ԹՈՒԱՅԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ ԹԱԿԱՐԴԸ. «RAGE BAIT»

Ժամանակակից համացանցի աշխարհին մէջ կայ նոր երեւոյթ մը, որ շատեր արդէն կ՚ապրին ամէն օր՝ առանց նոյնիսկ գիտակցելու անոր գոյութիւնը։ Անգլերէնով զայն կը կոչեն «rage bait» այսինքն՝ դիտումնաւոր կերպով զայրոյթ, բարկութիւն կամ ատելութիւն հրահրող բովանդակութիւն։ Սա պարզ կարծիք մը չէ, ո՛չ ալ սովորական վիճաբանութիւն։ «Rage bait»ը ծրագրաւորուած խայծ մըն է, որ մարդու ներսի ամենէն արագ արձագանգող զգացումները կը թիրախաւորէ՝ որպէսզի մարդիկ մեկնաբանեն, վիճին, կիսեն եւ աւելի շատ ժամանակ անցընեն էքրանին առջեւ։

Այս երեւոյթը յատկապէս տարածուեցաւ ընկերային ցանցերու ժամանակաշրջանին։ Երբ հարթակներու ալկորիթմները սկսան արժեւորել ուշադրութիւնը՝ անկախ անոր որակէն, մարդիկ ալ սկսան հասկնալ, թէ զայրոյթը ամենաարագ տարածուող զգացումներէն մէկն է։ Սէրը երբեմն լուռ է, մտածումը՝ դանդաղ, բայց բարկութիւնը անմիջական է։ Ան կը ստիպէ մարդը արձագանգել նոյն վայրկեանին։ Ահա՛, թէ ինչո՛ւ ընկերային ցանցերու բազում ստեղծողներ, ազդեցիկ դէմքեր կամ նոյնիսկ լրատուամիջոցներ դիտումնաւոր կերպով ծայրայեղ, վիրաւորական կամ անհեթեթ կարծիքներ կը տարածեն։ Անոնք գիտեն, որ մարդիկ պիտի չկարենան անտարբեր մնալ ու պիտի ենթարկուին զայրոյթի գրգռման թակարդին։

«Rage bait»ի ամենավտանգաւոր կողմերէն մէկը այն է, որ ան կը սնանի մարդկային հոգեբանութեան ամենաթոյլ կէտերէն։ Մարդիկ բնականաբար աւելի ուժեղ կը յիշեն բացասականը, քան դրականը։ Երբ մարդ մը տեսնէ անարդար, վիրաւորիչ կամ անիմաստ արտայայտութիւն մը, իր ուղեղը անոնց կ՚արձագանգէ որպէս կենսական վտանգ։ Ան կը զգայ, թէ պէտք է պատասխանէ, ուղղէ կամ պայքարի։ Բայց յաճախ այդ «պայքարը» արդէն իսկ համակարգին շահն է։ Որքան շատ մեկնաբանութիւն, այնքան աւելի տեսանելիութիւն։ Որքան աւելի աղմուկ, այնքան աւելի շահոյթ։

Այս մշակոյթը ժամանակի ընթացքին սկսած է փոխել նաեւ մարդկային հաղորդակցութիւնը։ Այսօր շատեր այլեւս չեն խօսիր հասկնալու համար, այլ՝ կը խօսին արձագանգ ստանալու։ Մարդիկ կարծիք չեն արտայայտեր ճշմարտութեան որոնումով, այլ ուշադրութիւն շահելու նպատակով։ Եւ երբ ուշադրութիւնը դարձած է նոր արժոյթ, զայրոյթը դարձած է ամենաաժան, բայց ամենաարդիւնաւէտ գործիքը։

Ամենատխուրը այն է, որ «rage bait»ը կամաց-կամաց կը մաշեցնէ հասարակութեան հոգեկան առողջութիւնը։ Մարդիկ ամէն օր հազարաւոր փոքր բարկութիւններու մէջ կ՚ապրին։ Անոնք կ՚արթննան ու կը մտնեն հարթակներ, ուր ամէն բան կառուցուած է իրենց ուշադրութիւնը գրգռելու համար։ Ժամանակ մը ետք մարդը կը սկսի կարծել, թէ ամբողջ աշխարհը լեցուն է յիմարութեամբ, ատելութեամբ եւ թշնամանքով։ Իրականութիւնը, սակայն, միշտ այդքան մութ չէ։ Պարզապէս ամենահանգիստ ու մտածուած ձայները աւելի քիչ դանդաղ կը տարածուին։

«Rage bait»ը նաեւ մարդկային արժանապատուութիւնը կը վերածէ ներկայացման։ Ոմանք դիտումնաւոր կերպով կեղծ, ծայրայեղ կամ վիրաւորական կերպարներ կը ստեղծեն միայն այն պատճառով, որ զայրոյթը նիւթական շահոյթ կը բերէ։ Այս երեւոյթին մէջ երբեմն ճշմարտութիւնը արդէն կարեւոր չէ։ Կարեւորը՝ ուշադրութիւնն է։ Եւ երբ հասարակութիւնը կը սկսի պարգեւատրել ամենաաղմկոտ ձայները, լռութիւնը, խորութիւնը եւ իմաստութիւնը կը մղուին լուսանցք։

Բայց այս բոլորին մէջ ամենակարեւոր հարցումը թերեւս սա է․ ինչո՞ւ մարդիկ այդքան դիւրին «rage bait»ի զոհ կը դառնան։ Հաւանաբար որովհետեւ ժամանակակից մարդը յոգնած է, անհանգիստ եւ ներքնապէս ծանրաբեռնուած։ Զայրոյթը երբեմն կը դառնայ արագ դատարկուելու միջոց։ Մարդը օտարի մը գրառումին տակ կը բարկանայ, որովհետեւ իրականութեան մէջ իր կեանքին մէջ կուտակուած տագնապներ ունի։ Համացանցը այդ զգացումներուն համար անսահման բեմ մը դարձած է։

Գուցէ այսօր ամենայեղափոխական քայլերէն մէկը այլեւս չարձագանգելն է։ Ո՛չ թէ անտարբերութեամբ, այլ գիտակցութեամբ։ Ամէն սադրանք պատասխան չի պահանջեր։ Ամէն աղմուկ արժանի չէ ուշադրութեան։ Երբեմն ամենաիմաստուն արձագանգը լռութիւնն է։ Որովհետեւ «rage bait»ը միայն այն ժամանակ կ՚ապրի, երբ մարդիկ իրենց ժամանակը, զգացումները եւ խաղաղութիւնը կը նուիրեն անոր։

Եւ գուցէ մեր ժամանակներու մեծ պայքարն ալ սա է՝ պահպանել ներքին անդորրը աշխարհի մը մէջ, որ անդադար կը փորձէ մեր զայրոյթով սնանիլ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2026