ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ԽՈՒՍԱՆԱՒՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութեան մասին խօսակցութիւնները լրջացան աննախընթացօրէն, ինչ որ ենթադրութիւններու դուռ կը բանայ նաեւ նոր աշխարհաքաղաքական ճեղքերու մասին: Համաձայնութի՞ւն, թէ խուսանաւում…

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջին օրերուն խօսեցաւ Իրանի հետ համաձայնութեան շուրջ՝ պատերազմը աւարտելու նպատակով: Զուգահեռաբար լրատուամիջոցներու հրապարակած տեղեկութիւններու լոյսին տակ, Իրանէն հնչած հակասական կեցուածքներն ալ մտահոգութիւն ստեղծեցին, թէ կրնան նոր խոչընդոտներ յառաջանալ ճգնաժամի լուծման ճանապարհին։

Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, որ խաղաղութեան համաձայնութեան վերաբերեալ յուշագրի «մեծ մասը» արդէն բանակցուած է Թեհրանի հետ եւ այդ մէկը պիտի ապահովէ Հիւրմնւզի ջրանցքի վերաբացումը։ «Տրութ Սոցիալ» հարթակին վրայ իր գրառումները մանրամասնութիւններ չէին պարունակած հաւանական համաձայնութեան բովանդակութեան շուրջ: 

Իր կարգին, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ վերահաստատեց Ուաշինկթընի դիրքորոշումը, թէ Իրան երբեք չի կրնար ունենալ հիւլէական զէնք, պէտք է յանձնէ բարձր հարստացուած ուրանիումը եւ Հիւրմիւզի ջրանցքը պէտք է բաց մնայ։ 

Թրամփի հրապարակումներուն զուգահեռ՝ Ռուպիոյի յայտարարութիւններն ալ համահաւասար ուշադրութեան կ՚արժանանան՝ քանի անոնցմէ անմիջապէս վերջ ան այսօր կ՚այցելէ տարածաշրջան, ուր Իրանի հարեւան Հայաստանի մէջ շփումներ կ՚ունենայ: 

Կարգ մը աղբիւրներ նշեցին, թէ Իրան համաձայնած է յանձնել բարձր հարստացուած ուրանիումը՝ առանց յստակացնելու, թէ ո՞վ պիտի ստանձնէ զայն։ Յամենայնդէպս, հետեւութիւնները միշտ հակասական են: Առանձնապէս ուշագրաւ է, որ Իրանէն բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ռէօյթըրզ»ին յայտնած է, որ Իրան չէ համաձայնած յանձնել բարձր հարստացուած ուրանիումի իր պաշարը։ Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Իրանի հիւլէական թղթածրարը մաս չի կազմեր ԱՄՆ-ի հետ հաւանական համաձայնութեան։ Այսպէս, հիւլէական թղթածրարը պիտի քննարկուի վերջնական համաձայնութեան բանակցութիւններու ընթացքին, հետեւաբար, այդ մէկը այժմու մշակումներէն դուրս է։ Որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած Իրանի՝ բարձր հարստացուած ուրանիումի պաշարը երկրէն դուրս հանելու շուրջ։

Այս կէտին վրայ անխուսափելի է հետեւեալ հարցումը. աշխարհաքաղաքականութեան մէջ նոր ճեղքե՞ր կը յառաջանան: ԱՄՆ-Իրան համաձայնութեան նախագիծը գրեթէ պատրաստ է: Ի հարկէ, պայմանները իտէալական չեն երկու կողմերուն համար ալ, բայց, առաջին հայեացքով կարելի է դիտարկել մի քանի հանգամանք: 

Իրանը ծունկի չեկաւ այս պատերազմի հետեւանքով եւ մեծ ու կարեւոր առիթ մը ունի՝ ամբողջապէս վերականգնելու եւ իր դիրքը գրաւելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Իրան՝ հակառակ շատերու ենթադրութիւններուն, շատ աւելի խորքային արմատներ ունի՝ մանաւանդ, ԱՄՆ-ին պատկերացուցածէն աւելի: Այս բոլորի լոյսին տակ, յառաջիկայ փուլը կրնայ բնորոշուիլ ԱՄՆ-Իսրայէլ տարակարծութիւններով եւ ցնցումներով։ ԱՄՆ շատ լուրջ եւ հարցականներով լի փուլ մը կը մտնէ: Ան այլեւս աշխարհի «հայր»ը չէ եւ խնդիրներ պիտի ունենայ իր աւանդական եւ վստահելի դաշնակիցներուն հետ. օրինակ՝ Արաբական ծոցի երկիրները, Եւրոպան։ Ասոր դիմաց չի բացառուիր, որ Ուաշինկթըն մեծ գրաւ մը դնէ Փեքինի եւ Մոսկուայի վրայ։

Ընդհանրապէս, ըստ երեւոյթին, հանդարտելու պահն է՝ ներառեալ Հայաստանի համար, որու ռազմավարական հարեւանն է Իրանը:

*

ԹԵԼԱԴՐԵԼ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան բացակայութեան առանցքը Պաղեստինը կը կազմէ: Տարածաշրջանի մեծ ցաւերուն իրական արմատը՝ Պաղեստինի խնդիրն է։ Տարբեր պատճառներ կան, ի հարկէ, այսպէս մտածելու համար, սակայն, հիմնական պատճառը այն է, որ 1948-էն ի վեր երբ բռնաճնշումներու հետեւանքով պաղեստինցիք դուրս դրուեցան իրենց բնակավայրերէն, Մերձաւոր Արեւելքը «քուն ու դադար» չունի։ 

Անշուշտ, այս բոլորէն պէտք չէ հասկնալ, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան պաարագային խնդրոյ առարկայ են ենթակայական տեսութիւններ: Պատմական այս վէրքը բուժելու մէկ ու միակ ճանապարհ մը գոյութիւն ունի եւ այդ ճանապարհը կը խօսի փոխադարձ ըմբռնումի մը մասին, որուն վրայ պէտք է կայմուի 2000-ականներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի կողմէ առաջ քաշուած թեզը, որ յայտնի դարձաւ «երկու տէրութեանց լուծում» ընդհանուր խորագրով։

Ի հարկէ, շատ դժուար է այդ ձեւաչափին կամ լուծումին իրականացումը՝ մանաւանդ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած ահասարսուռ պատերազմներէն ասդին, բայց եւ այնպէս, անկարելի չէ։ Անկարելի չէ ու անկէ աւելի կարեւորը այն է, որ անկարելիութեան հարցէն անդին՝ այդ ընտրանքը, այդ մօտեցումը այլընտրանք մը չունի։ Ամէն պարագայի այս հիմունքներուն վրայ հարկ է աւելցնել ԱՄՆ-ի ընդհանուր կեցուածքը ու այդ երկրի ղեկավարութեան ու մանաւանդ առաջին դէմքին՝ նախագահին ընկալումները, որոնց մեղմ խօսքով թերութիւնները այսօր պատճառ դարձած են անցանկալի վիճակներու։

Ամէն պարագայի, տարածաշրջանի ժողովուրդները եւ ազդեցիկ խաղացողները շատ լաւ հասկցած են, որ առանց Իսրայէլ-պաղեստինեան խնդրի լուծման կամ այդ լուծումի վերջնական հունաւորման՝ անկարելի է, որ Մերձաւոր Արեւելքը ամբողջական խաղաղութեան մը մէջ ապրի ու զարգանայ։

Միջին Արեւելքի մէջ Պաղեստինի հողերու բռնագրաւումը պէտք է համարել նախնական մեղք։ Իսկ անոնք, որոնք ապաւինած էին ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ հաստատուած «կայունութեան», այսօր կը տեսնեն, թէ իրենց ոտքերուն տակ աշխարհ մը կը փլուզուի։ Միջին Արեւելքը կը սուզուի պատերազմի մէջ։ Զոհերու թիւը արդէն հազարներու հասած է՝ Իրանի եւ Լիբանանի մէջ։ Նաւթի գինը կը բարձրանայ։ Ծոցի երկիրները կաթուածահար են Իրանի հարուածներով։ Սա այն ժամանակաշրջաններէն է, որ կը թուի ըլլալ շփոթեցուցիչ, անհասկնալի եւ վերահսկողութենէ դուրս։ Բայց, այս բոլորի հիմքին մէջ կայ պարզ տրամաբանութիւն մը. ինչ որ կը պատահի այսօր, ի վերջոյ հետեւանքն է Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի հողերու բռնագրաւման։

Ինչքան հակամարտութիւնը տարածուի, այդքան ալ այս բոլորին կապը Պաղեստինի հետ կը մշուշուի։ Բայց յստակ է, թէ Միջին Արեւելքի «կայունութիւնը» մեծ չափով հաստատուած էր Պաղեստինի հաշուոյն։ Նայեցէք տարածաշրջանին 7 հոկտեմբեր 2023-էն առաջ։ Ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը հիմնուէր «համարկման» վրայ՝ Իրանի զսպում, արաբական երկիրներու կողմէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում եւ այսպէս՝ տնտեսական ու անվտանգային շահերու դաշինք մը՝ ամերիկեան ռազմական հովանոցին տակ։

Այս ծրագիրով Իրան պիտի մեկուսացուէր, իսկ Պաղեստինի հարցը պիտի փակուէր։ Արաբական երկիրները կը սահմանափակուէին ձեւական պահանջներով՝ Պաղեստինի պետութեան ստեղծման կամ Արեւմտեան ափէն հեռու մնալու կապակցութեամբ։ Բայց, իրականութեան մէջ, նախատեսուածը բռնագրաւման անժամկէտ շարունակութիւնն էր։

Այդ «կայունութեան» յարատեւութեան նկատմամբ հաւատքը ի սկզբանէ ինքնախաբէութիւն էր։ Ան կը մերժէր ընդունիլ, որ վիճակը պիտի մնայ պայթուցիկ, անկանխատեսելի եւ վտանգաւոր, երբ երեք միլիոն մարդ կը գտնուի բռնագրաւման տակ Արեւմտեան ափի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ, իսկ եւս երկու միլիոն՝ Կազզէի մէջ՝ շրջափակման եւ մեկուսացման պայմաններու մէջ՝ առանց իրական ինքնորոշման հեռանկարի։

Ապա «Համաս» յարձակեցաւ Իսրայէլի վրայ, 2023 թուականի հոկտեմբերի 7-ին: Եւ «նոր Միջին Արեւելք» մը կազմելու ամբողջ ծրագիրը փլուզուեցաւ: Իսրայէլի վրայ յարձակումը յառաջացուց արիւնալի պատասխան՝ Կազզէի եւ Արեւմտեան ափի մէջ եւ բացայայտեց Իսրայէլի քաղաքականութեան անողոքութիւնը։

Բռնագրաւումը չի կրնար զսպուիլ։ Ան ո՛չ միայն բարոյական յանցանք մըն է, այլեւ գործնական սխալ մը։ Եւ այսպէս, Պաղեստինի կեդրոնով այս խնդրի ազդեցութեան շրջանակները սկսան ընդարձակուիլ։

7 հոկտեմբերէն ետք Իսրայէլ կը յայտարարեց, թէ իր անվտանգութիւնը կը պահանջէ ո՛չ միայն «Համաս»ի վերացումը, այլեւ անոր բոլոր դաշնակիցներուն։ Այդ տրամաբանութեամբ ան կը գործէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ՝ հարուածելով տարածքներ եւ պատճառելով հազարաւոր զոհեր՝ ներառեալ խաղաղ բնակիչներ: 

Աւելի ուշ ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ Իրանին հարուածելով՝ Իսրայէլ աւելիով ընդարձակեց իր անվտանգութեան սահմանումը՝ հասնելով մինչեւ վարչակարգի փոփոխութեան պահանջին։ Այս բոլորը այն պարագային, երբ Պենիամին Նեթանյահու արդէն իրագործած է իր հիմնական նպատակները՝ Կազզէի աւերումը եւ Արեւմտեան ափի փաստացի բռնակցումը։ 

Այս ամբողջ ընթացքը Միջին Արեւելքը վերածած է տարածքի մը, ուր Իսրայէլ կը փորձէ թելադրել ամբողջ տարածաշրջանի ճակատագիրը։ Պաղեստինի հարցը լռեցնելու փորձն է այն արմատը, որուն հետեւանքով այսօր երեխաներ կը սպաննուին Իրանի մէջ, Ծոցի երկիրները կը մտնեն ճգնաժամի մէջ եւ ամբողջ աշխարհ տնտեսական հետեւանքներ կը կրէ։ Թէեւ կան արագացնող գործօններ՝ Թրամփի վարչակազմը եւ Նեթանյահուի քաղաքականութիւնը, բայց այս վիճակը ունի աւելի հին արմատներ, որոնք են այն համոզում, թէ Պաղեստինի հիմնախնդիրը կարելի է անտեսել։ Այսօր այդ սխալը բացայայտուած է։ Արաբական երկիրները, նոյնիսկ անոնք, որոնք կարգաւորեցին յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, կը տեսնեն, որ իրենք չեն նկատուիր որպէս իրական գործընկերներ, այլ՝ ենթակայ դերակատարներ։

Տարածաշրջանին մէջ դժգոհութիւնները կը շատնան։ Բայց, անոնք իմաստ կը ստանան միայն այն ատեն, երբ այս երկիրները կը վերանային իրենց նախնական ընտրութիւնները եւ կը փորձեն կառուցել սեփական, համատեղ ուժ մը։

Քանի դեռ մէկ ժողովուրդ ենթարկուած է բռնագրաւման, ուրիշները չեն կրնար ապահով զգալ։ Պաղեստինի ազատութեան բացակայութիւնը կը շարունակէ սնել հակամարտութիւնները։ Այս բոլորը կը յիշեցնեն մէկ բան. այս ճգնաժամը չի՛ կրնար լուծուիլ՝ առանց Պաղեստինի հարցի արդար լուծման։ Պաղեստինը չի՛ կրնար մոռացութեան տրուիլ, այլ պէտք է ունենայ արդար լուծում մը։

Ի վերջոյ, եզրակացութեան մը հասնելու համար անհրաժեշտ է ընդունիլ պարզ ճշմարտութիւն մը. Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ քաոսը պատահականութիւն չէ, այլ տարիներու կուտակուած անարդարութիւններու անխուսափելի հետեւանքը։ Պաղեստինի հարցը այդ ամբողջ համակարգին առանցքն է, այն «լռեցուած» խնդիրը, որուն անտեսումը ստեղծեց կեղծ կայունութիւն մը՝ ժամանակաւոր, փխրուն եւ ի վերջոյ՝ պայթուցիկ։

Այսօր տեսանելի է, թէ այդ կեղծ հաւասարակշռութիւնը փլած է. պատերազմներ կը տարածուին, դաշնակցութիւններ կը վերաձեւաւորուին եւ ամբողջ տարածաշրջանը կը գտնուի անորոշութեան մէջ։ Ասիկա կը փաստէ, որ ո՛չ մէկ ռազմավարութիւն, որքան ալ ուժեղ թուի, չի՛ կրնար երկարաժամկէտ խաղաղութիւն ապահովել, եթէ ան հիմնուած չէ արդարութեան վրայ։ Պաղեստինի հարցը շրջանցելու կամ մոռցնելու փորձերը ո՛չ թէ լուծում տուին, այլ՝ ընդհակառակն, խորացուցին ճգնաժամը եւ ընդարձակեցին անոր սահմանները։

Ուստի, իրական ընտրանքը այլեւս գաղափարական կամ քաղաքական չէ, այլ գոյաբանական. կա՛մ տարածաշրջանը պիտի ընդունի, որ Պաղեստինի հարցի արդար եւ համապարփակ լուծումը խաղաղութեան նախապայմանն է եւ կամ պիտի շարունակէ ապրիլ անվերջ լարուածութեան, բռնութեան եւ անկայունութեան մէջ: «Երկու պետութիւններու» մօտեցումը՝ հակառակ իր բոլոր դժուարութիւններուն, կը մնայ միակ իրատեսական հարթակը, ուր կարելի է գոնէ փորձել վերականգնել վստահութիւնը եւ կառուցել ապագայ մը։

Վերջապէս, այս ճգնաժամը միայն տարածաշրջանային խնդիր մը չէ։ Ան համաշխարհային հետեւանքներ ունի եւ կը յիշեցնէ, որ անարդարութիւնը երբեք տեղական չի մնար. ան կը տարածուի, կը խորանայ եւ ի վերջոյ կը հասնի բոլորին։ Այդ պատճառով ալ, Պաղեստինի հարցը այլեւս միայն մէկ ժողովուրդի պայքարը չէ, այլ համաշխարհային բարոյական փորձաքար մը։ Մինչ այդ, հարցը չի՛ գտներ իր արդար լուծումը, խաղաղութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պիտի մնայ ո՛չ թէ իրականութիւն, այլ մշտապէս յետաձգուած խոստում մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026