ՏԵՍԼԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿ

Շաբաթավերջի ընտրութեան ընդառաջ, հիմնական հարցումը հետեւեալն է. ո՞վ պիտի ձեւաւորէ Հայաստանի վաղուան օրը: Հայաստանի քաղաքական կեանքը կը մտնէ նոր եւ վճռորոշ փուլ մը։ Շաբաթավերջի ընտրութիւնները միայն պարզ ընթացակարգ մը չեն, այլ՝ քաղաքական ուժերու, գաղափարներու եւ տեսլականներու բախման հարթակ մը, ուր պիտի ուրուագծուի երկրի յառաջիկայ տարիներու ուղղութիւնը։

Այս ընտրապայքարը կ՚առանձնանայ իր ընդգրկումով եւ բազմազանութեամբ. տարբեր քաղաքական ուժեր կը ներկայանան իրենց ծրագրերով՝ փորձելով շահիլ հասարակութեան վստահութիւնը եւ իրենց մօտեցումները վերածել պետական քաղաքականութեան։ Մրցակցութիւնը կը դառնայ ո՛չ միայն թիւերու, այլեւ՝ գաղափարներու եւ առաջնահերթութիւններու պայքար։

Այս պայմաններուն մէջ ընտրողին դերը կը դառնայ առանցքային: Ան կանգնած է ընտրութեան մը առջեւ, որ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ո՛չ միայն ներկայի, այլեւ երկրի երկարաժամկէտ զարգացման վրայ։ Շաբաթավերջի ընտրութիւններուն պիտի մրցին 19 քաղաքական ուժեր։ Ոմանց պարագային ընտրութեան առաջադրումը եղած է դաշինք կազմելու ճամբով եւ այդ մէկը պատճառ կը դառնայ, որ տուեալ կողմը (օրինակ՝ «Հայաստան» դաշինքը) յաջողութեան հասնելու համար պարտադրուած պիտի ըլլայ հաւաքել քուէներուն առնուազն 8 տոկոսը։ Այսինքն, դաշինքներու պարագային աւելի բարձր է՝ նուազագոյն քուէներու համար սահմանուած շեմը: Հայաստանի մէջ այդ տոկոսը կը կոչուի «անցողիկ շեմ», առանց որուն ալ այդ դաշինք կազմած ուժերը առիթ պիտի չունենան յայտնուելու նոր կազմուելիք խորհրդրանին մէջ։

Ամէն պարագայի, վերջին շրջանի վերլուծութիւնները, մեկնաբանութիւնները եւ յաճախ ալ հարցախոյցները ցոյց կու տան, որ նոր կազմուելիք Ազգային ժողով անցնելու իրական ներուժը ունին ամենաշատը՝ հինգ քաղաքական ուժ-դաշինքներ, որոնք են հետեւեալները.

- «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, 

«Հայաստան» դաշինքը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի,

- «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդած դաշինքը՝ գլխաւորութեամբ գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանի,

- «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործարար Գագիկ Ծառուկեանի,

- «Միասնութեան թեւեր» դաշինքը՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի նախկին Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի:

Այս է ընդհանուր պատկերը եւ, անշուշտ, բնաւ պէտք չէ բացառել, որ այլ ուժեր եւս կարողանան յաղթահարել նուազագոյն շեմը եւ յայտնուիլ խորհրդարանին մէջ: Ու այդ բոլորի վերջնական պատասխանը ստանալու համար հարկ է սպասել ընտրութեանց վերջնական արդիւնքին՝ հեռու մնալով ենթադրութիւններու երթալու անշնորհակալ գործէն։

Ստորեւ, փորձենք ամփոփ ներկայացնել վերոյիշեալ հինգ քաղաքական ուժերու նախընտրական խոստումներու եւ քաղաքական մօտեցումներու ընդհանուր հայեցակարգերը։

Թէ ի՞նչ են ՔՊ-ի նախընտրական մօտեցումներն ու հիմնական շեշտադրումները: Նախքան խորանալը ՔՊ-ի նախընտրական ծրագրին մէջ, հարկ է նշել իշխանական կուսակցութեան ընտրական ցուցակի առաջին տասը անունները. Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան, Անահիտ Աւանէսեան, Սուրէն Պապիկեան, Գէորգ Պապոյեան, Սրբուհի Գալեան, Ռուբէն Ռուբինեան, Վահագն Ալեքսանեան, Ալխաս Ղազարեան, Արայիկ Յարութիւնեան:

ՔՊ-ի նախընտրական ծրագիրը հիմնուած է «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան եւ տնտեսական ու հաստատութենական վերափոխման հաւատամքի վրայ։ 2026-2031 թուականներուն համար կուսակցութիւնը կը մատնանշէ քանի մը առանցքային ուղղութիւններ, որոնց մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւեն՝ խաղաղութեան վերջնական հաստատումը, կրթութեան զարգացումը եւ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը՝ որպէս պետական ռազմավարութեան հիմնասիւներ։ 

Խաղաղութեան գործընթացը, ըստ ծրագրին՝ սկիզբ առած է 2024-ին՝ Տաւուշի մարզին մէջ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքով, ապա շարունակուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համապատասխան յանձնաժողովներու գործունէութեամբ եւ միջազգային համաձայնութիւններով։ 2025 թուականի օգոստոսի 8-ին, նախաստորագրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը Սպիտակ տան մէջ: Իսկ Ուաշինկթընի հռչակագիրը ամրագրած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման սկզբունքները։ Այս ուղղութեամբ առաջնահերթ կը նկատուին սահմանազատման գործընթացի շարունակութիւնը, TRIPP ծրագրի իրականացումը եւ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրումն ու կիրառկումը։ Միեւնոյն ժամանակ, կարեւոր կը համարուին հասարակական, տնտեսական եւ մշակութային շփումները՝ որպէս խաղաղութեան ամրապնդման յաւելեալ միջոցներ։

ՔՊ-ի նախընտրական ծրագրին մէջ կրթութիւնը կը ներկայացուի՝ որպէս «ռազմավարութիւններու ռազմավարութիւն»՝ ընդգրկելով կեանքի բոլոր փուլերը եւ միտուած ըլլալով գիտելիքի, կարողութիւններու եւ հմտութիւններու համակողմանի զարգացման։ Այս ծիրին մէջ առանձնակի ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի նախադպրոցական կրթութեան՝ մանկապարտէզներու կառուցման ու նորոգման, կրթութեան հասանելիութեան ընդլայնման, պարտադիր նախադպրոցական կրթութեան ապահովման եւ որակի վերահսկողութեան բարելաւման միջոցով։

Արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ կը շեշտուի հաւասարակշռուած մօտեցումը, որ արդէն ցուցաբերած է իր արդիւնաւէտութիւնը՝ նպաստելով Հայաստանի արտաքին միջավայրի որոշ կայունացման։ Այս ուղեգիծը պիտի շարունակուի՝ նպատակ ունենալով կանխել արտաքին յարաբերութիւններու անհամաչափութիւնները կամ ապահովել անոնց հակակշռումը։ Սոյն քաղաքականութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը «տարածաշրջայնացում»ն է, որ կը նպատակադրէ Հայաստանի համար սեփական շրջապատին մէջ ինքնաբաւ եւ կայուն գոյակցութիւնը դարձնել գործնական իրականութիւն։ Այս իմաստով կարեւոր կը նկատուի յարաբերութիւններու զարգացումը երկրի անմիջական հարեւաններուն՝ Վրաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։

Տարածաշրջանային համագործակցութեան այս տրամաբանութեան մէջ առանձնակի տեղ կը գրաւէ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը։ TRIPP ծրագրի իրականացումն ու Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկումը կը դիտուին՝ որպէս այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք կրնան ո՛չ միայն ամրապնդել խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը, այլեւ Հայաստանը վերածել արեւելք-արեւմուտք եւ հիւսիս-հարաւ կապերու կարեւոր հանգոյցի՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի։ 

Տարածաշրջայնացման գործնականացման մէջ կարեւոր կը համարուի նաեւ՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի զարգացումը, ուր Ռուսաստանի ներգրաւուածութիւնը կը ստեղծէ նաեւ Հայաստանի եւ այդ երկրի միջեւ յարաբերութիւններու շինիչ վերափոխման հնարաւորութիւն։

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան որդեգրած է «Տարածաշրջայնացում-2» հայեցակարգը, որ կը տարածուի Կեդրոնական Ասիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հնդկաստանի ուղղութեամբ։ Վերջին շրջանին հաստատուած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի հետ: Կը նախատեսուի այս ուղղութիւնը զարգացնել յառաջիկայ տարիներուն։

Արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ Հայաստան ռազմավարական գործընկերութիւններ եւ երկխօսութիւններ զարգացուցած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Վրաստանի, Հոլանտայի, Չինաստանի, Անգլիոյ, Ղազախիստանի, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի նման երկիրներու հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կը գտնուին շինիչ վերափոխման փուլի մը մէջ եւ կը շարունակուի փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումը՝ ըստ իշխանական խօսոյթին։

Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն զգալի զարգացում արձանագրած են։ ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութիւնը նպաստած է սահմանային կայունութեան, իսկ «Դիմակայունութիւն եւ աճ» ծրագիրը կը ծառայէ երկրի զարգացման։ Մեկնարկած են մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման գործընթացը, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները։ Հայաստան կը շարունակէ բարեփոխումները՝ Եւրոմիութեան չափանիշներուն համապատասխանելու նպատակով՝ դիտարկելով ապագայ անդամակցութիւնը՝ որպէս հաւանական քաղաքական հեռանկար։

Միաժամանակ, կը շեշտուի, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստան կը շարունակէ իր անդամակցութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ՝ զարգացնելով առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները՝ քանի դեռ ԵՄ-ի հետ մերձեցման գործընթացը համատեղելի է այդ անդամակցութեան հետ։ 

Բազմակողմանի հարթակներու վրայ Հայաստանի մասնակցութիւնը կը դիտուի՝ որպէս արտաքին քաղաքականութեան հաւասարակշռման կարեւոր միջոց։ Հայաստան կը շարունակէ իր գործօն ներգրաւուածութիւնը ՄԱԿ-ին, Եւրոխորհուրդին, ԵԱՀԿ-ին, ԱՊՀ-ին, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան եւ այլ միջազգային կառոյցներու մէջ։

2026-ի հոկտեմբերէն սկսեալ Հայաստան պիտի ստանձնէ ՄԱԿ-ի «Կենսաբազմազանութեան մասին» պայմանագրի COP17 համաժողովի նախագահութիւնը՝ ստանձնելով կարեւոր դեր բնապահպանական միջազգային օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ։ 

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամակցութեան նկատմամբ եւ կը շարունակէ դիտարկել այլ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ իր մասնակցութեան հնարաւորութիւնները։ Հայաստանի անդամակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կը մնայ սառեցուած եւ մօտաւոր ապագային այս ուղղութեամբ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր։

Այսպէսով, նախընտրական դաշտը կը ներկայանայ բազմաբեւեռ եւ մրցակցային պատկերով մը, ուր իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ կը ձգտի յստակեցնել իր տեսլականը՝ երկրի ապագայ զարգացման ուղղութիւններուն վերաբերեալ։ Ծրագրային դրոյթներու, խոստումներու եւ քաղաքական շեշտադրումներու այս բազմազանութիւնը կը ձեւաւորէ ընտրական այն միջավայրը, ուր տարբեր մօտեցումներ կը մրցին իրարու հետ՝ հասարակութեան վստահութիւնը շահելու համար։

Ընտրողին առջեւ դրուած է ընտրութիւն մը, որ պարզ ձեւով քուէարկութեան գործողութիւն մը չէ միայն, այլ՝ կշռադատման եւ համեմատութեան գործընթաց մը: Սա կը պահանջէ ո՛չ միայն ներկայացուած խոստումներու գնահատում, այլեւ անոնց իրագործելիութեան, հետեւողականութեան եւ երկարաժամկէտ ազդեցութեան շուրջ մտածում։ Միեւնոյն ժամանակ, այս ընտրութիւնները կը դառնան քաղաքական պատասխանատուութեան պահ մը, ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի իր մասնակցութեամբ կ՚ազդէ ապագայ քաղաքական դասաւորումներուն վրայ։ Այս իմաստով, ընտրութիւնը կը ստանայ աւելի լայն նշանակութիւն՝ վերածուելով պետական զարգացման ուղղութեան ընտրութեան։

Վերջնական խօսքը, սակայն, կը պատկանի ընտրողին։ Ա՛ն է, որ իր քուէով պիտի որոշէ, թէ ո՞ր ուժերուն պիտի վստահուի երկրի կառավարման պատասխանատուութիւնը եւ ո՞ր ուղին պիտի ընտրուի յառաջիկայ տարիներուն համար։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026