ԻՄ ԸՆԿԵՐ՝ ՈՒՔՐԱՆԱՑԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՎԱԼԵՐԻ ԹԻՊՈՒԼԵՆՔՈՆ
Եաշ բանաստեղծական փառատօնին, երբ Վալերի Թիպուլենքոյին հանդիպեցայ, առաջին առթիւ անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց իր մարդկային տեսքն ու անկէ բխած պարզ-չյայտնաբերուող, բայց գոհութիւն պատճառող տեսակը: Առաջին վայրկեանէն անձնական որոշում մը առի. ես ալ ինքզինքս չյայտնաբերել, ո՛չ միայն ի գին գրաւականութեան կամ խորհրդաւորութեան, այլեւ տպաւորութեան համար, որ պարզօրէն կ՚ըսէր. «Այսպէս աւելի լաւ է»: Շատ անգամ տեսքի ու անձնաւորութեան առթած շաղկապումը աւելի մեծ է, քան նպատակը կամ խորացումը անձի մը մէջ։ Այդ տեսքն ու ուրուագծուած նկար-ընկալումը երկրորդ կողմին ընդմէջէն կը կերտէ արտացոլքային ինքնակերպարի մը նկարը, որ հաճելի կը թուի ինքնին ընկալող անձին համար ալ:
Մենք շատ ուրիշ ենք ամէն մէկու հետ, ո՛չ թէ որովհետեւ ջղագար ենք, այլ քանի արտացոլանք մը կայ երկուստեք ստեղծուող ու ինքնաբացայայտիչ, ինչ որ մեզ կը դարձնէ մեր անձն ու մեր անձի արտացոլանքը աւելի սիրող՝ թէ՛ մեր եւ թէ դիմացինին կողմէ: Այդ մէկը կրնանք կոչել համակրանք եւ այդ համակրանքի աղբիւրի փոխադարձութիւնն ու տարողութիւնը, այո, տեղ մը ոգեղէն առեղծուած մըն է:
Վալերիին հանդէպ առաջին վայրկեանէն անխօս, անընթեռնելի, անյայտ, բայց հաստատուն, պայծառ ու առինքնող զգացում մը ունեցայ։ Երբ առաջին անգամ հանրաշարժ բարձրացանք, քովը նստայ ու բարեւեցի զինք՝ զգալով, որ ես եմ է ու բնական եմ՝ իմ ամենաբարձր աստիճանով: Ինչպէս յաճախ բոլորս կը զգանք, իմ ապրած պարագաներէն մէկն էր նաեւ ինծի համար, երբ Վալերիէն եկած ուժը դրական էր ու կլանող։ Կարծես ան իմ մեծ եղբայրս էր կամ հին ընկեր մը եւ անմիջապէս մարդակերտ պատասխանատուութիւն մը զգացի իրեն հանդէպ ու բերկրանք մը ծնաւ մէջս:
Մենք փառատօնի հինգ օրերու ընթացքին, միայն նշաններով հաղորդակցեցանք իրարու հետ, արդէն սկիզբէն իսկ Վալերին ինքնամփոփ էր եւ խոկումներու մէջ էր տեւաբար, բանաստեղծութիւններ ալ կը կարդար՝ միայն ռուսերէն լեզուով։ Անոր մասին մի քանի մասնակից բանաստեղծ ըսին, որ Մոսկուա ալ ապրած է եւ շրջան մըն ալ զինուորագրուած: Զարմանալիօրէն ոչ իսկ ուզեցի հարցնել, թէ ինչպիսի՞ն են իր բանաստեղծութիւնները։ Ան դաջուեցաւ մէջս որպէս տառապած բանաստեղծ մը, որ աւելի վսեմ էր քան ամէն ինչը, միեւնոյն ատեն կարծես լուսաւոր խոռոչ մը՝ թէ՛ իր մէջ կը քաշէր դէպի իր ներսը եւ թէ ինծի զգացնել կու տար, որ ինքն ալ իմ կարիքն ունի։ Վալերին ալ չհարցուց իմ բանաստեղծութեանս մասին եւ մենք գրական հանդիպումներու ժամանակ ամէն մէկս իր մայր լեզուով կը կարդայինք․ հայերէն ու ռուսերէն: Կարծես անպաճոյճ ու գերխորքային սլացք մը կ՚ուզէինք կերտել երկուքս ալ, մեր բանաստեղծութիւններով (ի՛նչ որ ալ ըլլային անոնք կամ ինչ ոճի ու նիւթի) եւ մենք այդպէս կ՚ուզէինք ապրիլ անոնցմով: Մեզ միացնողը առաջին հերթին բա-նաստեղծութիւնն էր․ այս մեծ կամ փոքր երկիր-մոլորակին վրայ եւ այդ բանաստեղծութիւնը ալֆան ու օմեկան կը դառնար ամէն ինչին, թօթափելով հաղորդակցութեան, ծանօթութեան ու շփման իրականութիւնները:
Ընկերութիւնները տարբեր են եւ մարդիկ իրենց հոգեկերտումով ընկերներ կը գտնեն, իրենց նմանող-նմանեցնող, տեւաբար ըլլալով փոխկերտման մը մէջ, որ ամբողջացնող է: Այո՛, կայ ասպարէզային, ուսումնական, մշակութային, արհեստային եւ շատ տեսակներու հաւաքագրկող ընկերութիւններ, բայց ինքնին հոգիի տեսականութիւնը, կշռոյթն ու տեղ մըն ալ առաքելութիւնը, հաւանաբար, շրջանցնող է ամէն ինչ: Հոգին իբրեւ դրոյթ, գործոյթ ու շարժ՝ փնտռտուքի մղուած գոյ է, որուն առաքելութիւնը գտնելուն-յայտնաբերելուն-խորասուզուելուն եւ ամոքելուն հետ, ինքնին ճամբայ ու փնտռտուք ստեղծելն է:
Փնտռտուքը ինքնին արժեբանութիւն է եւ կեանքակերտում-արարում։ «Ես քեզ փընտ-ռեցի ո՛չ թէ իբրեւ արարք, այլ իբրեւ արարում եւ քեզ ստեղծեցի իմ ներսովս ու դուրսովս, պարզապէս որ ըլլամ»։ Այսպէս կրնանք բնութագրել նաեւ մարդկային յարաբերութիւնները:
Ամէն հանդիպում նոր հրաշագործում է եւ ինքնին Վալերիին հետ մեր փոխադարձ անձայն մօտիկութիւնը ստեղծիչ էր նոյնպէս: Ինն միլիառէն երկու հոգի էինք՝ հանդիպած Ռումանիոյ Եաշ քաղաքին մէջ, բանաստեղծութեամբ: Միլիառներով մարդիկ ամէն օր կը հանդիպին իրարու, եւ իմ ու Վալերիին ալ մարդկային ընկերութեան խոկումն ու կեանքի, պահագործման ակամայ ու մեծ ըմբոշխնումը կը յամենային կոչում ըլլալու (մեր եղած-չեղած փնտռտուքներով ու ոգեղինութեամբ):
Ամենահաճելի եւ վսեմացնող կապերն ու յարաբերութիւնները կը մնան անոնք, որոնք զուրկ են շահադէտութենէ, դասակարգումներէ, ձեւաբանութիւններէ, սեռաբարդոյթաւորումներէ, ազգայնականութիւններէ, պատկանելիութիւններէ… Կարծեմ Վալերին ալ ինձ նման զգաց, որ մեր ծանօթութիւնը նուաճած էր այդ բարձրավանդակը, ուր մարդկայնութիւնը զտաբուխօրէն ինքզինք կը դրսեւորէր, առանց նոյնիսկ հրաւէրի կամ նախաճաշի սեղանի: Մենք գրեթէ քով-քովի էինք նախաճաշներով, ճաշերով եւ ընթրիքներով, իսկ գլխու շարժումներով մերթ կը հաւնէինք կամ չէինք հաւներ հրամցուածը:
Միակ հարցումը, որ մտաբերեցի, այն էր, թէ արդեօք Վալերին որո՞ւն կողմն էր Ուքրայնա-Ռուսաստան պատերազմին։ Բախտի բերմամբ մեր խումբէն էսթոնացի բանաստեղծուհի Ռամունէ Պրունզաթին ըսաւ, որ ինքն ալ նոյն միտքը ունեցած էր եւ ռումանացի բանաստեղծներ, ռուսերէն գիտցողներէն մէկուն միջոցաւ, անուղղակի հարցուցած էին Վալերիին եւ ան պատասխանած էր, որ Ուքրայնոյ կողմէն էր, ինչ որ ինծի համար ալ դուրեկան էր ու հակառակը չէի պատկերացներ:
Բանաստեղծութիւնը ինքնին կը մաղէ մարդկային հոգին, իսկ երբ ան դուրս ալ գայ թեքստային իր կարգէն, տեղ մը աւելի մարդկայնականութիւններ կը մաղէ։ Եւ ճիշդ հոն էր իմ եւ Վալերիի հանդիպման ուղենիշը. կար մաքրամաքուր, ինքնեկ ու ինքնաբուխ մարդկային վիճակաբանութիւն մը, որուն գումարուած էր բանաստեղծութեան մաղը, որուն ներկայութիւնը կը զգայինք օդին մէջ ու մեր քայլերուն տակ… Վալերին քովս էր միշտ ու կ՚ուրախացնէր զիս՝ իմ կողմէ ցուցաբերուած խնամակալութեամբ:
Վալերիին դէմքը ինքնին դիմագծութիւն էր ինծի համար (չեմ գիտեր, իր զգացումը ի՛նչ էր հոս), դէմքի առաքելութիւն էր, բնականութեան ու բարիք-չարիքի բարոյագիտական սահմանում կամ սահմանումի խզում: Պատերազմներու, համագումարներու, կրօնակերտումներու, գիւտարարումներու, հաւաքական աղօթքներու մէջ մարդս կայ իբրեւ դէմք. դէմքի մը կերպար, ոգի, առաքելութիւն, ծառայութիւն, զեղում, ինչ որ կը կերտէ պարզ ըլլալ մը, իսկ իմ ու Վալերիի պարագային կար նաեւ բանաստեղծական կերտում մը: Երբ նշաններով կը զրուցէինք, կարծես տիեզերքը իր ամենաանյայտ, սարսափելի ծագումներով եւ տեւողութեամբ կը պարզանար ու գերազանցօրէն կը մարդկայնանար:
Փառատօնի աւարտէն օր մը առաջ, Վալերին քիչ մը բարձր ձայնով ինծի սկսաւ ըսել. «Տիգրան, Տիգրան փայտոմ, փայտոմ մակազին»։ Մի քանի բառ գիտէի ռուսերէն, կռահեցի, որ բան մը կ՚ուզէր առնել եւ ձեռքով նշան ըրաւ. կ՚ուզէր, որ միասին խմենք: Գացինք, կրպակէ մը շիշ մը ուիսքի առինք, քանի ինծի հարցուց, թէ ի՞նչ կ՚ուզեմ խմել։ Մինչ այդ, շեշտեմ, որ ես պապայէս ժառանգաբար ուիսքի նախընտրող եմ։ Պատասխանեցի, եթէ դուն վոտքա կ՚ուզես, խնդիր չէ։ Ո՛չ, ըսաւ, բնաւ հարց չկայ: Առինք ուիսքին եւ եկանք պանդոկի մուտքասրահը ու ըմպեցինք։ Ուրիշ ռումանացի բանաստեղծ մըն ալ՝ Տինու Ֆլամանտը երբ պանդոկ մտաւ, զուգադիպաբար հետը ուիսքի կար։ Կատակեցինք ու բանաստեղծութեան շաղկապեցինք այս բոլորը։ Տինուն ալ մեզ հիւրասիրեց իր ուիսքիէն, բաւական կենացներ խմեցինք, բնականաբար, անոնց մէջ կային Հայաստանն ու Ուքրայնան, Ռումանիան ու բանաստեղծութիւնը:
Վալերին իր տարերքին մէջ էր:
Յաջորդ օրը արդէն աւերտեցաւ փառատօնը եւ դեռ չենք կապուած:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան