ՅՈՅՍԸ՝ ԾՈՒԽԵՐՈՒ ԵՏԻՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը ձգտի կրակ մարողի դերին։ Սա խնդրայարոյց պարագայ մըն է Իսրայէլի տեսակէտէ, որ կրնայ մնալ՝ միս-մինակ։ Յամենայնդէպս, խաղաղութեան որոնումներով ու լաւատես յայտարարութիւններով հանդերձ՝ աշխարհ փուշի վրայ կը դիտէ վերջին բախումները։ Յայտարարութիւններն ու դաշտի վրայ իրականութիւնը այնքան տարբեր են, որ դժուար չէ հետեւցնել, թէ յոյսը ծուխերու ետին է։ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ նոր յարձակումներ տեղի կ՚ունենան, իսկ Իսրայէլ միշտ ենթակայ է մեկուսացման վտանգի։
Տանըլտ Թրամփ յաջողեցաւ զսպել Իսրայէլ-Իրան սրացումը, որ սկսած էր անցեալ շաբաթավերջին։ Արդարեւ, Թել Աւիւն ու Թեհրանը այս շաբթուան սկիզբին դադրեցուցին իրարու դէմ յարձակումները՝ Թրամփի խիստ կոչէն ետք։ Ան պահանջած էր հրադադար հաստատել եւ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան։ Այս քայլը փրկեց ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները, որոնք մեծ թափ ստացած էին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերջին ամիսներուն արձանագրուած ամենավտանգաւոր ռազմական սրացումէն ասդին։ Այդ պահը թէեւ շատ կարեւոր էր, սակայն, երկու կողմերը տակաւին հեռու են իրենց հակասական պայմանները յաղթահարելէ եւ համաձայնութեան հասնելէ։ Սա է պատճառը այժմու բախումներուն, որոնցմով կողմերը կը ջանան իրարու պարտադրել սեփական պայմանները։ Յարձակումներու դադրեցումէն ետք Իրան զգուշացուց, որ պիտի վերականգնէ իր գործողութիւնները, եթէ շարունակուին Իսրայէլի հարուածները Լիբանանի մէջ՝ ներառեալ Հարաւային Լիբանանի մէջ։ Իր կարգին, Իսրայէլ յայտարարեց, որ անընդունելի է Իրանի կողմէ պարտադրումը նոր հաւասարակշռութեան մը, որով «Հիզպուլլահ»ի դէմ Իսրայէլի գործողութիւններուն պիտի պատասխանէ Իրան՝ յարձակելով իր վրայ։ Իսրայէլ նաեւ վերահաստատեց, որ պիտի շարունակէ իր գործողութիւնները Լիբանանի մէջ։
Թրամփ հեռուստահարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուն զգուշացուցած է, թէ Իրանի հետ սրացումը եթէ պատերազմի վերածէ, ապա Իսրայէլ պիտի մնայ միս-մինակ։ Այդ հարցազրոյցին յաջորդած օրուան տեւողութեան արդէն երկու անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ Թրամփի եւ Նեթանյահուի միջեւ։
Թրամփ ընկերային ցանցերու վրայ գրեց. «Խաղաղութեան վերաբերեալ վերջնական բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ այնքան ատեն, որ տգիտութիւնն ու յիմարութիւնը անոնց ճամբան չեն կտրեր»։ Միաժամանակ, ան շեշտեց, որ ԱՄՆ-ի շրջափակումը Իրանի դէմ պիտի շարունակուի ամբողջ թափով՝ մինչեւ վերջնական համաձայնութեան ձեռքբերուիլը։
Իր կարգին, Նեթանյահու հրադադարէն ետք յայտարարեց. «Իրանն ու «Հիզպուլլահ»ը աւելի քան երբեք տկար են, իսկ մենք՝ աւելի քան երբեք զօրաւոր»։ Ան ընդգծեց, որ իրենց դէմ պայքարը տակաւին աւարտած չէ։ Վարչապետը զգուշացուց, որ եթէ Իրան վերսկսի յարձակումները, ապա Իսրայէլ պիտի պատասխանէ ճնշիչ ուժով։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց եւս սպառնաց, որ Պէյրութ կրնայ նոր հարուածներու ենթարկուիլ, եթէ «Հիզպուլլահ» շարունակէ իր գործողութիւնները Իսրայէլի հիւսիսին։
Իր կարգին, Իրանի ռազմական ղեկավարութիւնն ալ յայտարարեց, որ եթէ թշնամական գործողութիւնները շարունակուին՝ ներառեալ Լիբանանի հարաւը, ապա Իրանի պատասխանը պիտի ըլլայ շատ աւելի խիստ եւ ծանր՝ նախկիններուն բաղդատմամբ։
Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաղէր Ղալիպաֆ պնդեց, որ Լիբանանի մէջ հրադադարի խախտումներն ու ԱՄՆ-ի ձեռնարկած ծովային շրջափակումը եղած են վերջին լարուածութիւններուն հիմնական պատճառները։ Ըստ իրեն՝ երբեմն սպառնալիքով եւ բանակցութիւններու դադրեցումով, իսկ երբեմն ալ ուղղակի գործողութիւններով Իրան կը կանխէ ու պիտի կանխէ Պէյրութի վրայ յարձակումները։ Այս բոլորի լոյսին տակ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ ԱՄՆ-ի հետ հաղորդակցութիւններն ու փոխանակուած պատգամները կը շարունակուին։ Նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան շեշտեց, որ Իրան ո՛չ ռազմաճակատը լքած է, ո՛չ ալ բանակցութիւններու սեղանը։
Միեւնոյն ժամանակ, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ յայտնեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին բռնութիւնները կը յիշեցնեն, թէ որքան վտանգաւոր կրնայ ըլլալ փխրուն հրադադարը եւ ինչպիսի ծանր հետեւանքներ կրնան յառաջանալ անոր փլուզման պարագային։ Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց, որպէզսի զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ խաղաղութեան եւս մէկ առիթ տան։
Ռազմական դաշտին մէջ, Իսրայէլի բանակը յայտարարեց, որ հարուածած է Իրանի արեւմտեան եւ կեդրոնական շրջաններու՝ ռազմավարական հակաօդային պաշտպանական համակարգերը։ Իսրայէլի բանակը նաեւ թիրախ դարձուց Մահշահրի քիմիական համալիրի շարք մը ենթակառուցուածքները՝ պնդելով, որ անոնք օգտագործուած էին հրթիռային ծրագիրներու համար անհրաժեշտ նիւթերու արտադրութեան նպատակով։ Իսկ Իրանի կողմէ արձակուեցան շուրջ երեսուն հրթիռներ՝ Իսրայէլի զանազան շրջաններու վրայ, մինչ Եմէնի հուսիները հրթիռներ արձակեցին եւ յայտարարեցին Կարմիր ծովու մէջ Իսրայէլի դէմ ծովային երթեւեկութեան արգելքի մասին։
Ի վերջոյ, Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ սահմանեց երկու իրանցիներու եւ Յեղափոխական պահակազօրի մէկ ստորաբաժանման դէմ՝ Հիւրմիւզի ջրանցքով նաւարկութեան ազատութիւնը վտանգելու մեղադրանքով։ Իսկ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Քեազըմ Ղարիպապատի պատասխանեց, որ Թեհրան որեւէ կարեւորութիւն չի տար Պրիւքսէլի այս քաղաքական ու կեղծաւոր քայլին եւ պիտի շարունակէ իր ռազմավարութիւնը՝ պահպանելու համար ինքնիշխանութիւնը այդ ռազմավարական ջրանցքին վրայ։
Պէյրութի ղեկավարութիւնն ալ լուռ չէ։ Այս բոլորի լոյսին տակ, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի կատարած յայտարարութիւնները նոր եռուն վիճակ մը կը ստեղծէին՝ առանց այդ ալ անհանգիստ կացութեան մատնուած Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքի պարագային։ Նախագահ Աունի հնչեցուցած գաղափարները նոր հիմքեր դրին՝ Պաապտայի պալատին եւ «Հիզպուլլահ»ի միջեւ։ Աունի բերնէն հնչած մտքերը նախագահութիւնը դուրս բերին՝ մինչ այդ տիրած բացարձակ ենթակայութենէն եւ իրադրութիւնը փոխարինեցին դէպի պետական տրամաբանութիւն մը, որ կը ձգտի «Հիզպուլլահ»ը ներառել պետական հովանիի տակ՝ առանց զայն վերացնելու կամ ջախջախելու։
Միաժամանակ, Պաապտա գծեց Իրանի հետ յարաբերութիւններու նոր սահմաններ, որոնց հիմքը փոխադարձ արժանապատուութիւնն ու հաւասարութիւնն են։ Նախագահական աթոռը ի վերջոյ գիտակցած է, որ Իրան ունի քաղաքական լուծումները խափանելու եւ կայունութիւնը վտանգելու կարողութիւն՝ իր աւանդական միջոցներով. ինչպէս՝ սպանութիւններն ու ականահարումները։ Այդ պատճառով ալ Լիբանանի նախագահը որդեգրեց այլ մօտեցում մը՝ հիմնուած հաշուենկատ քաղաքական ճնշումի վրայ՝ առանց ամբողջական խզման երթալու, որպէսզի բաց մնայ «Հիզպուլլահ»ի զէնքին շուրջ փոխըմբռնման հասնելու պատուհանը։ Այս քաղաքականութիւնը կը հիմնուի արաբական եւ յատկապէս՝ Ծոցի երկիրներու աջակցութեան վրայ։ Անոնց շարքին առաջնակարգ դեր կը խաղայ Սէուտական Արաբիան՝ աշխոյժ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններով։ Լիբանանի նախագահութիւնը կը հասկնայ, որ երկիրը ի վիճակի չէ ամբողջովին փոխելու խաղի կանոնները, սակայն, կը փորձէ որոշ սահմանափակումներ պարտադրել, որպէսզի երկիրը ներկայանայ՝ որպէս գործընկեր եւ ո՛չ թէ բաց ազդեցութեան տարածք կամ բանակցային խաղաքարտ։ Այս ընթացքին ան կը բախի քաղաքական եւ քարոզչական արշաւներու, որոնք երբեմն ուղղակի, երբեմն ալ անուղղակի կերպով կը վերագրուին Իրանին կամ «Հիզպուլլահ»ի շրջանակներուն։ Այդ արշաւները Լիբանանի նախագահութիւնը կը մեղադրեն դաւաճանութեան կամ ստանձնուած պարտաւորութիւնները խախտելու մէջ՝ հակառակ, որ նախագահին երդման խօսքը եղած է յստակ ու աներկբայ։ Նոյն ծիրին մէջ կը փորձուի համայնքային զգայունութիւնները հրահրել՝ նախագահութիւնը ներկայացնելով իբր թէ կառավարութեան լիազօրութիւններուն միջամտելով։ Խորքին մէջ, այս բոլորի իրական թիրախը Թաէֆի համաձայնութիւնն է, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ սահմանադրական այն համակարգը, որ կտրականապէս դէմ է զինեալ գերիշխանութեան գաղափարին։
Այս բոլորէն ետք, հարկ է նկատել, որ հակառակ ստեղծուած տպաւորութիւններուն՝ Լիբանանի նախագահութիւնը մեկուսացած չէ։ Փակ դռներու ետին կը շարունակուին քաղաքական ու դիւանագիտական լայն խորհրդակցութիւններ, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութիւններ՝ արաբական, եւրոպական եւ միջազգային գործընկերներու հետ։ Այս բոլոր ճնշումներուն նպատակն է նախագահը շեղել իր հիմնական առաքելութենէն եւ զինքը ներքաշել լիազօրութիւններու կամ ազդեցութեան շուրջ վէճերու մէջ։ Յամենայնդէպս, Աունի պայքարի բնոյթը այդպէս չէ։ Իր քայլերը կը դիտուին, որպէս պետութեան դիրքը ամրապնդելու փորձ՝ այն տարածաշրջանային հաւասարութիւններուն մէջ, որոնք այսօր կը վերաձեւաւորուին պատերազմներով ու արիւնահեղութեամբ։
Ի վերջոյ, Իրան, որ իր ամենահզօր օրերուն չկարողացաւ ոչնչացնել Թաէֆի համակարգը, այսօր եւս չի կրնար զայն թաղել՝ մանաւանդ, երբ իր ազդեցութիւնը եւ տարածաշրջանային նախագիծը կանգնած է շատ լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան