ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 120-ամեակը: Սա համազգային տարողութեամբ եւ խոր նշանակութեամբ յոբելեան մըն է՝ հաշուի առնելով որ՝ ՀԲԸՄ աշխարհատարած ցանց մըն է եւ հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցը, որ կը համախմբէ համայն աշխարհի հայութիւնը եւ ունի բարձր ներկայացուցչական կարողութիւն: ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակին առթիւ յոբելենական պատգամ մը հրապարակեց Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան, որու խօսքին մէջ մեկնաբանուած է կառոյցի տասնամեակներու առաքելութիւնը եւ նախանշուած՝ ապագայ ծրագիրներու առանցքը: Ստորեւ կը ներկայացնենք Սեմ Սիմոնեանի 120-ամեակի պատգամը: 

*

Այսօր ՀԲԸՄ կը նշէ իր հիմնադրութեան 120-րդ ուղենշային տարեդարձը: Որպէս համաշխարհային մեր շարժման առաջնորդ՝ պատուի խորագոյն զգացումով, յարգանքի տուրքս կը մատուցեմ իւրաքանչիւր ղեկավարի, նուիրեալի, նուիրատուի եւ համակիրի, որոնք սատարած են այս ուղեւորութեան, որու ընթացքը մշակուած է իմաստութեամբ, բարեհոգութեամբ եւ հայ ոգիի ուժգին գիտակցութեամբ: 

Այն ինչ ծնունդ առաւ Գահիրէի, Եգիպտոս, հիմնադիր խորհուրդի ժողովին, 20-րդ դարու սկիզբին, այսօր կը հանդիսանայ աշխարհի մեծագոյն բարենպատակ հայկական կազմակերպութիւնը, որ ծանօթ անուն մըն է եւ կը վայելէ հայ ժողովուրդին վստահութիւնը աշխարհի տարածքին: 

Տասնամեակներու տեւողութեան, ՀԲԸՄ հաւատարիմ մնաց իր հիմնադիրներու տեսլականին եւ յանձնառութեան, որ ուղղուած էր բարձրացնելու հայ ազգը աշխարհի տարածքին, կրթական, մշակութային, ընկերա-տնտեսական եւ մարդասիրական ծրագիրներով՝ գերնպատակ ունենալով ապահովել համայն հայ ժողովուրդին բարօրութիւնը: 

Կ՚ուզեմ նաեւ նշել, թէ հիմնադիրները յայտնօրէն նպատակադրած էին ՀԲԸՄ-ը զերծ պահել որեւէ քաղաքական ուղղուածութենէ՝ իրենց մտասեւեռումը կեդրոնացնելով հայ ժողովուրդի գերագոյն բարիքին ծառայելու կոչումին վրայ: Այս ուղին խը-տացուած է իրենց որդեգրած՝ «միութիւնը զօրութիւն է» լոզունգին մէջ. պատգամ մը՝ ուղղուած իրերայաջորդ սերունդներուն, ինչ որ հայութեան հզօրացման բանալին կը հանդիսանայ տարբեր տեսակէտներու, աշխարհայեացքներու, համոզումներու, տըն-տեսական դիրքի կամ ազգային ծագումի նկատմամբ լայնախոհ վերաբերմունքի եւ այդ բոլորը ի շահ ընդհանրական նպատակներու հունաւորման մէջ: 

Իրողութիւնը այն է, որ ՀԲԸՄ-ի հիմնադիրներու ոգին՝ բարգործութեան, անխտիր մօտեցումի, պատմական պահու հրամայականներու զգացողութեան եւ համազգային ակնկալութիւններու հարազատ դրսեւորումն էր, նախ եւ առաջ ուղղուած ըլլալով (…) հայ համայնքներուն, որոնց հետ իրենք անմիջական շփում չունէին:  Հետեւաբար, ՀԲԸՄ-ի գաղափարախօսութիւնը արագ տարածում գտաւ աշխարհագրական սահմաններէ եւ ովկիանոսներէ անդին՝ արձագանգ գտնելով հայ լայն զանգուածներու մօտ, որոնք կը բաժնէին բարեհոգութեան նոյն ոգին եւ ի վիճակի էին բերելու իրենց մասնակցութիւնը, համախմբուելով ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան շուրջ: 

Տարիէ տարի եւ տասնամեակէ տասնամեակ շարունակաբար, ՀԲԸՄ-ի դրոշմը ծաւալեցաւ եւ տարածում  գտաւ՝ վերածուելով համաշխարհային շարժումի մը, որուն տեղական շրջանակները, իրենց ծրագիրներով եւ գործունէութեամբ, բարերար ազդեցութիւն կը գործեն տարեկան 500,000-է աւելի հայ անհատներու վրայ, աւելի քան 30 երկիրներու մէջ: 

Տագնապներու եւ ճգնաժամերու դէմ յանդիման, մենք միշտ ըսած ենք մեր խօսքը եւ ի գործ դրած ենք մեր միջոցները: Մենք անխախտ կը մնանք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ մեր յանձնառութեան մէջ: Սա մեզ կը մղէ նպատակասեւեռ մնալու մեր առաքելութեան մէջ, գործելու առաւել արդիւնաւոր կերպով եւ միշտ տրամադիր՝ մարտահրաւէրներու դիմաց նոր առիթներ որոնելու: ՀԲԸՄ շարունակ յառաջատար դիրքերու վրայ եղած է՝ համաշխարհային պատերազմներու, ճարտարագիտական զարգացումներու, ժողովրդային շարժերու, վերագծուող քարտէսներու եւ քաղաքական վերադասաւորումներու յարափոփոխ պայմաններու դիմագրաւումին մէջ: 

Ժառանգութիւն մը, որով մեծապէս հպարտ ենք, նաեւ զգաստ, գիտակից, թէ պէտք է միշտ նախաձեռնակ ըլլանք կարենալ դիմագրաւելու համար՝ աւելի քան որեւէ ժամանակ անցեալին,  ներկայիս արագ փոխուող աշխարհի անորոշութիւնները:  

Փափաքս է, որ այն բարերար ազդեցութիւնը, զոր ՀԲԸՄ ունեցած է հայութեան տարբեր խաւերու վրայ, տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ, ներշնչումի եւ ոգեւորութեան աղբիւր ըլլայ ձեր բոլորին: Երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ մեր բոլոր նուիրատուներուն, նուիրեալներուն եւ պաշտօնէութեան, որոնք հայ ոգիի յարատեւ ուժին դրսեւորումով գօտեպնդած են անցնող սերունդները եւ կը շարունակեն օրինակ ըլլալ գալիք սերունդներուն:

*

Հարկ է նշել, որ այս տարի նախատեսուած է ՀԲԸՄ-ի հերթական ընդհանուր ժողովը: Համագումարը թէեւ հերթական է, սակայն, արտասովոր նշանակութիւն պիտի ունենայ՝ քանի կը զուգադիպի 120-ամեակի յոբելենական շրջանին: ՀԲԸՄ-ի համագումարը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ աշնան՝ հոկտեմբերին, Մոնթրէալի մէջ, Գանատա: Միեւնոյն ժամանակ, սա պիտի ըլլայ Սեմ Սիմոնեանի նախագահութեան շրջանին կազմակերպուած առաջին ընդհանուր ժողովը։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026