ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան։ 

Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ, թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ ստանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց՝ թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ եկեղեցւոյ կացութեան շուրջ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026