ԴԷՊԻ ԵՐԿՐՈ՞ՐԴ ՍԱՅՔՍ-ՓԻՔՕ…

16 մայիս 1916-ին, այսինքն՝ 110 տարի առաջ, կնքուեցաւ գաղտնի համաձայնագիր՝ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Օսմանեան կայսրութեան տիրոյթներու բաժանման մասին:
Աշխարհաքաղաքական այս իրադարձութիւնը մեր յիշողութեան մէջ թարմացնելու համար՝ քանի մը արագ անդրադարձներ:
Վերոյիշեալ համաձայնագրի նախագիծը այն ատեն պատրաստեցին անգլիացի եւ ֆրանսացի դիւանագէտներ՝ Սըր Մարք Սայքսն (1879-1919) ու Ֆրանսուա Ժորժ Փիքոն (1870-1951): Եւ այստեղէն կու գայ Սայքս-Փիքօ անուանումը: Լոնտոնի մէջ համաձայնագրին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրին Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտուըրտ Կրէյն (1862-1933) ու Ֆրանսայի դեսպան Փոլ Քամպոնը (1843-1924), վերոյիշեալ թուականին:
Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին՝ 1915-ին, անգլօ-ֆրանսեւռուսական գաղտնի համաձայնագրին նախորդած բանակցութիւններու ժամանակ, Անգլիան եւ Ֆրանսան՝ Ռուսաստանէն որպէս փոխհատուցում Կ. Պոլսոյ ու նեղուցներու դիմաց, կը պահանջէին ճանչնալ իրենց յաւակնութիւնները արաբական երկիրներու նկատմամբ: Արաբական երկիրներու բաժանման շուրջ առկայ տարաձայնութիւնները համակարգելու նպատակով, Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան 1915-ի նոյեմբերին սկսան նոր բանակցութիւններ: Երբ 1916-ի փետրուարին ռուսական բանակը գրաւեց Էրզրումն ու Պիթլիսը եւ մօտեցաւ Միջագետքի մատոյցներուն, դաշնակիցները շտապեցին իրենց կայացուցած համաձայնութեան մասին տեղեակ պահել Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Սազոնովը (1860-1927): Վերջինը, իր որոշ դժգոհութիւնը կը յայտնէր, թէ այդ նախագիծով Մեծն Բրիտանիան ու Ֆրանսան թէեւ ձեռք կը բերէին Օսմանեան զգալի տարածքներ, բայց ռուսերուն համար առաջնահերթը Կ. Պոլսոյ ու նեղուցներու ռազմակալման հարցն էր:
Միւս կողմէ, «Հայաստան» եւ «Հայկական հարց» եզրոյթները կը բացակայէին փաստաթուղթին մէջ: Հետա-քըրքրական էր այն փաստը, որ թէեւ անգլեւֆրանսական կողմը կը ճանչնար հայաբնակ պատմական շրջաններու անցումը Ռուսաստանին, սակայն բրիտանական կառավարութեան լիազօր Սըր Մարք Սայքսը Ռուսաստանի մէջ իր երկրի դեսպան Ճ. Պիւքէնէնին յղած գրութեան մէջ (12 մարտ 1916) անհնար կը նկատէր ո՛չ միայն Հայաստան պետութեան ստեղծումը, այլեւ հայկական վիլայէթներու յանձնումը Ռուսաստանին:
Եռակողմ քննարկումներէ ետք, 9 մարտ 1916-ին, դաշնակիցները կը ստանային Ռուսաստանի համաձայնութիւնը Օսմանեան կայսրութեան բաժանման վերաբերեալ՝ հաւաստելով ռուսերու իրաւունքները Կ. Պոլսոյ ու նեղուցներու, ինչպէս նաեւ հայաբնակ պատմական շրջաններու նկատմամբ: Կիլիկիան, Փոքր Հայքն ու արաբական տարածքները ենթական էին անգլօ-ֆրանսական բաժանման: Անգլիականը՝ «Կարմիր գօտի», ֆրանսականը՝ «Կապոյտ գօտի»: «A» ու «B» գօտիները նոյնպէս ճանչցուեցան համապատասխանաբար Ֆրանսայի ու Մեծն Բրիտանիոյ ազդեցութեան ոլորտներ: Ամիսներ անց Օսմանեան քարտէսի վրայ ի յայտ եկան Կանաչ (հարաւ-արեւմտեան Անատոլու) ու «C» (Անատոլուի կեդրոնական մասը) գօտիները, որոնք բաժին պիտի իյնային դաշնակիցներուն միացած Իտալիոյ:
Առանց զառածելու այլ մանրամասնութիւններու մէջ, ընդգծենք նաեւ, թէ Արեւմուտքի առաջնորդները Օսմանեան կայսրութեան կազմաքանդման մասին աւելի յստակ ու բացայայտ սկսան խօսիլ ցարիզմի տապալումէն՝ 27 փետրուար 1917-էն ետք:
Արդ, Սայքս-Փիքօ համաձայնութեան ստորագրումէն ուղիղ 110 տարի ետք, քուլիսներու եւ մութ փակուղիներու մէջ ի՞նչ կը նիւթուի միջին-արեւելեան (եւ ո՛չ միայն միջին-արեւելեան) տարածաշրջանի երկիրներու ճակատագրին կապուած, այս անգամ ո՛չ թէ եւրոպական ախոյեաններու, այլեւ «ամենազօր» Թրամփի Ամերիկայի եւ վերջինին սերտ դաշնակից՝ յարձակողապաշտ Նեթանյահուի Իսրայէլի կողմէ:
Ամերիկեւիսրայէլեան ընդդէմ Իրան պատերազմի բռնկման նախօրեակին, անցած փետրուարի 26-ին, Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Մարք Հաքապիի առանց բառերը ծամծմելու յայտարարութեամբ՝ «... Իսրայէլի սահմանները կը տարածուին Նեղոսէն մինչեւ Եփրատ՝ հատելով տարածաշրջանի շարք մը երկիրները...», արդէն տուած եղաւ Իրանի վրայ յարձակման ամերիկեւիսրայէլեան «վերջնագիրը», կարծէք այդ «վերջնագիր»ին կապուած՝ դէպի երկրորդ «Սայքս-Փիքօ» մը սարքելու դիւային ծրագիրը, որուն մասին ԱՄՆ-ի 70-ականներու պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըր 1973-ին արտայայտուեր էր, իսկ նոյն ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայս, դեմոկրատական Պարաք Օպամայի նախագահութեան շրջանին, 2014-ին, լորձնաշուրթն ախորժակով եկաւ «գիծին վրայ» դնել Միջին Արեւելքի երկիրները բաժան-բաժան ծրագիրը: Հարկաւ Հաքապիի յոխորտալից սպառնալիքներուն կայծակնային արագութեամբ եւ բուռն կերպով հակազդեցին պաշտօնական Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի ու Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի բարձրաստիճան պատասխանատուները, շարքին՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան:
Ամերիկեւիսայէլեան ընդդէմ Իրան պատերազմի բռնկումէն աւելի քան երկուքուկէս ամիս ետք հասանք՝ ուր որ հասած ենք այսօր.- անհաշուելի բիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ՝ մասնաւորապէս Իրանի, Իսրայէլի եւ Լիբանանի մէջ, 28 փետրուարին՝ պատերազմի առաջին օրն իսկ թիրախ դարձնելէ ետք Իրանի գերագոյն առաջնորդը, այնուհետեւ իրանեան ռազմաքաղաքական աւելի քան յիսուն պարագլուխներու սպանութիւններ, Լիբանանի մէջ «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան բազմաթիւ պատասխանատուներու ահաբեկում, հարիւրաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու քանդում, իրանեան հիւլէական կեդրոններու վրայ ամերիկեւիսրայէլեան ծանր հարուածներ, հուսկ՝ Փաքիստանի միջնորդութեամբ մինչեւ այս պահը շարունակուող ամերիկեւիրանեան ապարդիւն բանակցութիւններ՝ փխրուն զինադադարի սպառնալիքը կախուած պահելով տարածաշրջանի գլխուն մինչեւ այսօր:
Մինչ Թրամփ ատեն-ատեն կը խօսի, թէ Իսլամապատի մէջ «շա՜տ լաւ» կ՚ընթանան Իրանի հետ իր երկրին բանակցութիւնները եւ իր երկիրը ցարդ «յաղթակա՜ն» է՝ «յաջողած» ըլլալով քանդել Իրանի հիւլէական գլխաւոր թիրախներն ու պաշարելով անոր նաւահանգիստները՝ հսկելով Հիւրմիւզի նեղուցէն անցնող առեւտրային երթուղին, միւս կողմէ սակայն, Իրան չ՚ենթարկուիր Թրամփի անձնատուական պահանջներուն, աւելին՝ կը պարտադրէ ի՛ր պայմանները, իրեն բացայայտօրէն նեցուկ ունենալով մասնաւորապէս Ռուսաստանը, Չինաստանն ու Հիւսիսային Քորէան:
Ամենավտանգաւորն ու ամենամտահոգիչը, սակայն, Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ Իսրայէլի ստեղծած՝ այսպէս կոչուող իրեն համար «անվտանգային գօտին» է: Իսրայէլ՝ որ ցարդ «իր հողերուն» կցած է Լիբանանի հարաւային շրջաններու 55 գիւղեր, պարտադրելով տեղի բնակչութիւնը գաղթի, ԱՄՆ-ի միջոցով տեւական սլաքներ կ՚ուղղէ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունի, որ վերջինը ամէն բանէ առաջ համաձայնի տեսակցութիւն մը գոյացնել Իսրայէլի վարչապետին հետ Ուաշինկթընի մէջ, ԱՄՆ-ի օրհնութեամբ: Այս գծով նախագահ Աուն՝ համախոհութեամբ երկրի վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին՝ կտրականապէս կը մերժէ տեսակցիլ Նեթանյահուի հետ, ի սկզբանէ վերջինէն պահանջելով գրաւոր կերպով յստակ կեցուածք եւ քուլիսային բանակցութիւններու ընդմէջէն շօշափելի արդիւնք՝ հարաւային շրջաններէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման կապակցութեամբ, նախքան՝ այսպէս կոչուած Լիբանան-Իսրայէլ «խաղաղութեան պայմանագիր»ի ստորագրութիւնը:
Տարակոյսէ վեր է, որ ամերիկեւիսրայէլեան կողմը ընդմիշտ պիտի անտեսէ հարաւային Լիբանանէն քաշուելու պաշտօնական Լիբանանի պահանջը, ո՛չ միայն Լիբանան Միջին Արեւելքէն ներս ամենատկար ազդեցութեամբ երկիրն ըլլալուն համար, այլ՝ ան կը հանդիսանայ դէպի երկրորդ «Սայքս-Փիքօ» ենթադրեալ համաձայնութեան մը տանող ճամբուն վրայ թերեւս առաջին երկիրը, ուրկէ պիտի շարունակուին «Մեծն Իսրայէլ»ի («Սիոնիզմի երազը») ի խնդիր հողային յափշտակումները՝ ճեղքելով սուրիական, յորդանանեան, եգիպտական, իրաքեան, սէուտական, իրանեան, թրքական եւ այլ երկիրներու հողատարածքներ...:
Բայց ակներեւ է, որ երկրորդ «Սայքս-Փիքօ» համաձայնութեան մը ճամբուն վրայ անխուսափելիօրէն կան ամերիկեւիսրայէլեան կողմին հակադրուող եւ տարածաշրջանէն ներս «բաժնետէրեր» համարուող Ռուսաստանն ու Չինաստանը՝ իրենց «իրաւունքներով», որոնց հետ Ամերիկա պարտաւոր է բանակցիլ: Եւ Թրամփ, ատեն-ատեն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կ՚ունենայ Ռուսաստանիի եւ Չինաստանի ղեկավարներուն հետ:
Դեռ յստակ չէ, թէ Թրամփի նշանակած յառաջիկայ մայիսի 17-ը վերջնաժամկէ՞տ է ամերիկեւիրանեան բանակցութիւններու աւարտը յայտարարելու համար, որովհետեւ ԱՄՆ-ի նախագահը վերջերս կը խօսէր բանակցութիւնները մէկ ամիս ալ յետաձգելու մասին՝ նախքան «դժոխքի դարպասները» բանալը Իրանի առջեւ...:
Իսկ, անիրատեսական թուացող երկրորդ «Սայքս-Փիքօ»ի մը իրագործումը տասնամեակներու վրայ տարածուելու ուժն ունի՞:
Մինչ Իրան եւ Ամերիկա՝ իրաքանչիւրը կը յայտարարէ, թէ «յաղթած է» պատերազմը, Իրանի եւ Լիբանանի տարածքներուն վրայ կը շարունակուին ամերիկեւիսրայէլեան ծանր հարուածները, փոխադարձաբար՝ Իսրայէլի ալ վրայ, սպասելով, որ սանդարամետեան ամառ մը բացուի եւ այս անգամ յայտարարուի վերջնական «յաղթական» կողմին անունը, քանի որ յայտնի է պարտուած կողմը, որ արիւնաքամ դարձած ժողովուրդներն են...:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ