ՀԱՅԵԼԻՆ

Այո՛, պիտի տօնեմ Ս. Ծնունդը, Նոր տարին եւ Ծառատօնը։ Ասկէ ետք այլեւս բաց պիտի չձգեմ խնջոյք մը, հարսնիք մը, ո՛չ ալ հոգեհանգիստի կամ թլփատութեան առիթ մը, առանց առաջինը ներկայանալու եւ վերջինը հեռանալու վայրէն: Բոլոր առիթներու հագուստները եւ փաստաթուղթերը ունիմ, որով ամենէն շքեղ խաւերն իսկ, իրենց դռները կը բանան իմ աջեւս: Բաւարար է, որ աթոռ ունեցող ուսուցիչ մըն եմ արաբական քարտէսին դիմաց կամ այցելու ուսուցիչ մը՝ գիշերանոցով, հողաթափով եւ ծածկոցով արաբական աշխարհի ամենէն վայելուչ բանտերէն եւ դատախազութեան կեդորններէն ներս. որոնց վրայ հազի եւ կրծքաւանդակի հիւանդութիւններու ամենէն բարձր վկայականներով՝ Մալպոր համալսարանէն: Արդարեւ, ինձմէ աւելի ո՞վ արժանի է զուարճանալու, ուրախանալու եւ ծիծաղելու որեւէ մէկ բանի մը համար եւ ամէն ինչի վրայ։

Այո՛, պիտի տօնախմբեմ Նոր տարուան գիշերը, սիրտիս խորքերէն պիտի ծիծաղիմ մինչեւ որ կողերս պայթին՝ փոքրիկ մանուկի մը պէս, որ մանկական շարժանկարներ կը դիտէ…, ինչպէս քաղաքական առաջնորդ մը, որ իր պատշգամէն կը դիտէ աշակերտ մը, որ սառնամանիքին մէջ իր երկրի դրօշը կը բարձրացնէ բարեւի կանգնելով անոր դիմաց։ Ինչպէս արաբ շինարար մը, որ գետինէն հացի կտոր մը կը վերցնէ եւ կը համբուրէ զայն, ապա երեք անգամ կը դնէ զայն իր գլուխին վրայ։ Ինչպէս արաբ մը, մինչ իր հագուստները հանելը իր կնոջ լրատուականներէն լուրեր կը փոխանցէ մեկնաբանելով զանոնք: Ինչպէս Ռանըլտ Ռեկըն, որ կը լսէ արաբներուն հայհոյանքները ամերիկացիներուն եւ անոնց ղեկավարներուն սպառնալիքները կործանելու Ամերիկայի շահերը եւ միջազգային հանրութեան դիմաց խայտառակելով անոր քաղաքականութիւնը, մինչ անոնց դեսպանները կողքի սենեակն են եւ ժամերէ ի վեր կը սպասեն ձայնի մը՝ հանդիպելու եւ զրուցելու համար անոր հետ՝ նոյնիսկ դուռի բացուածքէն:

Սակայն, ինչո՞վ խնդամ. քիթո՞վս, ականջո՞վս, մինչ բերանս գոց է նորոգութիւններու պատճառով: Սեպենք, որ այդ խնդիրները լուծեցի եւ բերանս ուժով բացի, արդարադատութեան նախարարութեան սպային եւ մամուլի ներկայացուցիչին հսկողութեամբ, արդարեւ, որո՞ւ հետ գիշերը տօնախմբեմ այս առիթով:

Ընկերո՞ջ մը հետ. բոլոր ընկերներս նահատակներ են՝ գետնին տակ կամ անոր վրայ:

Վաճառականի՞ մը հետ. գիշերը անցընելէ ետք, ցած ու յարմար գինով պիտի ծախէ զիս: 

Բանաստեղծի՞ մը հետ. պիտի ըսէ ինծի. «Խնդրեմ, ձգէ՛ զիս, երկու ամիսէ ի վեր անիմաստ տեղ բանաստեղծութեանս համար նոր տող մը կը փնտռեմ: Բացի (փախցնելէ) ուրիշ բան չկայ»:

Ընդդիմադիր երկիրներէն պայքարողի՞ մը հետ. պիտի ըսէ ինծի. Քեմփ Տէյվիտի եւ Արաբական միութիւնը իրականացնելէ ետք քովս եկուր:

Աջակից երկիրներէն «ուղտի՞» մը հետ. պիտի ըսէ ինծի. ներողութիւն, ես քաղաքացի մըն եմ, իսկ դուն՝ եկուոր մը:

Կէս գիշերին փողոցները աւլողի՞ մը հետ. պիտի ըսէ ինծի. «Ժամանակ չունիմ», դիմացս այս առիթով բլուր մը քարտեր ունիմ, որ չե՛ն կարդացուած եւ նոյնիսկ անոնց պահարանները չե՛ն բացուած:

Սեպենք, թէ գտայ մէկը, որ համաձայնի ինծի հետ տօնախմբել եւ ընկերակցի ինծի դէպի գինետուներ ու ըմպելարաններ այնպէս՝ ինչպէս երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ կը բերուին ու կը ճարուին ծափահարողներ հանդէսներու եւ ընտրութիւններու ժամանակ:

Այս դէմքո՞վ պիտի դէմ յանդիման կանգնիմ Տիրոջս եւ անոր ծառաներուն դիմաց այս առիթով:

Այս մէջքո՞վ դէմ յանդիման պիտի կանգնիմ ժողովուրդիս անոր ուրախութեան գիշերը:

Ապա, այս ոտքերո՞վ դէմ յանդիման պիտի կանգնիմ հայրենիքիս հողին եւ երկրիս գորգին:

Ա՜խ, բժիշկները, բժշկական պարբերականներն ու առողջութեան համար կատարուած ձեռնարկներն ու զեկուցումները ինչքան խաբած ու շեղած են զիս:

իՍտեպղինը աքչերուն օգտակար է:

Կաղամբը յօդերը կը բուժէ:

Ձէթը դէմքը կը մաքրէ:

Խնձորը ջիղերը կը հանգստացնէ:

Անանուխը սիրտը կը թարմացնէ:

Ասորեակը (Eruca Sativa-ճարճիր) մազաթափութիւնը կ՚արգիլէ:

Կը հաւատայի, ինչ որ կ՚ըսէին ու կը գրէին, ինչպէս նաեւ կը գործադրէի անոնց ցուցմունքները գիշեր ու ցերեկ, նոյնիսկ օր մը կը պատրաստուէի այգիներուն մէջ արածելու:

Սակայն, ամէն գիշեր միայն հայելիին դիմաց նստիմ ու Ֆարիտ Աթրաշի վերջին ֆիլմին՝ «Երաժշտութիւն կեանքիս մէջ» Աթրաշի դէնքին նմանող դէմքս տեսնեմ, կը համոզուիմ, որ պարտութիւնս յաւիտենական է եւ ո՛չ մէկ բժշկութիւն, բուժում կամ յիմարութիւն պիտի կարենան փրկել զիս:

Արդարեւ, այս աչքերը, որ Պաղեստինի, Լիբանանի, Ծոցի, Մաղրէպի բաժանումը, ինչպէս նաեւ Արեւելքի պատռտիլը տեսան, աւելին՝ տեսան նահատակներու, բանտարկեալներու, գաղթականներու, հեռացողներու, եկուորներու եւ փախչողներու խումբեր, աւելին՝ տեսան ալ-Սատաթը Երուսաղէմի, Պեկընը՝ Գահիրէի, Շարոնը՝ Պէյրութի (հետատեսիլով) մէջ, ինչպէս նաեւ Հանի Շաքէրն ու Ուալիտ Թաուֆիքը «անձնապէս» տեսան. արդարեւ, ո՞ր ստեպղինը կամ շաղգամը անոնց պիտի վերադարձնեն իրենց փայլքն ու վճիտութիւնը: 

Այս խորունկ եւ իրար անցած կնճիռները՝ ինչպէս պաղեստինեան վրանները ձմրան:

Այս դէմքը, զոր աջն ու ձախը աւելի ապտակած են, քան փռապանը կ՚ապտակէ իր բաղարջը: Ո՞ր ձէթը կամ ձիթապտուղը անոր պիտի վերադարձնեն իր վտիտութիւնն ու փայլքը:

Այս ծունկերը, որ իրենց ծնած օրէն իրարու կը զարնուին պաղէն, դպրոցի տնօրէնէն, բանտի տնօրէնէն, գործատէրէն, մաքսատան դիմաց, ստուգման կէտերուն դիմաց, սահմանին վրայ, հարցաքննութեան վայրերը, ուժային կեդրոններու դիմաց, ո՞ր մէկ կաղամբը կամ կոճկղոզը անոնց պիտի վերադարձնէ իրենց աշխուժութիւնն ու ուղիղ կեցուածքը: 

Տակաւին, այս ջիղերը՝ որոնք համբերեցին տարկեան յեղաշրջումներ, օրական հաղորդումներ, յաւիտենական ճառեր, դատական հրամաններ, շտապօգնութեան ինքնաշարժներու ձայներ, ճանապարհայի ոստիկանութեան ինքնաշարժերու ձայներ: Ինչպէս նաեւ համբերեց սպասել պատերազմներու արդիւնքներուն, երկխօսութիւններու արդիւնքներուն, ընտրութիւններու արդիւնքներուն, քննութիւններու արդիւնքներուն, բախտախաղի արդիւնքներուն, ոստիկանական ֆիլմերու եւ քաղաքական հեռատեսիլային շարքերու աւարտին… Ո՞ր մէկ խնձորը կամ դեղձը պիտի հանգստացնէ զանոնք եւ հեռացնէ անոնց լարուածութիւնը: Ինքնաշարժներու անբնականոն քշուածքը առանձինն ամէն առտու կարիք ունի ամբողջական սնտուկի մը իր տախտակներուն եւ գամերուն հետ: 

Ապա, որո՞ւ կենացը պիտի խմեմ ովկիանոսէն մինչեւ ծոց:

Մորթէ բաճկոններո՞ւն, արեւաբաղնիքներո՞ւն, թէ «Solitaire»ի մատանիներուն ու ապարանջաններուն կենացը:

Կենացը միրքերու եւ բանջարեղէններու վաճառականի՞ն, որ սկսած է հարցնել պոհեմական բիւրեղի գիներու մասին, իսկ պոհեմական բանաստեղծը քիչ մըն ալ եւ պիտի սկսի միրքերու եւ բանջարեղէններու կեղեւները ուտել:

Թէ՞ կենացը դատական վճիռներու եւ արտակարգ վիճակներու, որոնք յաւիտենական դարձան, ինչպէս յարաբերականութեան օրէնքներն ու երկնային մարմինները: 

Ի՞նչ խմեմ եւ խմեմ:

Կարիք ունիմ Ապըտ ալ-Նասէրին հասակին չափով գաւաթի մը, որպէսզի մոռնամ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ ջիղերուս հետ, այն պահէն ի վեր, երբ տարածաշրջանին մէջ «յեղափոխական գործի սկիզբը տրուեցաւ»:

Ինչպէս նաեւ աւելի երկար նիստի մը՝ թշնամիին հետ հրադադարի հասնելու համար, որպէսի մոռնամ, թէ ի՛նչ պիտի պատահի ինծի, ջիղերուս եւ ազգիս հետ այն պահէն ի վեր, երբ «Rolex» ժամացոյցը հնչեց տարածաշրջանէն ներս: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026