ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։

Սուրբ Աթոռի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Քահանայապետը զրոյցի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին։ «Երբ ձեր երկրի միասնութիւնն ու ամբողջականութիւնը դարձեալ վտանգուած են, մեր եկեղեցիները կոչուած են ամրապնդելու եղբայրական կապերը», յայտնեց Սրբազան Պապը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026