ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՀԻՒՍԻՍ-ՀԱՐԱՒ ՄԱՅՐՈՒՂԻՆ ԲՈԼՈՐԻ ԱՉՔԻՆ ԱՌՋԵՒ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ՅՍՏԱԿ ՏԵՍՔ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան վերջերս այցելեց Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինարարութեան զանազան հատուածները։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի ելմտական ու շինարարական կարողութիւնները բաւարար չեն ամէն ինչը երեք-չորս տարուան ընթացքին կառուցելու, սակայն, հաճելի է արձանագրել, որ երկրի տեսակէտէ կենսական նշանակութեամբ այս մայրուղին բոլորին աչքին առջեւ յստակ տեսք կը ստանայ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի զանազան հատուածներու շինարարութիւնները կ՚ընթանան իրարմէ անջատ ձեւով եւ հեռանկարին անոնք պիտի կազմեն ամբողջութիւն մը։
Իր կարգին, Հայաստանի Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Եղիազար Վարդանեանն ալ դիտել տուաւ, որ այս մայրուղիին դերակատարութիւնը անգնահատելի պիտի ըլլայ երկրի տնտեսական զարգացման համար։ «Այս մայրուղին պիտի ստեղծէ լոժիստիք հնարաւորութիւններ, որոնք դրական մեծ ազդեցութիւն պիտի գործեն։ Մայրուղին պիտի նպաստէ մեր տարածքներու բազմակեդրոն զարգացման։ Մեծ ու մատչելի հասանելիութիւն ապահովելու հնարաւորութիւն պիտի ունենանք Երեւանէ հեռու բնակավայրերու եւ մայրաքաղաքի միջեւ։ Բեռնափոխադրումներու տեսակէտէ տնտեսական մեծ գործօն մը պիտի ունենանք։ Այսօր կ՚օգտագործենք Հայաստանի տարանցիկ ներուժի միայն փոքր մէկ մասը, մինչդեռ Հիւսիս-հարաւի կառուցմամբ մեր երկրի տարանցիկ ներուժը պիտի կարողանանք օգտագործել առաւելագոյն չափով», ըսաւ ան։