ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները փոխանակեցին շնորհաւորանքներ: Այսպէս, Փաշինեան Էրտողանը շնորհաւորեց՝ մօտաւոր անցեալի Քուրպանի տօնին առթիւ, իսկ Էրտողան՝ Փաշինեանը նախօրէի ծննդեան տարեդարձին կապակցութեամբ:
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները քննարկեցին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացն ու տարածաշրջանային հարցերը: Էրտողան նշեց, որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի՝ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկին ուղղուած քայլերով: Ան ընդգծեց, որ Թուրքիա ջանքեր կը գործադրէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան համար եւ միշտ կ՚աջակցի այս ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն:
Էրտողան եւ Փաշինեան կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգի հարցերուն վերաբերեալ՝ գոհունակութիւն յայտնելով շփումներու աշխուժացման առթիւ: Մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ Թուրքիոյ փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազի Հայաստան այցը՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին մասնակցելու համար: Ղեկավարները անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան ուղիղ առեւտուրի ընթացակարգերը սահմանելու որոշման եւ Ախալքալաք-Կարս երկաթուղիի բացման՝ Հայաստանէն ներմուծումներու եւ արտածումներու իրականացման տեսանկիւնէն: