ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեանը, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Հայաստան։ Ան այս օրերուն Իսթանպուլ եկած է՝ ընկերակցութեամբ Վահագն Զաքարեանի եւ Արսէն Զաքարեանի։ Այցելուները կը հիւրընկալուին մեր համայնքէն արուեստագէտ Արթիւր Պաղտասարեանի կողմէ։

Յակոբ Այնթապլեան, վերջին տարիներուն քանի մը անգամ այցելած է քաղաքս եւ այժմու այցելութիւնն ալ տեղի կ՚ունենայ ի շարունակութիւն անոնց։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց զինքը՝ ուրախութիւն յայտնելով երէց սերունդէ մտաւորականի մը հետ հերթական անգամ մէկտեղուելու առիթին կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը տքթ. Այնթապլեանին հետ կարծիքներ փոխանակեց՝ սփիւռքահայ մշակութային կեանքին շուրջ։ Ան տեղեկութիւններ ստացաւ նաեւ տքթ. Այնթապլեանի վերջին աշխատանքներուն կապակցութեամբ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը  բարի կեցութիւն եւ նոր ձեռքբերումներ մաղթեց Այնթապլեանին եւ ընկերակիցներուն։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026