ԱԿՆԱՐԿ - 167 - «ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ
Տարեդարձները ուրախութեան եւ ցնծութեան առիթներ են, որոնք կը նշուին յատուկ խնդութեամբ եւ ոգեւորութեամբ: Հաստատութեան մը, կառոյցի մը, պատմական դրուագի մը, իսկ այս պարագային եւ յատկապէս ներկայ ժամանակներուն տպագիր պարբերականի մը, այն ալ օրաթերթի մը տարեդարձը ո՛չ միայն ուրախութեան առիթ է, այլ աւելին՝ ներշնչումի եւ պարծանքի առիթ է: Միաժամանակ, նման տարեդարձ մը բարձր ձայնով հնչող աւետիս մըն է, թէ տակաւին հայ թերթը հակառակ տարատեսակ դժուարութիւններու, կը շարունակէ իր ընթացքը, կը շարունակէ ակօսներ բանալ իր առջեւ պարզուած անդաստանին մէջ, կրթելով ու դաստիարակելով, գիտութիւն եւ մշակոյթ ջամբելով, քաղաքական (հայկական, տեղական ու միջազգային) ու տնեսական, մարզական եւ մանկապատանեկան, ընկերային, կնոջական եւ երիտասարդական ու զանազան տեղեկութիւններ փոխանցելով իր ընթերցողներուն:
Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթն է այս անգամ, որ կու գայ մեզի այդ ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը փոխանցելու, թեւակոխելով իր 100-րդ տարին: Տարեդարձ մը, որ շատ խորքային իմաստ ու նշանակութիւն ունի առաջին հերթին հայ մամուլին, յետոյ եւ երկրորդ ու աւելի կարեւորը՝ լիբանանահայ համայնքին համար:
«Ազդակ»ի հետ ծանօթութիւնս կու գայ աշխարհի մէկ տաքուկ անկիւնէն՝ Քէսապ հայաւանէն, երբ տակաւին պատանի՝ կեանքին բացուելու առաջին հանգրուանին (խօսքը 1995-ականներէն ու այս կողմի մասին է), գիւղի ակումբին սեղաններուն վրայ միշտ ներկայութիւն էր ան: Ներկայութիւն մը, որ ո՛չ միայն տեսքի կամ զարդի համար էր, այլ՝ դարձած էր մեր դէպի աշխարհ նայելու պատուհանը, մանաւանդ դէպի հայրենիք նայող պատուհանը, ուրկէ կը տեղեկանայինք նորանկախ Հայաստանի լուրերուն եւ իրադարձութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մեր միւս համայնքներու լուրերուն վերահասու կը դառնայինք «Ազդակ»ի միջոցով:
Աւելի ուշ, «Ազդակ»ի հետ ծանօթութիւնը սկսաւ աւելի մտերմանալ՝ շաբաթական կամ մի քանի օրը անգամ մը հանդիպումէն վերածուելու գրեթէ ամէնօրեայ հանդիպումի, Լիբանանի Պիքֆայայի բարձունքի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեավանքէն ներս ուսուսմի տարիներուս: Այստեղ եւս, ինչպէս Քէսապի մէջ, «Ազդակ»ը ձեւով մը մեր պատուահնն էր դէպի աշխարհ նայող եւ մեզ աշխարհի անցուդարձերուն կապող:
Աւելորդ է ըսել, որ այդ տարիներէն ի վեր եւ մինչեւ այսօր, «Ազդակ»ը դարձած է հաւատարիմ ընկեր մը, որու հետ շփումի բացակայութիւնը շատ յաճախ զգացնել կու տայ պակաս մը, որ պէտք է անպայմանօրէն ամբողջացնել:
«Ազդակ»ը թերթող կամ ընթերցող իւրաքանչիւր հայորդի ծանօթ է անոր հարուստ ու բազմակողմանի բովանդակութեան, ինչպէս վերը ամփոփ կերպով ակնարկեցի: Այնտեղ, իւրաքանչիւր ընթերցող քաղաքական եւ տնտեսական լուրերէն ու իրադարձութիւններէն բացի, կրնայ գտնել զինք հետաքրքրող որեւէ մէկ նիւթ, կարդալ, վայելել, նոր գիտելիքներ ամբարել, նոր տեսլականներ ունենալ, մէկ խօսքով, «Ազդակ»ի բազմակողմանի եւ հարուստ բովանդակութիւնը կու գայ ընթերցողին ներաշխարհը ա՛լ աւելի ճոխացնել ու գեղեցկացնել:
Բնականաբար, նման իրողութիւն մը ոչինչէն չի՛ գոյանար կամ ոչինչէն չի՛ յառաջանար, այլ այդ բոլորին ետին կայ յստակ ռազմավարութիւն եւ գաղափարական տեսլական, որու հաւատարիմ մնալով՝ «Ազդակ» իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր կը շարունակէ լոյս աշխարհ գալ կատարելով իր նուիրական առաքելութիւնը:
Արդարեւ, անցնող հարիւր տարիներու բոլոր խմբագիրները եւ անոնց օգնականները օրն ի բուն աշխատած են «Ազդակ»ի ջահը ո՛չ միայն վառ պահելու, այլեւ այդ ջահով նոր ճամբաներ բանալու եւ լուսաւորելու համար: Այս մասին կը վկայեն «Ազդակ»ի 5 մարտ 2026 թուականի խմբագրականին հետեւեալ տողերը. «…Ուղին կը շարունակուի: Ճանապարհները նոր տեսակի ասֆալթներով պատուած են գուցէ: Լուսաւորումները երբեմն շլացուցիչ են եւ տեսողութիւնը կը խանգարեն: Մշուշապատ հատուածներ եւս կ՚ակնկալուին այդ ճանապարհին ընթացքին:
«Ազդակ» անպայման լոյսով կը ճեղքէ մառախուղը եւ կը շարունակէ իր լոյսին երթին հետեւող շրջանակը:
Հարթ, բայց ոչ ապահով, լուսաւորուած, սակայն մշուշոտ, երթեւեկութեան լոյսերով եւ ցուցանակներով օժտուած, սակայն ոչ-ճիշդ կողմնորոշող ուղիներ կը բացուին «Ազդակ»ին առջեւ: Կայ սակայն հիմնադիր խմբագիրներուն թերթի էջերուն ամրագրած ճանապարհային քարտէսը, որուն ուղղութիւններով կ՚ընթանայ այս թերթը ահաւասիկ հարիւր տարիէ ի վեր…»:
«Ազդակ»ի նոր հարիւրամեակի սեմին, յոյսով ենք, որ ան կը շարունակէ իր ընթացքը նոյն վճռակամութեամբ, նոյն եռանդով, նոյն գաղափարական տեսլականով, առանց վրդովելու սպասելի եւ անսպասելի հարուածներէ ու խոչընդոտներէ, որովհետեւ այդ բոլորը անբաժանելի մէկ մասնիկն են յատկապէս օրաթերթի մը, այս պարագային «Ազդակ»ի, որ 100 տարիներ շարունակ հաւատարիմ մնացած է իր ուղիին, իր գաղափարական տեսլականին, իր առաքելութեան, եւ վստահ եմ, որ նոյն ոգիով պիտի շարունակէ իր ընթացքէ դէպի նոր հարիւրամեակ:
*
Այս տողերը արձանագրել եւ չանդրադառնալ «Ազդակ»ի վերջին շուրջ 25 տարիներու գլխաւոր խմբագիրին՝ Շահան Գանտահարեանին մասին, կը նմանի խօսիլ նաւու մը կատարած բարեյաջող եւ ապահով նաւարկութեան մասին ալեկոծ ծովուն մէջ, առանց խօսելու նաւու նաւապետին մասին։
Շահան Գանտահարեանը, արդարեւ, ո՛չ միայն «Ազդակ»ի նաւապետն է, այլեւ նաւաստին, թիավարը, առագաստաւորը. մէկ խօսքով՝ ան այն առանցքային ուժն է, որ տարիներ շարունակ ուղղած, առաջնորդած եւ ապահով նաւահանգիստ հասցուցած է թերթը՝ քաղաքական, ազգային, հասարակական եւ լրատուական բազմաթիւ փոթորիկներու ընդմէջէն։ Իր հեռատեսութեամբ, անխոնջ աշխատանքով, գրիչի սրութեամբ եւ ազգային պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ, ան կրցած է պահպանել «Ազդակ»ի հեղինակութիւնը, անոր ազգային դիմագիծը եւ հայ մամուլի մէջ ունեցած առանձնայատուկ դիրքը։
Շահանը առաջին անգամ տեսած եմ Պիքֆայայի դպրեվանքի բակին մէջ՝ հեռուէն։ Երեկոյ մը, երբ մեր հսկիչ հայր սուրբին հետ կը ճեմէինք բակին մէջ, ան իր ինքնաշարժէն իջաւ եւ հանդարտ քայլերով ուղղուեցաւ դէպի մատուռ։ Արդէն երրորդ կամ չորրորդ անգամն էր, որ նոյն տեսարանին ականատես կ՚ըլլայի եւ հետաքրքրութիւնս զիս մղեց հարցնելու հսկիչ հայր սուրբին.
-Ո՞վ է այս երիտասարդը։
Պատասխանը կարճ էր, բայց տպաւորիչ.
-Շահան Գանտահարեանն է, «Ազդակ»ի խմբագիրը։
-Գանտահարեա՞ն:
-Այո՛, մեր պրն. Գէորգ Գանտահարեանին տղան…:
Մինչեւ հիմա հայր սուրբին ձայնը ականջներուս մէջ է՝ «Շահան Գանտահարեան, Գէորգ Գանտահարեան…», իսկ մտապատկերիս մէջ միշտ թարմ մնացած են Շահանին պարզ ու համեստ կեցուածքը։ Աւելի ուշ, երբ առիթ ունեցայ անձամբ ծանօթանալու անոր եւ երբեմն-երբեմն քանի մը նախադասութիւն փոխանակելու, այդ առաջին տպաւորութիւնս ո՛չ միայն չփոխուեցաւ, այլեւ աւելի ամրապնդուեցաւ։ Իր ունեցած պատասխանատու պաշտօնին, լայն ճանաչման եւ հեղինակութեան դիմաց, Շահանը այնքան պարզ, մտերիմ ու խոնարհ անձնաւորութիւն մըն է։ Անոր խօսքին մէջ երբեք ինքնագովութիւն չկայ, իսկ վարքագիծին մէջ՝ ցուցադրականութիւն։ Թերեւս այդ ալ է գաղտնիքը, որ ան ո՛չ միայն մեծ յարգանք կը վայելէ շատերէն, այլեւ՝ անկեղծ սիրոյ արժանացած է շատերու կողմէ։
Այս առթիւ նաեւ խնդակցութիւնս Շահանին, անվարան շարունակելու իր նաւարկութիւնը: Աւելի՛ն, ոգեւորելու իր շրջապատը՝ յատկապէս երիտասարդութիւնը, կառչելու ազգային արժէնքներուն, գաղափարական տեսլական ունենալ, յարգը գիտնալ նախնիներու թողած ժառանգութեան եւ հաւատարմութեամբ ընթանալ անոնց գծած ուղիէն, միշտ քայլ պահելով ներկային հետ:
*
Այստեղ չեմ կրնար չյիշել նաեւ քաղցրայիշատակ մեր սիրելի պրն. Գանտահարեանը, որ դպրեվանքէն ներս ո՛չ միայն սովորական ուսուցիչ մըն էր մեզի համար, այլեւ՝ դպրոց մը, որ ո՛չ միայն գիտելիքներով ու իր կեանքի փորձառութեամբ կը զինէր մեզ, այլեւ իր սրամտութիւններով կը քաղցրացնէր մեր առօրեան: Նաեւ յարգանքով եւ խոնարհումով կը յիշեմ տիկին Մարոն, որու ձայնը, խօսքերը եւ խաղաղ դէմքը իմ մնայուն այցելուներս են:
Խունկ եւ աղօթք անոնց քաղցր յիշատակին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ