ԵՍ ԵԹԷ ԵՐԳԵՄ… ԹՇՆԱՄԻՆ Կ՚ՈՉՆՉԱՆԱՅ

Հասակ առնող նոր սերունդը պարտի հայրենասիրութեան ոգիով մեծնալ՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութեան պարագային, սակայն, պէտք է ի սկզբանէ յստակ ըլլայ, թէ ի՛նչ ըսել է «հայրենասիրութիւն»։ Այս մէկը կը կարեւորենք, որովհետեւ շատ շատերու համար հայրենասիրութիւնը նման տեսք ունի. սփիւռքահայ երիտասարդ մը, հայրենասիրական երգեր սորվելով առիթով մը հպարտութեամբ հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենար. «Ես եթէ երգեմ... թշնամին կ՚ոչնչանայ»։ Վստահ եմ, որ սփիւռքը լեցուն է թշնամին իր երգով ոչնչացնողներով։ Ի դէպ, երգը կարեւոր կը նկատենք այնքանով, որ ազգի մը մշակոյթին ամենէն կարեւոր սիւներէն մէկը կը հանդիսանայ. խնդիրը, որ կը տեսնենք, երգելուն մէջ չէ. խնդիրը հայրենասիրութեան ամենէն մեծ զոհողութիւնը «երգ»ի մէջ տեսնելն է, եւ հետեւաբար, լրջօրէն պէտք է հետաքրքրուիլ ու սահմանել, թէ հայրենասիրութիւն ըսելով սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդին ի՞նչ կը սորվեցնեն: Այդ սահմանումը տալու համար պէտք է յստակեցնել մի քանի հիմնական հարցեր. օրինակ. 

Երգող այդ երիտասարդ-երիտասարդուհիներէն քանի՞ն պատրաստ են երգէն անդին՝ իրական գետնի վրայ պայքարելու եւ սեփական անձը նուիրելու հայրենիքին՝ մանաւանդ անոր դժուարին պահերուն։ Մենք ալ համաձայն ենք, որ սփիւռքի մէջ հայերէն խօսիլը, հայերէն երգելը ինքնին պայքար մըն է ազգութիւնը կենդանի պահելու, սակայն, այս զոհողութիւնը մինչեւ ո՞ւր կ՚երկարի. օրինակի համար՝ վերջին պատերազմին Հալէպէն Հայաստան պայքարելու եւ պատերազմելու եկան մի քանի հայ երիտասարդներ, որոնց մէջ կային կին ու զաւակ ունեցող հայորդիներ. հայրենիքի փրկութիւնը իրենց սեփական կեանքէն, իրենց ընտանիքներէն ու զաւակներէն աւելի կարեւոր նկատելով նահատակուեցան։ Հիմա հարցում. նահատակուած այդ տղոց կողքին քանի՞ երիտասարդներ՝ որոնք անդադար կ՚երգեն, մնացին այդտեղ. «Զարթի՛ր որդեակ» երգողներէն քանինե՞ր քնացած մնացին, «Ով որ քաջ է ի՞նչ կը սպասէ» երգողներէն քանի՞ն շարունակեցին սպասողական դիրքի մէջ ըլլալ՝ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ հայրենիքը ամէն ժամանակէ աւելի իրենց կարիքը ունէր: 

Այս բոլորը մտածել կու տայ հետեւեալին մասին. այն հայրենասիրութիւնը, որ նոր սերունդին կը փոխանցուի՝ անուանական ու ձեւական է: Այնպէս, ինչպէս քրիստոնեայ ըլլալը անուանական ըլլալէ անկախ որոշ ընթացք կը պահանջէ, նոյնն է նաեւ հայրենասիրութեան պարագային։ Այնպէս, ինչպէս չարագործ մը որպէս մարդասէր իրաւունք չունի հրապարակ դուրս գալ, նոյնպէս ալ անտարբեր հայը ինքզինք հայրենասէր կարծելով չի կրնար գոռոզանալ։ Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կան բազմաթի՜ւ սիրելի նահատակներ, որոնք ժողովուրդի կողմէ սիրուած ու յարգուած են իրենց անձնազոհութեան ու անձնուէր ընթացքին համար եւ ո՛չ հայրենասիրական մի քանի երգ գիտնալով:

Հայրենիք չունեցող իսրայէլացի ժողովուրդը երկիրի մը տէր դարձաւ պարզ այն պատճառով, որ երգողներէն աւելի ունէր գործողներ. բեմերուն վրայ ճառ խօսողներէն աւելի ունէր անձնուէր ժողովուրդ՝ որ պատրաստ էր իր բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը բերել սեփական հայրենիքի մը ստեղծման համար։ Անոնք ոչինչէն «հայրենիք» մը յաջողեցան ունենալ, իսկ մենք մեր ունեցածը անգամ չենք յաջողիր պահել: 

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին աշխարհի չորս կողմը կը տեսնենք հայորդիներ՝ հայկական դրօշը ձեռքին արդարութիւն կը պահանջեն. անոնցմէ քանի՞ն իրապէս պատրաստ է իր «հանգիստ»ը ձգել եւ գալ Հայաստան, որպէսզի այն արդարութիւնը, զոր կը պահանջեն, պահանջէն դուրս գալով վերածուի գործի (որովհետեւ մեր կարծիքով՝ մարդ գործելով է, որ արդիւնք կը ստանայ)։ Այսօր սփիւռքի մէջ շա՜տեր կը «պաշտեն» Փաշինեանը եւ Հայաստանի կեանքին մասին դրական կարծիք կը յայտնեն. չկա՞յ մարդ, որ անոնց հետեւեալ հարցումը տայ. «Եթէ այդքան դրական է, ինչո՞ւ Հայաստան չես ապրիր»: 

Մեր ազգը կը նմանի բամբասող կիներու. երբ անձը ներկայ չէ, անոր մասին ի՜նչ ուզես կը խօսուի, երբ անձը ներկայ է՝ իրմէ աւելի ազնիւ ու սուրբ մարդ կարելի չէ գտնել: Մեր հայրենասիրութիւնն ալ տարբեր չէ այս երեւոյթէն. հոգիով ու սիրտով պատերազմի պատրաստ ենք այն ժամանակ, երբ երկրին մէջ պատերազմ չկայ, իսկ պատերազմի ժամանակ՝ մենք չկանք: Գիտէ՞ք, երբ շուն մը շղթաներով կապուած է, անոր դիմաց քաջագործութիւն ընելը դիւրին է. երբ շղթան բաց է՝ տարբեր է պարագան: 

Առ այդ, սփիւռքի մէջ ապրող բոլո՛ր ղեկավարներուն, կուսակցութիւններու մէջ գործող բոլո՛ր հայորդիներուն հետեւեալը կ՚ըսենք. երգին բառերը մի՛ սորվեցնէք. այսօր հնդի՛կն ալ մի քանի փորձով կրնայ այսպէս թէ այնպէս հայերէն մը երգել։ Հայրենասիրութեան պարագային ո՛չ բառերը եւ ո՛չ ալ երաժշտութիւնը կարեւոր է. այդտեղ առաջնահերթ է ոգին՝ որ մարդուն ուժ կու տայ իրական գետնի վրայ հայրենիք պաշտպանելու։ Անկախութիւնը այլ պետութիւններու կողմէ տրուող շաքար-շոքոլա մը չէ, որուն սպասենք։ Թող սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր կուսակցութիւն, իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն իր որակն ու արժէքը իր քանակին մէջ չտեսնէ։ Կուսակցութիւն մը կրնայ ունենալ երեք հազար հետեւորդ, սակայն, միայն չորսը պատրաստակամ ըլլան իրենց կեանքը զոհել. այդ պարագային այդ կուսակցութիւնը ունի ընդամէնը չորս անդամ։ Այս հաշուարկին հիման վրայ պահ մը հաշուեցէք, թէ քանի՞ կուսակցական անդամ կայ ընդհանուր աշխարհի երեսին:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Անցեալը մարդուն վերադարձող ժամանակաբաժին մը չէ. միայն ապագան է, որ պիտի գայ մարդուն եւ ինչ որ պիտի կարենայ գործել՝ ապագային պիտի կրնայ:

ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026