ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՖԻԼՄԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Աթէնքի մէջ վերջերս (29 մայիս) տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ համախմբեց Յունաստանի հայ համայնքի շրջանակներէն զանազան դէմքեր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն եպիսկոպոս Առաքելեանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որ, «Բաժնուած կղզի» գիրքին եւ այս վերջնոյն հիման վրայ պատրաստուած «Վիրաւոր կղզի» ֆիլմին համատեղ շնորհանդէսն էր։ Հարկ է նշել, որ այս երկու գործերուն ալ հեղինակն է լրագրող-հրապարակագիր Սագօ Արեան, որ եւս ներկայ էր հաւաքոյթին։
Աթէնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը սկսաւ թեմակալ առաջնորդ Տ. Խորէն եպիսկոպոս Առաքելեանի ողջոյնի խօսքով։ Ապա արտայայտուեցաւ Սագօ Արեան, որ անցեալի մէջ որոշ ժամանակաշրջան մը բնակած է Կիպրոսի մէջ։ Ան այս երկու գործերը պատրաստած է՝ թէ՛ կղզիի մէջ ապրած ժամանակաշրջանի փորձառութեան եւ թէ սոյն ծրագրին առթիւ կատարած յատուկ այցելութեան համադրութեամբ։ Սագօ Արեան թէ՛ ծանօթացուց իր հեղինակած գործերը եւ թէ ներկաներուն հետ բաժնեց իր դիտարկումները՝ կիպրահայ համայնքին վերաբերեալ։
Հարկ է նշել, որ ներկայացուած ֆիլմի բեմադրիչն է Վահագն Ղազարեան, որ իր երիտասարդական ամբողջ եռանդը ներդրած է այս գործին համար եւ արձանագրած է կարեւոր ու գնահատելի յաջողութիւն մը։ Ֆիլմի արտադրութեան համար երիտասարդ բեմադրիչ Վահագն Ղազարեան համագործակցած է Երեւանի «Արձագանգ» ստիւտիոյին հետ։
Հանդիսութեան տեւողութեան, ելոյթներու աւարտին, Սագօ Արեան ներկաներուն համար մակագրեց իր գիրքերը եւ ձեռնարկը շարունակուեցաւ ազատ զրոյցի ձեւաչափին մէջ։ Այդ փուլին հեղինակին եւ ներկաներուն միջեւ ստեղծուեցաւ անմիջականութիւն եւ կարծիքի փոխանակումները շարունակուեցան երկար։
Շնորհանդէսին մասնակցեցան Աթէնքի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Հայաստանի սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչները, Յունաստանի հայկական կառոյցներու պատասխանատուներ եւ հետաքրքիրներ։