Ս. ՊՍԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, համայնքային շրջանակները՝ մասնաւորապէս Սամաթիոյ ընտանիքը ողջունեցին Լիանա Պենլիի եւ Սէրտար Քասափչըլարի կեանքի միասնութիւնը: Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը համախմբեց հոծ թիւով ներկաներ, որոնք փութացած էին նորապսակ ամոլի ուրախութիւնը բաժնելու:
Հարսանիքին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան եւ Տ. Արամ արք. Աթէշեան: Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ: Նորապսակ ամոլին խաչեղբայրն էր՝ Եսայի Տեմիր:
Հարկ է նշել, որ թէ՛ Լիանա Պենլի եւ թէ Սէրտար Քասափչըլար Սամաթիոյ ընտանիքի երիտասարդ ուժերն են եւ համայնքէն ներս գնահատանքի կ՚արժանանայ իրենց վերջին շրջանի աշխոյժ գործունէութիւնը: Լիանա Պենլի, որ երիտասարդ կրթական մշակ մըն է, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի փոխ-տնօրէնուհին է, իսկ Սէրտար Քասափչըլար՝ նոյն վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է:
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նորապսակ ամոլը՝ մաղթելով անխառն երջանկութիւն: