Շաբաթ 6, Յունիս 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճուն եւ գործակից ընկերները։ Թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց՝ եկեղեցւոյ կացութեան եւ թաղային խորհուրդի աշխատանքներուն շուրջ։
Հրաժեշտի պահուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու կարողութեան մաղթանքը՝ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղականներուն։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)
Շաբաթ, Յունիս 6, 2026