ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՆՈՒՐԻԿԵԱՆ (1894 - 1988)

Բենիամին Նուրիկեան, ծնած է 1894 թուականի օգոստոսի 7-ին, Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղին մէջ: 

Նախնական կրթութիւնը ստացած է նախ Հիւսէյնիկի ծխական դպրոցէն, ապա Խարբերդի Ազգային Կեդրոնական վարժարանէն ներս (1910-1913), իրեն ուսուցիչ ունենալով Թլկատինցին (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 1860-1915): 1913 թուականին անցած է ԱՄՆ՝ մեծ եղբօր մօտ, նպատակ ունենալով բարձրագոյն ուսումի հետեւիլ: Առաջին մի քանի տարիները բեռնակրութեամբ եւ այլ գործերով զբաղած է, մինչեւ 1916 թուականին յաջողած է մուտք գործել Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարան, ուր հետեւած է գրական-պատմագիտական եւ ընկերաբանական ճիւղերուն: 

1920-ին ստացած է «Պսակաւոր արուեստից», իսկ 1921-ին «Մագիստրոս արուեստից» կոչումները: Իր աւարտաճառին նիւթը եղած է «Հայ գիւղը»: Իր եւ այլ շրջանաւարտներու մասին Պոսթըն հրատարակուած «Ազգ»ը անդրադարձ կատարած է, ուր «Քոլոմպիա համալսարանի հայ շրջանաւարտները» վերնագրին տակ կը կարդանք.

Բենիամին Ղ. Նուրիկեան. ծնած է Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղը: Տեղական Ազգային նախակրթարանը իր նախնական կրթութիւնը ստանալէ վերջ՝ զայն մասամբ կատարելագործած է (1910-1913) Խարբերդի Ս. Յակոբ Ազգ. բարձրագոյն վարժարանը՝ հոն աշակերտելով ծանօթ եւ սիրուած գրագէտ Թլկատինցիին: 

1913-ին, Ազգային բարձրագոյն վարժարանէն իր ընթացքը աւարտելէ անմիջապէս ետք՝ Նուրիկեան անցած է Ամերիկա: 1916-ին, յաջողած է մտնել Քոլոմպիա համալսարան, ուրկէ իր B.A. տիտղոսը ստացաւ 1920 փետրուարին: Իր ուսանողական կեանքի ընթացքին Նուրիկեան ինքնօգնութեան բարիքներէն շատ վայելած է, նաեւ նիւթական աջակցութիւնը թէ՛ իր եղբայրներուն եւ թէ Ամերիկահայ կրթասիրաց ընկերութեան: 1919-ին, արժանացած է 250 տոլարի սքալըրշիփի մը: 

Քոլոմպիայի Քաղաքական գիտութեան, մասնաւորապէս պատմութեան եւ ընկերաբանութեան ճիւղէն M.A. տիտղոսը ստանալէ առաջ (1921 յունուարին) Նուրիկեան յաջողապէս գրած է աւարտական ճառ մը «Հայ գիւղը» նիւթին շուրջ, իր տեսակին մէջ թերեւս աննախընթաց ուսումնասիրութիւն մը: 

Իր եւ անտարակոյս բոլոր սրտով հայ շրջանաւարտներու ջերմ փափաքն ու նպատակն է օր մը հայ ցեղին կրթական վերաշինութեան կարեւոր գործին նուիրուիլ եւ այնպէս միայն վարձատրուիլ։ («Ազգ», ԺԵ. տարի, թիւ 152-1786, շաբաթ, յուլիս 2, 1921, Պոսթոն, էջ 4)

Բենիամին Նուրիկեան սկզբնական շրջանին հանդէս եկած է որպէս բանաստեղ, ապա որպէս արձակագիր, գրելով պատմուածքներ ու ուղեգրութիւններ:

1927 թուականին իր ուսուցիչ՝ Թլկատինցիի մասին աշխատասիրութիւն մը պատրաստած ու հրատարակած է՝ «Թլկատինցին եւ իր գործը»: 

1936-ին, Անդրանիկ Անդրէասեանին հետ հիմնած են «Նոր գիր» պարբերականը Նիւ Եորքի մէջ, որ մէկ տարի հրատարակուելէ ետք կը դադրի: 

Երեք տարի ետք, 1939-ին, Բենիամին Նուրիկեան «Նոր գիր»ը դարձեալ ի լոյս աշխարհ կը բերէ որպէս եռամսեայ գրականութեան եւ արուեստի հանդէս եւ զայն մինչեւ 1954 թուականը խմբագրելով կը հրատարակէ: 1984-ին, Մարզպետ Մարկոսեանը «Նոր գիր»ի հաւաքածոներէն հատոր մը կազմած է՝ «ՆՈՐ ԳԻՐ եւ իր աշխատակիցները» եւ հրատարակած է զայն Նիւ Եորքի մէջ: 

1937-ին, հրատարակած է իր պատմուածքներու առաջին հատորը, զոր «Այգեկութք» կոչած է: Այս հատորը գրախօսած է Արշակ Չօպանեան: Կը կարդանք.

Այս հատորը այնքան մեծագին բովանդակութիւն եւ այնքան մնայուն արժէք ունի որքան Համաստեղի «Գիւղը» տիտղոսով հատորը, եւ արդէն անոր հետ խնամութիւն ունի, երկու հեղինակներն ալ Խարբերդի շրջանէն են, երկուքն ալ Թլկատինցիի աշակերտ. բայց ինչքան այդ խնամութիւնը զգալի է, նոյնքան եւ տեսանելի են երկու եղբայր տաղանդներուն անհատական կազմին ու գոյնին, շեշտին ու գնացքին տարբերութիւնները:  Երկուքն ալ, ինչպէս եւ իրենցմէ առաջ ծաղկած եւ աւելի մեծ հանդիսացած Ռուբէն Զարդարեանը, իրենց ճամբան գտած եւ իրենց գրական անձնաւորութիւնը կազմած են օգնութեամբը դասերուն կամ արտադրութեանցը այն հոյակապ գրագէտին եւ ուսուցչին, որ եղաւ Թլկատինցին: Այդ հզօր ու գերազանցապէս ինքնատիպ հեղինակը մեր մատենագրութեան մեծագոյն դէմքերէն մին եղաւ, հիմնելով Խարբերդի գրական դպրոցը, որ գոյութիւն չունէր իրմէ առաջ եւ որ շնորհիւ իրեն եւ իր տաղանդաւոր հետեւորդներուն, որոնց մէջ պէտք է հաշուել նաեւ մեծ բեմբասաց եւ ուժեղ հրապարակագիր Հրաչ Երուանդը եւ որոնց վրայ ահա կու գայ աւելնալ այն նուրբ ու գունագեղ երանգապնակով բանաստեղծ-նկարիչը, որ է Նուրիկեան, կազմեց մեր նոր գրականութեան ամենէն ճոխ ու կարեւոր բաժիններէն մին: 

Նուրիկեանի մեծ յատկութիւններէն մէկն է իր նուրբ ճաշակը, իր չափի զգացումը, որով իր լեզուն տեղական գաւառաբարբառի յատկանշական ասութիւններով ու բառերով կը զարդարուի՝ այնքան միայն որքան պէտք է, որպէսզի մեր հարազատ գրական աշխարհաբարի նկարագիրը պահպանուի եւ գրուածքը քիչերու հասկնալի ֆոլքլորական մասնայատուկ արտադրութեան մը ձեւը չառնէ: Չափի այդ զգացումը կը տեսնուի նաեւ իր ոճին մէջ, որ հակիրճ է, սեղմ, աւելորդ զարդերն ու երկարաբանութիւնները մերժող, մանրամասնութեանց կուտակումներէն խուսափող, հասարակ տեղիքներէ զգուշացող ու սնամէջ մանուածապատութիւններէ ալ խորշող, ամէն ինչ պարզ ու սիրուն ինքնատպութեամբ մը արտայայտելու ձգտելով եւ առանց արտառոցութեան ու բռնազբօսիկ դարձուածքներու դիմելու՝ ատոր հասնիլ յաջողելով:

Պիտի միայն ըսեմ, որ եթէ այս հատորին մէջ համախմբուած գրուածքները, ինչպէս ոեւէ հեղինակի հաւաքածուի մէջ, հաւասար չեն արժէքով, ամենքն ալ շահեկան են, ամենքն ալ կը պարունակեն աւելի կամ նուազ չափով գեղեցկութեան տարր մը, հայ հողի բոյր մը, հայ զգայնութեան թըրթըռում մը, հայ սրտի մրմունջ մը, սկսելով հատորին առաջին կտորէն, «Տղու մը օրագիրը», որ զմայլելի շարք մըն է առաջին մանկութեան տարտամ յուշերու սեւեռման փորձերու, մինչեւ պաշտելի եւ եղերամահ վարպետին, Թլկատինցիին նուիրուած ակնածալի աղապատանքով, գորովալից հիացումով ու անմխիթարելի սուգով համակուած էջերը, որ հատորը կը փակեն: 

Ամէն գրասէր ու հայրենասէր հայ այդ հատորէն օրինակ մը ունենալու է,- իր մեծագոյն հաճոյքին համար։ («Հայաստանի Կոչնակ», ԼԸ. տարի, թիւ 10, մարտ 5, 1938, էջ 226-228)

1958-ին, Երեւանի մէջ, պետական հրատարակչութեամբ հրատարակուած է անոր երկրորդ հատորը՝ «Պանդուխտ հոգիներ»: 1969 թուականին այցելած է Հայաստան եւ մասնակցած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութիւններուն: 1978-ին, դարձեալ Հայաստանի մէջ հրատարակուած է անոր «Կարօտ հայրենի» հատորը: 

Բենիամին Նուրիկեանի գրական եւ խմբագրական բազմաթիւ գրութիւններ տակաւին անտիպ կը մնան: 

Աշխատակցած է սփիւռքահայ զանազան պարբերականներու. ինչպէս՝ «Նայիրի»ի, «Պայքար»ի, «Հայաստանի Կոչնակ»ի, «Անահիտ»ի, «Անի»ի եւ այլ պարբերականներու: 

Օգտագործած է Բ. Յոյսունի ծածկանունը:

Բենիամին Նուրիկեան կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ: Այդ թարգմանութիւններէն ամենէն նշանաւորը Մարք Թուէյնի «Իշխանն ու մուրացիկը» վէպն է, որ 1930 թուականին հրատարակուած է Նիւ Եորքի մէջ, Հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ:

2003 թուականին, Երեւանի մէջ Մարգարիտ Խաչատրեան կազմած եւ ծանօթագրած է Համաստեղի նամականին՝ «Համաստեղ-նամականի», որ Համաստեղ ուղղած է 18 տարբեր դէմքերու: Նուրիկեանն ալ այդ դէմքերէն մին եղած է, որով այդ նամականիին մէջ 12 նամակներ կան ուղղուած Բենիամին Նուրիկեանին: Նամակներ կան նաեւ Բենիամին Նուրիկեանին Արամ Սեփեթճեանի կազմած, խմբագրած ու ծանօթագրած «Բանաստեղծին սիրտը» հատորին մէջ, նուիրուած Վահէ-Վահեանին (1908-1998): 

Բենիամին Նուրիկեան մահացած է 1988 թուականի փետրուարի 6-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ:

***

Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Բենիամին Նուրիկեանի «Կաթիլ մը իւղ Ս. Մեսրոպէն» գրութիւնը, զոր գրած է 1948 թուականի նոյեմբերին: Գրութիւնը վերցուցած ենք «Սիոն»ի 2018 թուականի Յուլիս-օգոստոս-սեպտեմբեր թիւէն, էջեր 278-280:

Գեղացի տղայ մըն է, պեխերը հազիւ մրոտած: Հայրենի գեղը ծրարած իր սրտին մէջ՝ քառսուն օր ճամբորդելով՝ եկեր հասեր է ահա մինչեւ դուռները Ամերիկայի - իր երազած աշխարհին: Ծովի երկար ու ալեկոծ ճամբուն վրայ՝ հիւանդացեր է քիչ մը, եւ այդ դուռներուն առջեւ իսկ վար դրեր են զինք, լման ութն օր պահելով հիւանդանոցի մը ճերմակ առիքին տակ, Նիւ Եորքի նաւահանգիստը, Էլիս Այլէնտ կղզիին վրայ:

Եւ հիմա, երկու օրէ ի վեր կը սպասէ հոդ, ներգաղթի շէնքին մէկ անկիւնը: Սպասման սրահ մըն է տեղը, ուր խճողուած են հարիւրաւոր գաղթականներ: Բոլորն ալ կը սպասեն մուտքի քննութեան, որ կրնայ զիրենք ընդունիլ Ամերիկայէն ներս. կամ, եթէ չար է բախտերնին, ետ ճամբել՝ առանց փողի, առանց թմբուկի - կոտրած սիրտերով ու խորտակուած յոյսերով: 

Այս բազմութեան մէկ մասնիկն է Արմէն: Բայց ինչ բազմութիւն - կատարեալ Բաբելոն մը, որուն կենդանի բեկորները կու գան աշխարհի չորս կողմերէն, եւ ուր քիչեր միայն կը հասկնան զիրար: Ամերիկա ընդունուելու հոգը եւ սպասումին հասարակաց ծանրութիւնը իրարու քով բերեր է զանոնք եւ մեր Արմէնն իսկ եղբայրացուցեր է իտալացիի մը, որ սեւ ու երկար պեխեր ունի, ածխագոյն եւ կրակոտ աչքեր եւ շունչ մը, որ սխտոր կը բուրէ. եւ կամ՝ լեհացիի մը, որուն կապոյտ աչքերը կը լողան գիրուկ կապիճներու մէջէն, կարմրուկ երեսի մը վրայ: Բոլորն ալ թառած են իրենց ծրարներուն կամ պայուսակներուն գագաթը: Կը խօսին իրարու հետ, պատահաբար, եթէ նոյն ազգէն են կամ նոյն երկրէն, եւ իրարու կը նային զարմանքով մը, որուն ետեւ հարցում մը կը գալարուի - արդեօք ո՞ր ազգէն, ո՞ր երկրէն կու գայ սա տղան, կամ սա մարդը - եւ ինչո՞ւ, ինչո՞ւ:

Դիմացի պատին փակցուած ժամացոյցը վայրկեաններն ու ժամերը կը տաշէ անօրինակ ծուլութեամբ մը, որ սիրտ կը հատցնէ: Արմէն կը զգայ իր գեղացիի հոգիին ծալքը, թէ ժամանակը միշտ ալ միեւնոյն թափով, միեւնոյն արագութեամբ չի շարժիր ամէն տեղ ու ամէն պահ: Որքան կամաց կ՚երթայ հիմա եւ որքան ծանր են սլաքները, երբ անձկագին սպասում մըն է, զոր կ՚ապրի մարդ, անծանօթ ափերու վրայ: Իսկ որքան արագ կը փախին վայրկեանները, նոյն իսկ ժամերը, երբ քաղցր են ապրուած պահերը, մանկութեան պահերուն նման: 

Եւ պայուսակին վրայ նստած՝ կը սպասէ Արմէն: Լման ցորեկ մը եւ գիշեր մը անցեր են արդէն, միեւնոյն սպասումովը որ սիրտ կը մաշեցնէ ու կարծես չունի վերջ ու վախճան: Ըսած են իրեն, թէ յաջորդ առտուն իրն է կարգը քննութեան: Եւ ասիկա վերջին գիշերն է: Նստած տեղը կ՚ուզէ փակել աչքերը քունի մը հանգիստին ի խնդիր. բայց քունը հեռու կը փախի աչքերէն, մինչ ուրիշներ կը քնանան իր շուրջը. կը քնանան - խըռ խըռ, սղոցելով գիշերուան ժամերը եւ զանոնք մէկդի նետելով:

Լուռ է սրահը. մէկ անկիւնը, դրան մօտերը, ելեկտրական լամբար մը կը վառի անթարթ:

Դուրսէն կը լսուի հովին ու անձրեւին խեղդուած ձայնը, որ կը փշրուի գոց պատուհաններուն դէմ ու կը մաղուի մուռ ջուրերուն վրայ: Եւ կը լսուի կոտըր-ւած սուլոցը նաւերուն, որ կը սողան մօտակայ ջուրերուն վրայ: Երբեմն՝ սուր ու կտրուկ է այդ սուլոցը, երբեմն ալ՝ երկար ու պաղատագին: 

Եւ պահ մը իր դրացիները մոռցած, մոռցած իր նստած տեղն իսկ, կը մտածէ Արմէն: Կարօտին ալիքն է որ կ՚ուսի, կը բարձրանայ կուրծքին տակ, հայրենի տան կարօտին, որ կը կոտտայ, քառսուն օրէ ի վեր: Աչքերը գոց՝ կը տեսնէ ահա Պապան, իր հայրը, որ արցունքը զսպած՝ կը խօսի իրեն, հանդարտ բայց ամուր ձայնով մը - Գնա՛, դուն մարդ կ՚ըլլաս Ամերիկայի մէջ: Յետոյ կը տեսնէ պզտիկ եղբայրը, Յակոբը, որ զինք կը համբուրէ ու կ՚արտասուէ անձայն: Եւ վերջապէս կը տեսնէ մայրը, որ լացեր է գիշերն ամբողջ եւ հիմա հազիւ կը մրմնջէ - Ո՞ւր կը թռիս, ո՞ւր կ՚երթաս թեւիս տակէն, ձագուկս, ո՞ւր: Եւ մայրը նուաղած կ՚իյնայ թեւերուն վրայ ազգականներուն, որ իր քովն են, արցունքոտ աչքերով: 

Արմէնին աչքերը գոց են դեռ: Կը տեսնէ մայրը, որ կը հեռանայ, ազգականներուն թեւն ինկած, եւ կսկիծէն ինք իր վրայ կքած, ծալլուած գրեթէ - Ո՞ւր, ձագուկս, ո՞ւր: 

Կուտակուած արցունքը կը քամուի գոց կոպերուն արանքէն...: Կարօտին ալիքը կ՚իջնէ, կը հանդարտի կամաց կամաց: Անկիւնի լամբարը, դրան մօտէն, նոր երկրի մը մէջ, նոր ու թերեւս արեւոտ օրերու խոստումովը կը դողայ: Ժամացոյցին սլաքները քանի մը անգամ կ՚ընեն իրենց շրջանը, եւ ահա կը բացուի առաւօտը, բարի մօր մը աչքերուն պէս: 

Նախաճաշի զանգակը կը հնչէ: Գաղթականներու Բաբելոնը կը վխտայ: Որչափ անուշ է բուրումը եռացող սուրճին եւ հացի թարմ գնտիկներուն, որ դիզ-ւած են երկար սեղաններուն վրայ, տեղ-տեղ, եւ որչափ հրապուրիչ է տեսքը նոր տապկուած հաւկիթներուն, որոնց դեղնուցները, ոսկեղէն փոքրիկ կղզիներու նման, կլորուեր նստեր են փոքրիկ լիճերու ճերմակուցին մէջտեղը, խոշոր պնակներու վրայ: Դգալի, պատառաքաղի ձայներ կը զնգան ճաշարանին մէկ ծայրէն միւսը: Ախորժակները - գաղթականի ախորժակներ - սուր են ու անկուշտ: 

Կէս ժամ կ՚անցնի: Պնակները սրբուեր են արդէն եւ գաւաթները պարպուեր: Գաղթականներու բազմութիւնը գացեր լեցուցեր է նորէն՝ սպասման սրահը: 

Ժամ մը յետոյ՝ Արմէն, պայուսակը ձեռքը, կանգնած է քննիչ պաշտօնեային առջեւ, ընդարձակ գրասենեակի մը մէջ:

Լուրջ է դէմքը քննիչին. երես մը, որ կարծես քանդակ մըն է քարեղէն - պաղ ու անժպիտ աչքերով: Պաղ է դէմքը հայ թարգմանին ալ, որ կանգնած է գրասեղանին մօտ: Տաք է միայն նայուածքը Արմէնի եղբօր, որ քիչ մը անդին, սենեակին պատին տակ կանգնած՝ իրեն կը սպասէ անհամբեր կարօտով, եւ կը խօսի կարծես, իր աչքերուն լեզուովը, որ պզտիկ եղբայր մը միայն կը հասկնայ - Մի՛ վախնար, Արմէն, հոս եմ ես, քեզի հետ: Մի՛ վախնար: 

Արմէն ակնթարթ մը կը մոռնայ քննիչն ու թարգմանը եւ իր ամբողջ հոգիովը կը փաթթուի իր եղբօր նայուածքին, որ ջերմութիւն է ամբողջ, սիրոյ եւ կարօտի ջերմութիւն: Այն այն եղբայրն է, իրմէն քիչ մը մեծ տարիքով, որ կանչեր է զինք Ամերիկա - Հոս եկուր, հոս աւելի բարձր դպրոցներ կան: Հոս եկո՛ւր: Եւ Արմէն վազեր եկեր է ահա: 

Քննիչ պաշտօնեան՝ իրարու ետեւէ՝ կը հարցնէ գեղացի տղուն անունը, տարիքը, ծնած տեղը, եւ վերջապէս.

-Ինչո՞ւ կու գաս Ամերիկա:

-Դպրոց կ՚ուզեմ երթալ, դպրոց...: 

Պզտիկ, հազիւ նշմարելի ժպիտ մը կամաց կամաց կը ճեղքէ սառոյցը քննիչի դէմքին, աչքերէն սկսելով ու տարածուելով ալիք-ալիք: Թարգմանին երեսն ալ կը տաքնայ քիչ մը եւ կը շողայ թեթեւ ժպիտով մը: 

-Բայց ի՞նչպէս պիտի երթաս դպրոց. դրամ ունի՞ս: 

-Գրպանս քսանըհինգ տոլար ունիմ միայն: Ու եղբայրս խոստացած է օգնել ինծի: 

-Բայց եթէ եղբայրդ չկրնայ օգնել քեզի, ի՞նչպէս պիտի կրնաս երթալ դպրոց: 

Արմէնի գունտ երեսը կը տաքնայ յանկարծ ու կը կարմրի: Սիրտը կը վառի անօրինակ բոցով մը. կաթիլ մը իւղ ինկած է հոն կարծես - Կաթիլ մը օրհնուած իւղ իր հայրենի սիրական սուրբէն, Մեսրոպէն. եւ ամբողջ կորով կտրած, աչքերը կը վերցնէ ու մեղմ բայց հաստատ ձայնով մը կը պատասխանէ լեզուովը սուրբ Մեսրոպին. 

-Ես Հայ եմ, տէր իմ, ես կը սիրեմ կրթութիւնը, ու չեմ վախնար աշխատանքէ: Եթէ պէտք ըլլայ՝ թէ՛ կ՚աշխատիմ եւ թէ դպրոց կ՚երթամ: Ես դրամին համար չեմ գար Ամերիկա: Դպրոց երթալ կ՚ուզեմ ես. դպրո՛ց, դպրո՛ց: 

Հայերէն բառերու արձագանգը հազիւ մարած է սենեակին անկիւններէն եւ թարգմանութիւնը հազիւ աւարտած: Հրաշքով մը կարծես՝ քննիչին դէմքին սառոյցը հալեր է բոլորովին՝ հայրական բարի ջերմութեան մը ներքնաբուխ հոսանքէն եւ աչքերը կը ճառագայթեն. 

-Շա՛տ լաւ, տղաս, շա՛տ լաւ: Տուն գնա՛ եղբօրդ հետ: Եւ բարի յաջողութիւն քեզի: 

Ու Արմէն, եղբօրը ձեռքը բռնած, ժպիտը աչքերուն եւ ամբողջ արեւ մը սրտին՝ ազատ քայլերով ներս կը մտնէ Ամերիկայի շեմքէն: 

Աշնան օր մըն է: Ցուրտ մշուշ մը պատանքեր է Նիւ Եորքի ծովափը, եւ բարակ, շատ բարակ անձրեւ մը կը մաղուի: Երբ ոտքը կը դնէ մեծ քաղաքին կարծր գետնին վրայ՝ Արմէն կը զգայ, թէ իր տղու հոգիին, իր պանդուխտ հոգիին մէջ կը վառի դեռ կաթիլ մը իւղը իր հայրենի սուրբէն, Ս. Մեսրոպէն: Կաթիլ մը իւղ որ հատնում չունի եւ որուն լոյսը ստուեր չի ձգեր: Կաթիլ մը իւղ Ս. Մեսրոպէն...:

* 

Թլկատինցիի մասին կը գրէ. 

Գրչի մէկ հատիկ անուն մը, գրականութիւն մը ամբողջ՝ դուրսի աշխարհին համար: Բայց դպրոցէն ներս, իր աշակերտներուն համար, մի՛շտ Յովհաննէս էֆէնտին, միշտ վարպետ ուսուցիչը: 

Մէկտե՛ղ մտնենք իր դասարանը: Գլխուն վերեւ՝ պատէն կախուած է իր իսկ նկարը, որ գործն է իր աշակերտներէն մէկուն: 

Գրասեղանին վրայ զիրար կը հրմշտկեն կամ իրարու վրայ կը պառկին հայ թերթեր, աշխարհի չորս ծագերէն հասած: Դասէն առաջ ու ետքը՝ աշակերտները թերթերուն դէզը կը քրքրեն հասկնալու համար, թէ ի՞նչ կ՚անցնի եւ ի՞նչ կը դառնայ Հայ գրական հրապարակին ներսն ու շուրջը, եւ ի՞նչ աստղեր կը շողան կամ կ՚իյնան, կը մարին այդ հրապարակին կամարներէն: 

Գրելու դասին օրն է: Սեւ պատին վրայ դեռ կը կարդացուի երեք օր առաջ իր գրած մէկ կտորը. ոչ ոք ուզած կամ համարձակած է սրբել զայն. բոլոր կարգերն ալ անայլայլ յարգանքով, տեսակ մը երկիւղածութեամբ է որ կը մօտենան իր ձեռագրին, որ մանր է նուռի հատիկներուն չափ, եւ որուն տողերը այնչափ գոր քաշուած են, որ պատին մէկ ծայրէն մէկալը կը հասնին ուղղաձիգ: 

Վարպետը սեւ պատին առաջքն է հիմա, սիկարէթին տեղ՝ կաւիճը բռնած: Քունքը կը քերէ, կը մտածէ վայրկեան մը: Ետ կը քաշուի ու նայուածք մը կը նետէ բաց պատուհանէն դուրս: Սուր պողպատ կայ այդ նայուածքին մէջ. ծակող, ընկղմող բան մը, որ կ՚երկննայ ու կը տեւէ պահ մը, բայց բնաւ չի թուլնար, չի ծռիր: 

Վարպետը կը գրէ ու կը գրէ: Երբեմն կանգ կ՚առնէ յանկարծ. գրածը կը կարդայ մտքով, կաւիճը վար կը դնէ ու սրբիչը կը վերցնէ. թաղիքին չոր լեզուն կը ջնջէ բառ մը, տասը բառ կամ տասը տող ամբողջ, զոր ինքը՝ վարպետը չէ հաւներ: Սիկարէթ մը կը մխրցընէ հիմա, կուշտ ումպ մը կը քաշէ ու կաւիճը ձեռք կ՚առնէ նորէն:

Մեզի, իր աշակերտներուն ալ, շարադրութեան կաղապարուած նիւթեր չէր պարդատրեր բնաւ: 

- Գացէ՛ք, կը թելադրէր, նոյնիսկ կը հրամայէր ալ, եւ ձեր աչուըներովը դիտեցէ՛ք, ձեր մատուըներովը շօշափեցէք աշխարհքը, եւ ձեր տպաւորութիւններն ու փորձառութիւնները թուղթի վրայ առէք անկեղծ լեզուով, շիտակ լեզուով: 

- Զգուշացէ՛ք աւելորդ, ծանր բառերէ, մանաւանդ անպէտ ածականներէ, որոնք նախադասութիւնը կը բեռնաւորեն եւ գրութեան մը շինուածքն ու միտքը կը խախտեն, նոյնիսկ կը փլցնեն ալ: Կարճ նախադասութիւն մը յաճախ գոռ պատգամի մը ուժն ունի: Կարճ ըսելով չհասկնալ բոլորովին չորն ու ցամաքը: Զգուշացէք նոյնպէս՝ բռնազբօս եւ արուեստական նմանաձայնութիւններ քայլ գլուխ հետապնդելէ: 

- Բառերը մի՛ ծամծմէք, մի՛ չարչարէք, մի՛ ծռէք: Գրեցէ՛ք, սրբագրեցէ՛ք: Պատռեցէք, եթէ պէտք ըլլայ: Դիտեցէք, նիւթերնիդ լաւ որոճացէք ու նորէն գրեցէք: Գրեցէ՜ք նորէն, մինչեւ որ դուք ձեր պատեանէն դուրս ելած՝ դուրսէն դատէք եւ հաւնիք ձեր գրածը: Բայց մի՛շտ շիտակ գրեցէք: 

-Հետեւող մի՛ ըլլաք, դուք ձեր սեփական ոճը աճեցուցէք, պայմանաւ որ պարզութեան եւ մանաւանդ ան-կեղծ արտայայտութեան ցանկապատէն դուրս չելլէք: 

-Մի՛ մոռնաք գաւառին աղն ու պղպեղը խառնել ձեր գրուածքին, եւ ա՛յնպէս գրել որ կարդացողը համ առնէ…

Վարպետին անուշ լեզուն լռեր, սուր գրիչը փշրուեր է վաղուց, բայց իր հոգին «Էնդի Դէմէն» է որ կը փսփսայ կարծես:

-Գացէ՜ք, ու այսօր ալ ի՛մ վրայ բան մը գրեցէք:

(«Նոր գիր», Ա. տարի, թիւ 10-11, Նոյ. դեկտ., 1936, էջ 260-262):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ​

Վաղարշապատ

 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026