ՉԱՐ ՄԸ՝ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԷՐ

Մարդկային կեանքին մէջ տեղ գտած հակասութիւնները այնքան ալ զարմանք չեն պատճառեր. հակասութիւնները մարդկային կեանքի անբաժան մէկ մասը կը կազմեն, սակայն, վիճակը տարբեր կ՚ըլլայ, երբ երկու հակասութիւններ միատեղուին: Ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին գոյութիւն ունեցած են անձեր, որոնք ո՛չ թէ հակասութիւններու միջով անցած են, այլ եղած են նոյնինքն գլխաւոր հակասութիւնը՝ իրենց խառնուածքով ու բնութեամբ: 

Այդ պատմական անձնաւորութիւններէն մէկն է ո՛չ շատ հեռու ապագային ապրած ու թէ՛ իր կեանքով եւ թէ մահով պատմութեան մէջ իր յատուկ տեղը գտած Կրիկորի Ռասփութին. անձ՝ որուն կեանքը արժանի է ուսումնասիրութեան: Ռասփութին առեղծուած մըն էր, հակասութեան մարմնացում մը։ Իր մէջ ունէր սրբութեան եւ հրաշագործութեան «ուժ»ը եւ շատերու համար իր ժամանակաշրջանի մեծագոյն սուրբերէն մին էր՝ մինչեւ իսկ թագաւորական պալատին յարգանքին արժանի, սակայն, միւս կողմէ ցոփութեան ու անբարոյականութեան մարմնացում մը։ Անձ մը թէ՛ սուրբ եւ թէ չար, թէ՛ ազնիւ եւ թէ անողորմ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ՝ կարելի է հասկնալ միայն Ռասփութինի կեանքը սերտելով: 

Ռասփութին իր երիտասարդութեան սկսաւ հետաքրքրուիլ հոգեւոր նիւթերով. ուզեց ուսումնասիրել քրիստոնէական հաւատքը եւ այդ նպատակով երիտասարդ տարիքէն բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ կատարեց տարբեր վանքեր ու սրբատեղիներ։ Թէեւ ուսում չունէր, սակայն, շրջանակին կողմէ ճանչցուած էր որպէս ազդեցիկ մարդ՝ իր խօսքով ու երեւոյթով։ 20-րդ դարու սկիզբը Ռասփութին հնարաւորութիւնն ու բախտաւորութիւնը ունեցաւ ծանօթանալու թագաւորական ընտանիքի որոշ անդամներուն հետ։ Նոյն ժամանակաշրջանին հիւանդացաւ կայսրի որդին՝ Ալեքսէյը. թագաւորական պալատի բժիշկները չկրցան երիտասարդ տղու հիւանդութեան դարման մը գտնել: Ռասփութին, որ շրջանակին կողմէ ճանչցուած էր որպէս «հոգեւոր» անձնաւորութիւն եւ առ այդ կանչուեցաւ պալատ՝ աղօթք կատարելու. աղօթքը վերջացնելէ ետք ինքնավստահ ու հանդիսաւոր կերպով «դո՛ւն լաւ կ՚ըլլաս», ըսաւ ու դուրս եկաւ պալատէն։ Յաջորդ առտու տղան ամբողջութեամբ բուժուած էր։ Տակաւին մէկ օր առաջ տառապող երիտասարդը յաջորդ օրն իսկ ամբողջութեամբ առողջ էր։ Անշուշտ, այս մէկը պատճառ եղաւ, որպէսզի թէ՛ պալատականներուն եւ թէ ամբողջ ժողովուրդին մէջ տարածուի Ռասփութինի անունը։ Յարգանքէն անդին քիչ մըն ալ վախ ու երկիւղ ունեցան Ռասփութինի հանդէպ. պալատականներ նկատի ունենալով Ռասփութինի եւ կայսեր մօտիկութիւնը՝ որոշ պատկառանք ունէին անոր հանդէպ: 

Ռասփութին, որ արդէն «սուրբ»ի համբաւ ստացած էր, ունէր նաեւ կիրք ու տռփանք։ Ռասփութին իր սեռային կիրքերով սկսաւ մօտենալ կայսրի քրոջ՝ Օլկային՝ որ արդէն իսկ ամուսնացած էր։ Ամուսնացեալ կինը հետաքրքրութիւն չունէր Ռասփութինի հանդէպ, սակայն, Ռասփութին իր համբաւով յաջողած էր ձեռք բերել բազմաթի՜ւ կին երկրպագուներ՝ որոնց միջոցով յագուրդ կու տար իր կիրքերուն։ Ժողովուրդին կողմէ ճանչցուած «սուրբ» մը՝ որ զեխութեամբ կ՚ապրէր: 

Նոյն միջոցին Ռասփութին կը շարունակէր հոգեւոր կեանքով զբաղիլ. բժշկութիւններ կը կատարէր, քարոզներ կը կարդար։ Արդէն իսկ ունէր իր հոգեւոր առանձին շարժումը՝ որուն դէմ կը պայքարէր եկեղեցին: 

Այս բոլոր իրարանցումին մէջ Ռասփութին ինքզինք պաշտպանելու կարիքը չունէր։ Ժողովուրդէն շատեր զինք սուրբ նկատելով կը խօսէին անոր կատարած հրաշքներուն մասին, իսկ ուրիշներ՝ անոր զեխ կեանքը կը փորձէին մատնանշել։ Եկեղեցին փորձեց օրինական ձեւերով մեկուսացնել եւ «վերացնել» Ռասփութինը, սակայն, շօշափելի փաստերու պակասին պատճառով չյաջողեցաւ: 

Ռասփութին կայսին հետ բարեկամ էր, սակայն, անոնց մօտիկութիւնը շատ մը այլ իշխանաւորներու նեղութիւն կը պատճառէր. շատեր կը նեղանային, որ Ռասփութին կայսերական ընտանիքին մէջ մեծ տեղ ու յարգանք կը վայելէ եւ դիտել կու տային, որ այս յարաբերութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան իր ազդեցութիւնը ունենայ անոնց վրայ։ Հետեւաբար, Ռասփութինը կը դիտէին որպէս վտանգ: Շատերու համար պէտք էր ազատագրուիլ «Ռասփութինեան իշխանութենէն» եւ հետեւաբար գաղտնի ձեւով իշխանականներ ու յեղափոխութիւն ցանկացողներ սեղանի վրայ դրին Ռասփութինը սպաննելու իրենց մտադրութիւնը: Այս որոշումը իրականացնելու համար Ռասփութինի պատուին կը պատրաստեն հաւաք մը եւ անոր կը յատկացնեն սենեակ մը, ուր ի սկզբանէ դրուած պիտի ըլլար խմորեղէն եւ գինի։ Ռասփութին եթէ խմորեղէնէն ուտէր կամ գինի խմէր՝ պիտի թունաւորուէր ու մահանար։ Սակայն, տարօրինակ ձեւով Ռասփութին կ՚ուտէ ու կը խմէ, սակայն, թոյնէն չ՚ազդուիր։ Աւելի՛ն, Ռասփութին գինիէն ու խմորեղէնէն աւելի պահանջեց: Սպանութեան ծրագիրը իր աւարտին հասցնելու նպատակով անոնցմէ մէկը ատրճանակը հանելով կրակեց Ռասփութինի վրայ, չար սուրբը տապալեցաւ, սակայն, պատմիչներ կը գրեն, որ որոշ ժամանակ ետք Ռասփութին դարձեալ աչքերը բացաւ եւ ոխակալութեամբ լեցուն աչքերով նայեցաւ։ Վախը շրջապատեց բոլորը եւ մի քանի կրակոցներ դարձեալ լսուեցան։ Սպանութիւն ծրագրողները ապագային եւս պնդեցին, որ հակառակ իր գանկէն վիրաւորուելուն՝ Ռասփութին կը շարունակէր շնչել։ Վերջաւորութեան Ռասփութին անշարժացաւ. գորգի մէջ փաթթելով դիակը նետեցին գետ։ Եւ այսպիսով մահացաւ չարագործ մը՝ որ միաժամանակ սուրբ էր:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Գայթակղութեամբ լեցուն բերաններ կան՝ սպանդանոցներու պէս գարշահոտ. յամառ եւ բորբոսած ցանկութիւններ կան՝ մելամաղձոտ խուձերու պէս ճնշիչ. անցեալներ կան մշուշով խխում: Գարշելի հօտը կը կոչուի ատելութիւն, բորբոսը կը կոչուի ատելութիւն ու նմանապէս ճնշիչը: 

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026