ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի շրջանակներէն ներս, երէկ, Կարսի մէջ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կարեւոր հաւաք մը: Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին ստեղծուած նոր իրավիճակին մէջ, այս հաւաքը կազմակերպուեցաւ՝ աջակցութեամբ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն: Երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւններէն Այշէ Ուզէր եւ Հայկ Դարբինեան ներկայ գտնուեցան գործարարներու հաւաքին եւ հանդէս եկան ելոյթներով: Հարկ է նշել, որ հայ գործարարներու խումբը Կարս մեկնեցաւ՝ հատելով Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը:
Կը հաղորդուի, որ երկու երկիրներու գործարար աշխարհներու ներկայացուցիչները ողջունեցին Թուրքիա-Հայաստան երկկողմանի առեւտուրի սկիզբին համար ձեւաւորուած բարենպաստ միջավայրը: Երկու երկիրներու գործարար համայնքներէ դէմքերը կը ներկայացնէին՝ սննդամթերքի, խմիչքներու, շշալցուած ջուրի, հիւթերու, միրգերու, ծխախոտի, շինարարութեան, զբօսաշրջութեան, ծաղիկի արտադրութեան եւ այլ ոլորտները: Անոնք ընդգծեցին Թուրքիա-Հայաստան առեւտուրի ոլորտի համագործակցութեան ներուժը եւ կարծիքներ փոխանակեցին ապագայ համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ:
Հանդիպման մասնակիցները ողջունեցին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուրի սկիզբի համար Թուրքիոյ մէջ անհրաժեշտ վարչարարական ընթացակարգերու աւարտը, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ երկու երկիրներուն միջեւ երրորդ երկրի տարածքով իրականացուող բեռնափոխադրումներու պարագային որպէս վերջնակէտ կամ ծագման երկիր նշել Հայաստանը: Բաց աստի, գործարարները ընդգծեցին հայկական ապրանքներուն համար Ախալքալաք (Վրաստան) - Կարս (Թուրքիա) երկաթուղիի հասանելիութեան տրամադրման կարեւորութիւնը: Սա նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ երկկողմանի եւ տարածաշրջանային առեւտուրին համար: