ՆՈՐ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Խորհրդարանական ընտրութիւններու վերաբերեալ կանխատեսումներու եւ քաղաքական հաւանական ճակատագրերու խաչմերուկին է «Հայաստան» դաշինքի փորձաքարը: Հայաստանի ներքին քաղաքական դաշտը մտած է այս նոր նախընտրական փուլին, ուր քաղաքական ուժերը ո՛չ միայն կը ներկայացնեն իրենց ցուցակները, այլեւ կը փորձեն վերահաստատել իրենց տեսլականը երկրի ապագայի նկատմամբ՝ տնտեսական, ընկերային եւ կառավարման տարբեր մօտեցումներով։ Այս ընդհանուր նախապատկերին մէջ ձեւաւորուած են նաեւ դաշինքներու կառուցուածքը, ղեկավար կազմերը եւ քաղաքական հիմնական ուղերձները, որոնք պիտի ազդեն շաբաթավերջի ընտրական մրցապայքարին վրայ։ Այս առումով ալ ու խօսելով ընտրական գլխաւոր ուժերէն «Հայաստան» դաշինքին մասին՝ պէտք է նշել, որ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ժամանակ ան կ՚առաջնորդուի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ։

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գերագոյն ժողովի նիստին եւ «ԱռԱջ» կուսակցութեան համագումարի ընթացքին հաստատուած էր դաշինքի նախընտրական ցանկի առաջին երեք տասնեակը։ Ցուցակի երկրորդ տեղը կը զբաղեցնէ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, որուն կը յաջորդէ երեսփոխան Աննա Գրիգորեան։ Առաջին հնգեակին մէջ ներառուած են «ԱռԱջ» կուսակցութեան ղեկավար Սեւակ Խաչատրեան եւ երեսփոխան Արթուր Խաչատրեան։ Դաշինքին տակաւին ամիս մը առաջ միացաւ «ԱռԱջ» կուսակցութիւնը՝ իր մասնակցութիւնը բերելու համար քաղաքական այս համագործակցութեան։ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական կարգախօսն է՝ «Միասին կարող ենք»։

«ԱռԱջ» կուսակցութեան ղեկավար Սեւակ Խաչատրեան քաղաքական գործունէութեան ամբողջին մէջ գլխաւորած է ընդդիմադիր «Յաղթանակ» կուսակցութիւններու դաշինքի ցուցակը՝ Վաղարշապատի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն։ 

Երեւանի «Քոնկրես» պանդոկին մէջ ներկայացուեցաւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական ծրագիրը, վարչապետի թեկնածուն է Ռոպերթ Քոչարեան: Նախընտրական ծրագրի ընկերային-տնտեսական բաժինը կը միտի հանրութեան ներկայացնել զարգացման եւ ընկերային քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները՝ արձանագրելով երկրի առկայ խնդիրներն ու առաջարկելով լուծումներ։

Ծրագրի տնտեսական բաժնով ընդգծուած է, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը վերջին տարիներուն, հիմնականին մէջ, հիմնուած է ծառայութիւններու եւ մանրածախ առեւտուրի վրայ, իսկ արտածման կառուցուածքը կը շարունակէ մեծ չափով կախեալ մնալ հանքարդիւնաբերութենէն եւ մի քանի աւանդական ոլորտներէ։ Միաժամանակ, շեշտուած է, որ տնտեսական աճը զգալի չափով կապուած է պետական պարտքի աճին հետ, ինչ որ երկարաժամկէտ տեսանկիւնէն կը դիտուի՝ որպէս վտանգաւոր միտում մը։

Արդիւնաբերական քաղաքականութեան մասով ծրագրին մէջ առաջնահերթ դասուած է արտադրական ոլորտի վերակենդանացումը եւ բարձր արհեստագիտական տնտեսութեան զարգացումը։ Դաշինքի հիմնական նպատակներէն է ստեղծել աւելի բազմազան տնտեսական կառուցուածք մը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ մրցունակ արտադրութեան եւ աւելցուած արժէք ստեղծող ճիւղերու վրայ։

Գիւղատնտեսութեան բաժինով կարեւորուած է ոլորտի վերականգնումը եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացումը։ Նախատեսուած են հողային քաղաքականութեան բարեփոխումներ՝ խրախուսելով համագործակցային ձեւերը եւ հողերու աւելի արդիւնաւէտ օգտագործումը՝ առանց սեփականութեան իրաւունքի խախտման։ Պետական աջակցութիւնը պիտի ներառէ՝ մատչելի վարկաւորում, սերմնացուի եւ անասնաբուծական միջոցներու ապահովում, ջրային ներուժի աւելի արդիւնաւէտ կառավարում, ինչպէս նաեւ իրացման եւ արտածման աջակցութիւն։ Ոլորտին մէջ կը նախատեսուած է նաեւ կառավարման աւելի կեդրոնացած համակարգի մը վերականգնումը։

Ընկերային քաղաքականութեան մասով ծրագրին մէջ հիմնական շեշտը դրուած է եկամուտներու անհաւասարութեան նուազեցման եւ ընկերային բեւեռացման մեղմացման վրայ։ Նպատակադրուած է նուազագոյն աշխատավարձի համապատասխանեցումը կենսապահովման իրական արժէքին, ինչպէս նաեւ կենսաթոշակներու էական բարձրացում եւ գնաճի համընթաց կարգաւորում։

Ծրագրին մէջ տեղ գտած է նաեւ հանրային միջոցներու եւ սփիւռքի ներուժի ներգրաւման գաղափարը՝ բազմաուղղուած զարգացման ֆոնտի մը ստեղծմամբ: Այսպէսով նախատեսուած է ներգրաւել արտաքին եւ ներքին ելմտական աղբիւրներ պետութեան զարգացման համար։

Ընդհանուր առմամբ, ծրագրով ներկայացուած է տնտեսական արդիւնաբերութեան վերակենդանացման, ընկերային արդարութեան ամրապնդման եւ պետական կառավարման աւելի համակարգուած ու նպատակային մօտեցման տեսլական մը։

Հարկ է նշել, որ Ռոպերթ Քոչարեանի ղեկավարած «Հայաստան» դաշինքի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած պիտի ըլլայ Ռուսաստանի հետ «բացառիկ» յարաբերութիւններ ունենալու եւ առկայ իրավիճակը սրբագրելու ընդհանուր միտումներուն վրայ: Միւս կողմէ, կարեւոր արժէք տրուած է Իրանին, Եւրոպային եւ, անշուշտ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Ի դէպ, Քոչարեան առանձնակի ուշադրութեամբ կը խօսի Իրանի դերի կարեւորութեան մասին: Անշուշտ, այլեւս շատ պարզ չէ, թէ յետպատերազմեան Իրանը ինչքանո՞վ պիտի կարողանայ առանցքային դերակատարութիւն մը ունենալ Հարաւային Կովկասի եւ Հայաստանի կտրուածքով։

«Հայաստան» դաշինքի գլխաւոր թեկնածուները ուշագրաւ անուններ են: Ռոպերթ Քոչարեան, Իշխան Սաղաթէլեան եւ թեկնածուներու ցուցակի երրորդ հորիզոնականին վրայ Աննա Գրիգորեան։ Այս եռեակը հիմնականօրէն նոյնն է 2021 թուականի ընտրութիւններու ցուցակին հետ։ Այդ ժամանակ Ռոպերթ Քոչարեան նոյնպէս գլխաւորած էր ցուցակը, սակայն, ընտրութիւններէն ետք իր երեսփոխանի պաշտօնը չէր ստանձնած՝ նշելով, որ իր հիմնական ներգրաւուածութիւնը գործադիր ոլորտն է։ Ցուցակի չորրորդ տեղը կը զբաղեցնէ Սեւակ Խաչատրեան, որ Վաղարշապատի համայնքային ընտրութիւններուն ստացած էր 31.9 առ հարիւր ձայն։ Հինգերորդ եւ վեցերորդ տեղերը կը զբաղեցնեն Արթուր Խաչատրեանն ու Քրիստինէ Վարդանեանը՝ երկուքն ալ ՀՅԴ գերագոյն մարմնի անդամ եւ այժմու խորհրդարանի երեսփոխաններ։ Վարդանեան կը զբաղի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի աշխատանքներով, իսկ Խաչատրեան՝ ելմտավարկային եւ պիւտճէի հարցերու յանձնաժողովին մէջ։ Առաջին տասնեակին մէջ կը գտնուին նաեւ Աղուան Վարդանեան, Գեղամ Մանուկեան, Ագնեսա Խամոյեան եւ Լեւոն Քոչարեան՝ բոլորն ալ այժմու երեսփոխաններ։

Քոչարեանի դաշինքին մրցապայքարի մէջ ըլլալը կը դիտարկուի երեք տեսանկիւնէ. վերադա՞րձ, փորձութի՞ւն, թէ վերջնական դատաստան… Այս բոլորի լոյսին տակ ակնյայտ կը դառնայ, որ շաբաթավերջի ընտրութիւնները ո՛չ միայն հերթական քաղաքական պայքար մը չեն, այլեւ որոշիչ պահ մը՝ թէ՛ անհատական քաղաքական ճակատագրերու եւ թէ կուսակցական ազդեցութեան վերադասաւորման տեսանկիւնէն։ Մասնաւորաբար Ռոպերթ Քոչարեանի պարագային, այս ընտրութիւնները եկած են սահմանել իր քաղաքական գործունէութեան ամենէն վճռորոշ հանգրուաններէն մէկը։ Տարիներու քաղաքական վերադարձի փորձերէն ետք, անոր առաջնորդած դաշինքը այսօր կը գտնուի այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ արդիւնքը պիտի որոշէ ո՛չ միայն խորհրդարանական ներկայացուածութիւնը, այլեւ քաղաքական դերակատարի կարգավիճակի պահպանումը կամ աստիճանական թուլացումը։ Ընդդիմադիր դաշինքին մէջ առաջնորդութեան յաւակնութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ է զգալի ընտրական արդիւնք՝ հակառակ պարագային դաշինքը կրնայ կորսնցնել իր ծանրակշիռ ազդեցութիւնը եւ վերածուիլ աւելի սահմանափակ դերով ուժի մը։ Այս իմաստով ընտրութիւնները ստացած են ճակատագրական բնոյթ մը, որովհետեւ անոնք պիտի պատասխանեն այն հարցին, թէ արդեօք նախկին նախագահին քաղաքական վերադարձի նախագիծը ունի՞ երկարաժամկէտ կենսունակութիւն կամ ո՛չ։

Նոյն տրամաբանութեան մէջ Դաշնակցութեան պարագան եւս կը բացայայտէ նոր իրականութիւն մը։ Հակառակ իր կայուն եւ պատմական ընտրազանգուածին, կուսակցութիւնը վերջին ընտրական փուլերուն չյաջողեցաւ ամբողջովին վերածուիլ ընդդիմադիր դաշտի յառաջատարի։ Անոր ջանքերը՝ պահելու իր «աւանդական ընտրող»ը եւ, միաժամանակ, ընդլայնելու ազդեցութիւնը՝ բախած է քաղաքական մրցակցութեան, նոր դաշինքներու ձեւաւորման եւ ընդդիմադիր դաշտի բազմաբեւեռ բնոյթին։ Ի վերջոյ, Դաշնակցութիւնը մնացած է կայուն, բայց, ոչ-գերակշիռ դերակատարի կարգավիճակին մէջ՝ ունենալով ազդեցութիւն, սակայն, չըլլալով յառաջատար։ Այս ընտրութիւնները, ուրեմն, նաեւ անոր համար փորձաքար են՝ պարզելու, թէ արդեօք կուսակցութիւնը կրնա՞յ վերադառնալ աւելի վճռորոշ դերակատարութեան կամ պիտի շարունակէ գործել՝ իբրեւ պատմական, բայց, սահմանափակ քաղաքական կշիռով ուժ։

Ընդհանուր առմամբ, շաբաթավերջի ընտրութիւնները պիտի ձեւաւորեն նոր քաղաքական հաւասարակշռութիւն մը, ուր ո՛չ միայն իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ մրցակցութիւնը պիտի որոշուի, այլեւ ընդդիմադիր դաշտին ներսի վերադասաւորումը՝ առաջնորդութեան, ազդեցութեան եւ քաղաքական կենսունակութեան հարթութիւններով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2026