Շաբաթ 23, Մայիս 2026
ՄԱՔՐՈՆ-ԱԼԻԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ Ֆրանսա կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին եւ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ անոր յառաջմղման նկատմամբ։
Մաքրոն եւ Ալիեւ շօշափեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցեր։
Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026