«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԻ՛ ԳԱՍ»

Այնքան ժամանակ, որ հայ ժողովուրդը ունի արտագաղթ՝ ներգաղթի մասին խօսիլը աւելորդ է, որովհետեւ դուրսը ապրող հայը Հայաստան բերելու փոխարէն նախ պէտք է ներսը ապրող հայը յաջողիլ Հայաստանի մէջ պահել: Հայը Հայաստանի մէջ պահելու համար պէտք է ստեղծել պայմաններ՝ որոնք պետութեան համար այնքան ալ «դժուար» պէտք չէ թուի ըլլալ. արտագաղթը վերջ պիտի չունենայ եւ ներգաղթ պիտի չապրուի, եթէ չըլլան հետեւեալ փոփոխութիւնները. 

ա. Հաւասարութիւն եւ արդարութիւն. Ցաւ ի սիրտ, շատ մը այլ երկիրներու նման Հայաստանի մէջ եւս իրաւունքը մի՛շտ զօրաւորին ու հարուստին հետ է. այդպէս է՝ որովհետեւ հասարակական կառոյցները չեն կրցած ամբողջութեամբ ազատիլ հին մտածելակերպէն, որովհետեւ երկրի մը մէջ, ուր քիչեր «հանգիստ» կ՚ապրին, ուր քիչեր կ՚իշխեն՝ բնականաբար, օրէնքը ինչքան ալ արդարութեան լոյսին տակ գրուած ըլլայ, տեղ մը այդ փոքր խումբին ծառայել կը սկսի: Եթէ հասարակութիւնը սկսի համոզուիլ, որ երկրի մը մէջ արդարութիւն գոյութիւն չունի, մի՛շտ զօրաւորն է, որ կը յաղթէ ու կ՚իշխէ, ապա բնականաբար գաղթելու մասին կը սկսի մտածել, որովհետեւ ան այդտեղ իր իրաւունքներուն ու իր շահերուն պաշտպանուիլը չի տեսներ: Եթէ սերունդներ սկսին հաւատալ ու հասկնալ, որ իրաւունքը կարելի է պաշտպանել միայն հարստութեան եւ ուժի միջոցով, բնականաբար, իր վստահութիւնը եւ վստահութեան հետ միատեղ իր սէրը կը սկսի կորսնցնել։ Բազմաթիւներ արտագաղթը հայրենասիրութեան պակասի հետ կը փորձեն կապել, սակայն, իրականութեան մէջ, տարբեր բաներ են կեանքի պայմաններուն չհամակերպիլն ու արտագաղթը: Ի դէպ, արդարութեան հաստատումը պետութեան կողմէ ժողովուրդին տրուած «բարիք» կամ «պարգեւ» մը չէ.- ցաւ ի սիրտ, շատ մը պետութիւններ մարդկային ամենէն պարզ իրաւունքները անգամ կը սիրեն որպէս «բարեգործութիւն» ցոյց տալ. իրենց պարտաւորութիւնը «բարիք» մը ըրածի ինքնավստահութեամբ հրապարակ դուրս գալ: 

բ. Նիւթական ապահովութիւն. Հայաստանի մէջ բախտաւորութիւն է տեսնել անձեր՝ որոնք այս կամ այն դրամատան, հաստատութեան պարտք չունին. չունեցողներն ալ հաւատացէ՛ք, որ փոքրամասնութիւն են։ Կը կարծենք, որ այս մէկը պետութեան համար «լաւ» երեւոյթ ըլլալու է, որովհետեւ կառավարելու եւ առաջքը առնելու համար ո՛չ մէկ քայլ կը ձեռնարկէ։ Ընդհանուր 24 առ հարիւր եւ աւելի տոկոսներով վարկեր կը տրամադրուի ժողովուրդին։ Պարտքը լաւագոյն միջոցն է անհատը պատանդ դարձնելու. դրամատուները այդ կողմէ ապահով են, որովհետեւ վստահած են պետութեան, միւս կողմէ պետութիւնը ժողովուրդին փոխարէն դրամատուներու շահերը կը պաշտպանէ, որովհետեւ մեծ հարկեր կը գանձէ եւ իր նիւթականը կ՚ապահովէ։ Նման պայմաններու մէջ ոտնակոխը մի՛շտ ժողովուրդը կ՚ըլլայ։ Շատեր այդ պարտքերուն պատճառով ստիպուած կ՚ըլլան տուն տեղ ծախել եւ ժամանակ մը ետք ակամայ արտագաղթել՝ որովհետեւ այլ երկիրներու մէջ աւելի բարենպաստ աշխատանքային պայմաններու տակ շատ աւելի դիւրին է նման պարտքեր վճարելը՝ քան Հայաստանի մէջ: 

Ինչպէս ամէ՛ն պետութիւն, նոյնպէս Հայաստանի պետութիւնը աշխատաւորներէն հարկեր կը գանձէ. պէտք է պետութիւնը այդ իւրաքանչիւր անհատի հարկը ծառայեցնէ իր պարտքերու վճարումին եւ վերջաւորութեան որոշ ժամանակով արգիլէ անհատը պարտք ստանալէ, որովհետեւ անհատներ թէ՛ հարկի եւ թէ պարտքի տոկոսներ վճարելով՝ շատ անգամ իրենց կեանքի բնական պէտքերէն հեռու կը մնան: Այս բոլոր պայմանները ապահովելով աշխատող անհատը պէտք է ինքն իր մորթին վրայ զգայ, որ իր աշխատանքը, իր յոգնութիւնը իր կեանքը դէպի առջեւ կ՚առաջնորդէ։ Վերջապէս «մշակը արժանի է իր վարձքին» եւ այդ վարձքը կեանքի պայմաններու բարեփոխումն է. եթէ մարդ տասը տարի աշխատի եւ տասը տարուան վերջաւորութեան ինքզինք գտնէ հոն՝ ուր կը գտնուէր տասը տարի առաջ եւ կամ աւելի ետեւ, բնականաբար, պիտի յուսահատի եւ նոր ելքեր փնտռէ՝ ինչ որ հայրենասիրութեան հետ աղերս չունի: 

Օրինակը առնենք մեր մարդկային կեանքէն. եթէ ձեր հարազատներէն մին տեղ մը այցելէ եւ սիրէ, բնականաբար, ձեզ եւս պիտի առաջարկէ, որպէսզի երթաք, տեսնէք ու վայելէք, եթէ չսիրէ՝ խորհուրդ պիտի տայ երթալու մասին չմտածել։ Նոյն օրինակը վերցուցէք հայրենիքի պարագային. եթէ հայրենիքէն ներս ապրողը իր կեանքէն, իր ապրելու պայմաններէն գոհ չէ, բնականաբար, դուրսէն լսողը պիտի ուզէ հեռու մնալ: 

Աւելի քան յիսուն տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Սփիւռք» թերթի մէջ գրող մը հետեւեալ հարցումը կու տար. «Աշխարհի երեսին սփռուած երկու միլիոն հայ կայ: Ո՞ր կողմ պիտի քալէ, ո՞ւր պիտի նայի: Ո՞ւր պիտի հաւաքուի գաղթական հայը, որպէսզի կտոր-կտոր չմաշի օտար երկինքներու տակ: Ո՞վ պիտի ներշնչէ անոր յոյս ու կեանք, վստահութիւն ու երջանկութիւն, եթէ ո՛չ միայն հայրենիքը եւ հոն ապրող հայրենաբնակ ժողովուրդը»։ Այդ երկու միլիոնը կոտորակուելու փոխարէն՝ բազմապատկուած է: Եթէ ընդունինք գրողին այս խօսքերը, ապա հայրենիքը ի՛նք իր սեփական ժողովուրդին կեանքը բարելաւելով կը յաջողի զարկ տալ ներգաղթին։ Հետեւաբար, հայրենասիրութենէն անկախ, շատ մեծ գործ ունի կատարելիք իշխանութիւնը:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Պետութիւնը իր ժողովուրդին հայրը պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ դահիճը:

ԱՐՍԷՆ ԿԻՏՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2026