ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Երէկ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձի աւանդական տօնակատարութիւնները։ Այսպէս, դպրաց դասու հիմնադրութեան 323-րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 88-րդ տարեդարձները նշուեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Նկատի ունենալով, որ արարողութիւնը Սուրբ Էջմիածնի տօնին կը համընկնէր՝ կատարուեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, նոյնպէս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, սարքուեցաւ տարեդարձի սիրոյ սեղան։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026