Շաբաթ 6, Յունիս 2026
ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս, առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Կրթական կեանքի առաջին տարեշրջանը աւարտած փոքրիկները հանդէսի ընթացքին զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Բացի ծնողներէն, հանդէսի մասնակիցներու շարքին էին Օրթագիւղի ընտանիքէն վարիչներ, որոնք մեծ խանդավառութիւն ապրեցան՝ ականատես դառնալով փոքրիկներու արձանագրած յաջողութեան։ Հանդէսի աւարտին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին առաջին դասարանի փոքրիկները, որոնց մաղթեցին ապագայ յաջողութիւններ։
Շաբաթ, Յունիս 6, 2026