Հինգշաբթի 11, Յունիս 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՊՈԼԻՍ ԼՈՒՍԱՏՈՒ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց «Պոլիս լուսատու» խումբին ներկայացուցիչները: Ինչպէս ծանօթ է, սա լուսանկարիչներէ բաղկացեալ խումբ մըն է, որ վերջին շրջանին նկատելի գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ պոլսահայ մշակութեային կեանքէն ներս: Զրոյցի ընթացքին «Պոլիս լուսատու»ի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին, որ կազմակերպած են մօտալուտ ցուցահանդէս մը: Անոնք Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին այս նախաձեռնութեան վերաբերեալ զանազան մանրամասնութիւններ:
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դրուատեց լուսանկարիչներու համախումբ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց մօտալուտ ցուցահանդէսին համար:
Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026