ԹՐԱՄՓ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Փաշինեանի գլխաւորած կուսակցութեան յաղթանակին կապակցութեամբ Թրամփ յղեց շնորհաւորութիւններ:

Ամերիկացի ղեկավարը ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը շնորհաւորեց Հայաստանի վարչապետը: «Կը շնորհաւորեմ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրութիւններուն մէջ տարած վստահ յաղթանակին կապակցութեամբ: Ես շատ հպարտ եմ, որ աջակցած եմ անոր վերընտրուելու հարցին մէջ: Կասկած չունիմ, որ իր ղեկավարութեամբ հրաշալի Հայաստանը կը հասնի մեծ յաջողութիւններու եւ բարգաւաճման այնպիսի մակարդակի մը, որ կը գերազանցէ բոլոր սպասումները», նշուած է Թրամփի գրառման մէջ: 

Հայաստանի ընտրութիւններէն անմիջապէս վերջ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն ալ հեռաձայնային կապ հաստատած էր Նիկոլ Փաշինեանի հետ: 

Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութենէն առաջ Մարքօ Ռուպիօ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ նախաստորագրեց TRIPP նախաձեռնութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը: Այցելութենէն օրեր անց, այս անգամ հեռակայ դրութեամբ, Ռուպիօ եւ Միրզոյեան ուղղակի ստորագրած էին խնդրոյ առարկայ փաստաթուղթը: Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս վերջ, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսուի TRIPP նախագծին շուրջ դաշտի վրայ գործնական աշխատանքներու սկիզբը:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026