՄՆ-ի մղձաւանջը՝ գաղտնի ռազմական աջակցութիւն տրամադրելով Իրանին՝ ինչպէս որ կատարած է Ռուսաստանի պարագային Ուքրայնայի մէջ։
Թրամփ, որ կը սիրէ պարծենալ, թէ բոլոր խաղաքարտերը իր ձեռքին մէջ են, կրնայ պարզել, որ Շի Ծինփինկի հետ հանդիպելու պահուն խիստ պակասն ունէր այդ խաղաքարտերէ շատերուն։ Ասիկա վկայութիւն մըն է այն աշխարհաքաղաքական խառնաշփոթին, զոր ստեղծեց ինք։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Թրամփի կողմէ վաւերացուած ԱՄՆ-ի ազգային պաշտպանական ռազմավարութիւնը կ՚արձանագրէ, որ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոսի տարածաշրջանին մէջ Չինաստանը զսպելը ԱՄՆ-ի գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է։ Սակայն, Թրամփ Միջին Արեւելքի իր մոլուցքներով ծանրապէս տկարացուցած է ամերիկեան դիրքը։ Եւ ինչպէս միշտ, ուրիշներ կրնան վճարել անոր սայթաքման գինը։ Ահա թէ ինչո՛ւ Թայուանը, ինչպէս նաեւ Ճաբոնը, Հիւսիսային Քորէան եւ Փիլիպեանները մտահոգուելու լուրջ պատճառ ունին։
Թրամփի անկայուն քայլերը եւ Փեքինի ռազմավարական առաւելութիւնը ստեղծած են գրեթէ առարկայական պատկեր մը: Ամերիկեան վերլուծական շրջանակներու համոզմամբ՝ Թրամփ Փեքին այցելեց՝ գիտակցելով, որ Չինաստան ունի աւելի լայն ռազմավարական լծակներ։ Այս համատեսքին մէջ ԱՄՆ կը փորձէ Չինաստանի ազդեցութիւնը օգտագործել Իրանի հարցով՝ դուրս գալու համար Միջին Արեւելքի ճգնաժամէն։ Սակայն, այսպիսի քայլի մը գինը կրնայ ներառել Թայուանի շուրջ զիջումներու վտանգաւոր քննարկում մը։
Թրամփի արտաքին քաղաքականութիւնը կը բնորոշուի անկայունութեամբ եւ ռազմավարական շարունակականութեան պակասով, ինչ որ զինք մղած է բազմաթիւ ճգնաժամերու միջեւ տատանելու՝ առանց կայուն ելքի։ Այս իրավիճակը կը խորացնէ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական անորոշութիւնը եւ կը թուլացնէ վստահութիւնը դաշնակիցներուն մօտ։
Միեւնոյն ժամանակ, Չինաստան-Թայուան լարուածութիւնը կը վերածուի նոր ականադաշտի, ուր ԱՄՆ-ի Միջին Արեւելքի ներգրաւուածութիւնը կը սահմանափակէ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոսի տարածաշրջանին վրայ վերահսկողութեան կարողութիւնը։ Վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Փեքինի դիրքերը այս իրավիճակէն առաւել կ՚ուժեղանան։ Սակայն, Չինաստան եւս զերծ չէ կորուստներէ. ուժանիւթի բարձր գիները եւ համաշխարհային առեւտուրի անկայունութիւնը կը վնասեն անոր տնտեսական շահերուն, ինչ որ կը մղէ Փեքինը աւելի շատ շեշտելու բանակցային լուծումները։
Իրական առանցքը կը մնայ Թայուանը. հարց մը, որ կը շարունակէ սահմանել ԱՄՆ-Չինաստան մրցակցութեան եզրերը եւ կը դառնայ տարածաշրջանային կայունութեան դէմ հիմնական վտանգը։
Այս ամբողջին մէջ Թրամփի անկանխատեսելի քաղաքական գիծը կը շարունակէ աւելցնել անորոշութիւնը՝ խորացնելով մեծ տէրութիւններու միջեւ ռազմավարական մրցակցութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան