ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔ

Երէկ, Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական ատեանը փոփոխութեան ենթարկեց Տ. Բագրատ արք. Գալստանեանի խափանման միջոցը՝ բանտարկութիւնը փոխարինելով տնական կալանքի։ Նորին Սրբազնութեան պաշտպան փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեանի բողոքին ընդառաջ՝ դատարանը բեկանեց Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի որոշումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դատաւոր Վազգէն Ռշտունի Տ. Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի պարագային որոշեց տնային կալանք սահմանել՝ երկու ամիս ժամկէտով։ 

Տ. Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան ձերբակալուած էր՝ Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ան մեղադրուած էր իշխանութիւնը իւրացնելու եւ ահաբեկչական գործողութիւններ նախապատրաստելու վերաբերեալ յարուցուած քրէական վարոյթի շրջանակներէն ներս։

Նորին Սրբազնութիւնը մեղադրանքը չ՚ընդունիր եւ իր պաշտպանները յայտարարած են, որ քրէական հետապնդումը ունի քաղաքական բնոյթ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2026