Ուրբաթ 22, Մայիս 2026
ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Շիքակոյի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, շաբաթավերջին ներկայացուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը, որ արտադրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնին կողմէ։ Տեղւոյն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ այս ֆիլմը, որ արժանացաւ ներկաներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Շիքակոյի մասնաճիւղին կողմէ։
Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի Շիքակոյի մասնաճիւղը կը կազմակերպէ փառատօն մը, որու ծիրէն ներս նախատեսուած է ֆիլմերու շարքի մը ցուցադրութիւնը՝ «Արեւ» անուանումին ներքեւ։ Տեղական մասնաճիւղի անդամուհիներէն Մարի Ղազարեանի մականին ներքեւ կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը։
Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026