ԹՐԱՄՓ-ՄԵՐՑ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց ունեցան հեռախօսազրոյց մը: Այս առթիւ երկու ղեկավարները քննարկեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ Իրանի շուրջ հակամարտութեան վերաբերեալ հարցեր:
ԱՄՆ-Պերլին առանցքին վրայ, ամենաբարձր մակարդակով ծաւալուած քննարկումը զուգադիպեցաւ Տանըլտ Թրամփի դէպի Չինաստան ուղեւորութենէ վերադարձին: Մերց տեղեկացուց, որ լաւ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Թրամփի հետ: «Մենք միասնական ենք մեր դիրքորոշման մէջ: Իրան պէտք է անյապաղ նստի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Ան պարտաւոր է բանալ Հիւրմիւզի ջրանցքը: Թեհրանին պէտք չէ թոյլատրուի միջուկային զէնք ունենալ», նշեց Մերց ընկերային ցանցերու վրայ:
Ի լրումն այս բոլորին, Գերմանիոյ վարչապետը նշեց, որ ԱՄՆ-ի նախագահին հետ քննարկած են նաեւ Ուքրայնայի իրադրութեան խաղաղ կարգաւորման խնդիրները: Կողմերը համաձայնեցուցած են իրենց դիրքորոշումները՝ Անգարայի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ընդառաջ:
«ԱՄՆ եւ Գերմանիա ուժեղ գործընկերն են ՆԱԹՕ-է ներս», ընդգծեց Ֆրիտրիխ Մերց: