«ՃԻՇԴ ՊԱՀՈՒ» ՀՈՏԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը (ԲՀԿ), անցեալին Հայաստանի մէջ մաս կազմած է համախոհական կառավարութիւններու: Անոր գլուխը կը գտնուի գործարար Գագիկ Ծառուկեան, որ հանրութեան որոշ խաւի մը աչքին նաեւ բարերարի համբաւ կը վայելէ: Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան»ը երկար լռութենէ վերջ ներկայիս դարձեալ վերադարձած է քաղաքական հաշուարկներու խաղին: Թէեւ նորաստեղծ, սակայն, նման դիրքի մը վրայ է նաեւ Արման Թաթոյեանի «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնը: Թաթոյեան, որ երկրի նախկին մարդու իրաւանց պաշտպանն է, անանտեսելի յառաջընթաց մը ապահոված է իր առաջնորդած քաղաքական ուժին, այսինքն, «Բարգաւաճ Հայաստան»ն ու «Միասնութեան թեւեր»ը անշրջադարձելի դերակատարներ դարձած են ներքին քաղաքական նոր հաւասարակշռութեան որոնումներուն մէջ՝ շաբաթավերջի խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ:
Ո՛չ ոք իսկապէս կը մտածէր, թէ Գագիկ Ծառուկեան պիտի հրաժարէր իր «բարերար»ի կոչումէն կա՛մ պիտի հեռանար իր կառուցած կերպարէն։ Այնուամենայնիւ, շատեր համոզուած էին, թէ ան եւ իր ղեկավարած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը այլեւս մտադիր չեն վերադառնալ մեծ քաղաքականութիւն։ Սակայն, իրականութիւնը եղաւ տարբեր։
Հարկ է այստեղ ընդգծել կարեւոր հանգամանք մը: Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ամենաբարդ փուլերէն մէկուն՝ Արցախի պատերազմի աւարտէն ետք տեղի ունեցած վճռորոշ ընտրութիւններուն, իր բոլոր հակասութիւններով հանդերձ՝ Ծառուկեան փորձեց դերակատարութիւն մը ունենալ եւ իր ներկայութիւնը պահպանել քաղաքական դաշտին մէջ։ Ծառուկեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յարաբերութիւններն ալ երկար ժամանակ մնացին անորոշ եւ հակասական։ Առաջին փուլին Ծառուկեան դարձաւ իշխանութեան հիմնական թիրախներէն մին, իսկ աւելի վերջ աստիճանաբար հեռացաւ քաղաքական կեանքէն՝ ընտրելով լռութեան եւ սպասումի ճանապարհը։ Այսօր, սակայն, ան կը փորձէ վերադառնալ։ Այս վերադարձը պարզ քայլ մը չէ, այլ փորձ մը՝ վերակազմակերպելու իր քաղաքական կշիռը նոր իրողութիւններու մէջ։ Բայց, այստեղ կը ծագի հիմնական հարցումը. մինչեւ ե՞րբ Հայաստանի քաղաքական դաշտը պիտի շարունակէ ապրիլ «մարդ-կուսակցութիւն» տրամաբանութեամբ։ Մինչեւ ե՞րբ կուսակցութիւնները պիտի մնան անձերու շուրջ կառուցուած ժամանակաւոր հաստատութիւններ՝ փոխանակ դառնալու գաղափարական, հաստատուն եւ պատասխանատու ուժեր։
Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած ուժը այսօր կը ներկայանայ «Առաջարկ Հայաստանին» նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ՝ հրապարակելով իր ցուցակը եւ քաղաքական ծրագիրը։ Ծառուկեան ցանկի գլուխն է, սակայն, չի՛ յայտարարեր վարչապետի թեկնածու ըլլալու մասին՝ պահելով այդ հարցը բաց եւ ենթակայ կուսակցական որոշման։ Ցուցակին մէջ ընդգրկուած են տարբեր քաղաքական անցեալով դէմքեր. օրինակ՝ Անդրանիկ Թեւանեան, Սուրէն Սուրէնեանց, Արա Այվազեան եւ այլք, որոնք կը ներկայացնեն տարբեր հոսանքներու եւ փորձառութիւններու համադրութիւն մը։ Այս բազմազանութիւնը մէկ կողմէ կրնայ դիտուիլ՝ որպէս լայն ընդգրկումի փորձ մը, իսկ միւս կողմէ՝ գաղափարական անորոշութեան դրսեւորում մը։
Միեւնոյն ժամանակ, ԲՀԿ-ը կը շարունակէ խուսափիլ վարչապետի թեկնածուի անունը հրապարակելէ՝ պատճառաբանելով, որ «ճիշդ պահը» դեռ չէ հասած։ Այս մօտեցումը կրկին կը յուշէ, որ քաղաքական հաշուարկները կը գերակշռեն յստակութեան եւ թափանցիկութեան բաղդատմամբ։ Կուսակցութեան նախընտրական կարգախօսն է՝ «Երաշխաւորուած խաղաղութիւն, բարգաւաճ Հայաստան»: Այսպէսով կը փորձուի միաւորել անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման եւ ընկերային բարեկեցութեան գաղափարները։ Սակայն, այս խոստումներուն իրագործելիութիւնը կախուած է ո՛չ միայն ծրագրերէն, այլեւ քաղաքական կամքէն եւ վստահութեան մթնոլորտէն։
Գագիկ Ծառուկեանի վերադարձը քաղաքական դաշտ՝ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի քաղաքական համակարգը տակաւին ամբողջովին չէ ձերբազատուած անհատական դերակատարներու գերակայութենէն։ Թէեւ նոր դաշինքներու եւ նախաձեռնութիւններու ձեւաւորումը կրնայ ստեղծել շարժումի տպաւորութիւն մը, սակայն, առանց գաղափարական յստակութեան եւ հաստատուն համակարգային մշակոյթի՝ այդ շարժումը կը մնայ կիսաւարտ։
Հայաստանի քաղաքական ապագան կախուած է այն բանէն, թէ արդեօք այսպիսի վերադարձները կը վերածուի՞ն իսկական վերափոխման, թէ կը շարունակեն մնալ ժամանակաւոր ալիքներ՝ պայմանաւորուած ընտրական պահերով։
Տեսնենք, արդեօք այս անգամ «վերադարձը» կը դառնա՞յ շրջադարձ, թէ ընդամէնը՝ հերթական փորձ մը անցեալը վերակենդանացնելու։
«Միասնութեան թեւեր»ը կը ձգտի քաղաքական կշիռ ձեռք բերել՝ նոր ձեւաւորուած ըլլալու յաւակնութիւնններու մթնոլորտին մէջ: Հաւանական է, որ ան մաս կազմէ նոր Ազգային ժողովին: «Միասնութեան թեւեր»ը դաշինքի վերածուեցաւ՝ իր շարքերուն մէջ ընդգրկելով Շահէն Յարութիւնեանի ղեկավարած քաղաքական ուժը (ծայրայեղ մօտեցումներով յայտնի Շանթ Յարութիւնեանի որդին):
Այս դաշինքին առանցքային դէմքն է Արման Թաթոյեան, որ իր անունը հաստատեց տարբեր փուլերու մէջ՝ որպէս իրաւաբան, մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ յատկապէս Արցախի եւ արցախահայութեան հարցերով բարձր ու հետեւողական ձայն։
Թաթոյեանի շուրջ գոյութիւն ունին տարբեր մեկնաբանութիւններ եւ ենթադրութիւններ, սակայն, անոր կերտած կերպարը, մասնագիտական փորձառութիւնը եւ լրջութիւնը կը ստեղծեն որոշ վստահութիւն մը։ Առաւելաբար ուշագրաւ է այն հանգամանքը, թէ լայն հանրութեան աչքին ան չէ ընկալուած՝ որպէս «նախկիններուն» հետ սերտ կապերով գործիչ մը, ո՛չ ալ գործող իշխանութիւններուն քծնող քաղաքական դերակատար մը։ Այս իրողութիւնը ինքնին կրնայ յուսադրիչ նկատուիլ։
Եթէ այս քաղաքական ուժը յաջողի ընտրութիւններէն որոշ ձեռքբերումներով դուրս գալ, ապա կարելի է ենթադրել, որ ան տակաւին ունի աճի եւ ձեւաւորման ներուժ՝ դառնալու աւելի հաստատուն դերակատար մը քաղաքական դաշտին մէջ։
«Միասնութեան թեւեր» դաշինքին նախընտրական ծրագիրը՝ խաղաղութիւնը եւ Հայաստանի շահերը կը համարէ առաջնահերթութիւն, ուր առանցքային տեղ կը տրուի քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ միջազգային ատեաններու մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, կը շեշտադրուի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու պաշտպանութեան եւ Ատրպէյճանի գրաւումէն ազատագրելու անհրաժեշտութիւնը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ նահատակներու ընտանիքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Ծրագիրը նաեւ կը նախատեսէ բարձր արհեստագիտական մակարդակով զինուած մասնագիտական բանակի ստեղծում եւ սեփական սպառազինութեան համակարգի զարգացում։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը նշուի բազմաբեւեռ մօտեցում՝ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան վերարժեւորումով եւ, միաժամանակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու խորացմամբ՝ Հայաստանի շահերուն համապատասխան։ Կարեւոր կէտերէն մէկն ալ Արցախի հայութեան ապահով, արժանապատիւ եւ կամաւոր վերադարձի իրաւունքի յառաջ մղումն է միջազգային օրակարգի մէջ։
Տնտեսութեան ոլորտին մէջ ծրագիրը կը միտի հզօր եւ մրցունակ համակարգի մը ձեւաւորման՝ նուազագոյն աշխատավարձի եւ կենսաթոշակներու բարձրացմամբ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի կորուստի պարագային ժամանակաւոր եկամուտի ապահովմամբ։ Նախատեսուած է նաեւ չմշակուած հողատարածքներու եւ լքուած շինութիւններու տրամադրում՝ ներդրումային ծրագրեր առաջարկողներուն, ինչպէս նաեւ գրեթէ ապահով հարկային միջավայրով արդիւնաբերական գօտիներու ստեղծում։ Կը խօսուի նաեւ նոր հարկային համակարգի մը ներդրման մասին՝ ներառեալ շրջանառութեան հարկի վերացման եւ անոնց փոխարինման պարզ՝ 5 տոկոսնոց հարկով։ Նաեւ կը շեշտուի արժեթուղթերու շուկայի հասանելիութիւնը, թուային դրամի ներդրումը՝ պետական ելմտական միջոցներու թափանցիկութեան ապահովման նպատակով եւ արտածման խթանումը՝ գիւղատնտեսական արտադրանքի վաճառանիշերով ու լոժիստիք աջակցութեամբ։
Ընկերային ոլորտին մէջ ծրագիրը կը նախատեսէ մարզերէ ներս բազմազաւակ ընտանիքներուն բնակարանային աջակցութիւն, կրթական համակարգի բարեփոխումներ եւ մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու հասանելիութեան ընդլայնում։ Կը նախատեսուի անցում պարտադիր 11-ամեայ կրթութեան, երեք խոշոր համալսարանական կեդրոններու ստեղծում երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ եւ ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացման խրախուսում՝ առանց աշխատանքային կորուստի սպառնալիքի։ Միեւնոյն ժամանակ, կը խոստացուի պետական համալսարաններու մէջ անվճար կրթութիւն եւ մասնաւոր հաստատութիւններու համար ճկուն վարկային համակարգ։ Առողջապահութեան ոլորտին մէջ կը նախատեսուի համընդհանուր անվճար բժշկական ծառայութիւններու ապահովում, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներու եւ ուսուցիչներու վարձատրութեան նոր համակարգի հաստատում՝ հաշուի առնելով աշխատանքի պայմանները։
Պետական կառավարման ոլորտին մէջ կը շեշտուի սահմանադրական հանրապետութեան ամրապնդումը՝ իրաւական զսպումներու եւ հակակշիռներու համակարգով։ Նախատեսուած է նաեւ հանրապետութեան նախագահի ուղղակի ընտրութիւն եւ անոր լիազօրութիւններու ընդլայնում։ Ընտրական համակարգին մէջ կը կարեւորուի «բոլորին դէմ» քուէարկելու հնարաւորութեան վերականգնումը եւ խորհրդարան մուտք գործելու շեմի իջեցումը։ Վերջապէս, առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի դատական համակարգի անկախութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու համար անվճար եւ մատչելի իրաւաբանական օգնութեան տրամադրման։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան