ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Չի բացառուիր, որ Հայաստանի գործող վարչապետը առաջինը շնորհաւորեն՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Այս վերջինը՝ որպէս հիմնական «գործընկեր» Փաշինեանի իշխանակարգին, իսկ նախագահ Էրտողանը՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ երկրի, նաեւ Հայաստանի այս ղեկավարութեան հետ համագործակցող կեդրոնական դէմք։ Այս բոլորը կարեւոր է, անշուշտ, հասկնալու համար, թէ ի՛նչ հունի մէջ է Հարաւային Կովկասը, ուր Ռուսաստանի ներկայութիւնը պիտի շարունակէ աւելիով թուլանալ։
Մէկ ամիս տեւած ընտրական թէժ արշաւէն ետք, Հայաստան ի վերջոյ կը մտնէ բոլորովին նոր փուլ մը, որ պիտի նշանաւորուի ներքին-հաստատութենական բարեփոխումներով, դատաիրաւական համակարգի առողջացումով, տնտեսական կայուն տեսլականով, նաեւ եթէ վերընտրուած իշխանախումբը ճիշդ մտածէ ու գործէ, ապա ներքին կայուն համերաշխութեամբ։ Ի հարկէ, շատ իտէալական են այս փափաքները, սակայն, այդքան ալ դժուար իրագործելի դրոյթներ չեն։
Ի վերջոյ, Նիկոլ Փաշինեան շատ լաւ գիտէ իր թոյլ կողմերը, բացթողումները եւ իր վարկանիշին վնաս բերած սխալները։ Ու այդ բոլորին պատճառով է, որ ան կրնայ փոխել իր մտասեւեռումները եւ իրերուն նայիլ բոլորովին այլ պատուհանէ մը։ Ո՛չ անպայման զիջելու մասին է այդ մօտեցումը, սակայն, անպայման ներքին հրապարակը կայունացնելու մասին է։ Հոս, անշուշտ, կան քանի մը կարեւոր հաշուարկներ. օրինակ՝ եկեղեցւոյ դէմ պայքարի «վերաշարադրում», կրօնական թէ աշխարհիկ ընդդիմադիր գործիչներու դէմ պայքարի նահանջ ու ամենակարեւորը՝ երկրին մէջ համերաշխութիւն մը աճեցնելու կենսականութիւն։
Միւս կողմէ, յստակ է արդէն, որ արմատական համարուած ընդդիմութիւնը ամբողջովին պիտի դիմափոխուի ու այնտեղ հիմնական դէմք հանդիսացող երկու նախկին նախագահները Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը կրնան ամբողջապէս քաշուիլ խաղէն։ Անոնք՝ նախկինները, պիտի ունենան իրենց հետեւորդները, կամ իրենց ուղին շարունակողները, բայց, դժուար է պատկերացնել, որ այս ընտրութիւններուն գոյացած ընդհանուր պատկերը կամ իշխանափոխութիւն իրականացնելու «աստեղային ժամ»ը արդէն իսկ կը պատկանի անցեալին։ Բաց աստի, յստակ է նաեւ, որ երէկ՝ 7 յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութեանց հիմնական քուէարկողները եղան՝ Հայաստանի «Ջերմուկ» ջուրի մակնիշը, հայկական համեղ ելակը, նաեւ Մոսկուա չհասած ծաղիկները, որոնք արդէն սկսան ուղարկուիլ դէպի Եւրոպայի այլ երկիրներ։
Ու այս բոլորը, անշուշտ, որոշակի նշան է՝ հասկնալու եւ հաստատելու համար, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին այդքան աշխոյժ էր, ինչո՞ւ ընտրողներու իրաւունք ունեցողներու մասնակցութեան համեմատութիւնը այդքան բարձր եղաւ եւ, ի վերջոյ, ի՞նչ պատճառով էր, որ ընտրութիւնները նշանաւորուեցան աննախընթաց աշխուժութեամբ։
Ռուսաստան սխալեցաւ եւ իր սխալին գինը քաղեց այս ընտրութիւններու արդիւնքներով։ Հաւանաբար Մոսկուայի համար մեծ խնդիր մը չէ այդ բոլորը, որովհետեւ ինչպէս Փաշինեան յայտարարած էր՝ սարերու ետին չէ իր Մոսկուա այցելութիւնը, ուր նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ «թէթ-ա-թէթ» հանդիպումը, «սիրտեր լուալ»ու հերթական առիթը։
Այս բոլորէն անդին, այս ընտրութիւնները պիտի նշանաւորուին միջազգային ուժերու միջեւ յստակ պարանաձգութեամբ։ Մէկ կողմէ Ռուսաստանը, իսկ միւս կողմէ հաւաքական Արեւմուտքը, որոնց միջեւ կանգնած է Հայաստան, որ կը փորձէ այս խաղէն դուրս գալ նուազագոյն վնասով։ Կան, անշուշտ, այլ շերտեր եւս, բայց, այս փուլը յստակօրէն կը նշանաւորուի Ռուսաստանի՝ Հարաւային Կովկասէն «մասնակի» կամ առժամեայ հեռացումով, ինչ որ մեծ փաստ մըն է ու շատ հաւանաբար ասոր համար է, որ եւրոպացիք բարոյապէս ու ապագային ալ նիւթապէս կարեւոր նեցուկ պիտի տրամադրեն Հայաստանին՝ միայն այն նպատակով, որ Ռուսաստանի ներկայութիւնը հանգրուանէ նուազագոյն կէտի մը վրայ։
Մնացեալը, անշուշտ, թէեւ կարեւոր, սակայն, մանրամասնութիւններ են՝ թիւեր, քուէներ, խախտումներ, յետընտրական որոշակի «ջղայնութիւններ»։ Արդիւնքը պիտի մնայ նոյնը՝ ընդդիմութիւնը սխալեցաւ, Մոսկուան անտեղի «վճիռներ» տուաւ, իսկ Նիկոլ Փաշինեանն ու «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը յաղթական դուրս եկան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան