ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՁԵՌՆԱՐԿ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ յառաջիկայ օրերուն մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ՝ ի պատիւ պոլսահայ ասմունքի թագուհի Սիլվա Կոմիկեանի: Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ յունիսի 4-ին, Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճին մէջ նախատեսուած է Սիլվա Կոմիկեանի մեծարանքի երեկոյթը: Պատրիարքական Աթոռը ձեռնարկի կազմակերպման համար համագործագցած է՝ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ, որ ապահոված է դահլիճի տրամադրումը: 

Սիլվա Կոմիկեան երկար տասնամեակներ պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին եղած է՝ իր անփոխարինելի ներդրումը բերելով բոլոր ուղղութիւններով: Ան եղած է ասմունքի թագուհի, միեւնոյն ժամանակ, կրթադաստիարակչական եւ հրատարակչական ոլորտներու մէջ ալ ունեցած է լուրջ ծառայութիւն: 

Այժմէն կը շնորհաւորենք Սիլվա Կոմիկեանը:

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026