ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Մալաթիոյ հայոց հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուպար Օփանի։ Ինչպէս ծանօթ է, այս միութենէն ներս վերջերս տեղի ունեցած էր ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով ընտրուած նոր վարչութիւնը Գումգաբուի մէջ ստացաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Միութեան ներկայացուցիչները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին կառոյցի ելմտական վիճակին եւ ծրագիրներուն շուրջ։
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ շնորհաւորեց նորընտիր վարչութեան կազմը։ Ան նշեց, որ նման միութիւններու աշխատանքները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ համայնքային կեանքէն ներս կենսունակութեան յաւելեալ խթան հանդիսանալով։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւնը հիւրերուն եւ մաղթեց յաջողութիւններ ու նորանոր ձեռքբերումներ։