ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԵԾ ՏՕՆԸ ՍԿՍԱՒ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ

Լուսադէմին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսաւ Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութիւնը: Սա ֆութպոլի եւ ընդհանրապէս մարզական աշխարհի տեսակէտէ բառին բուն իմաստով համաշխարհային տօնախմբութիւն մըն է: Մեծ մրցաշարքը կը կազմակերպուի չորս տարին անգամ մը: Ֆութպոլի համակիրները միշտ անհամբերութեամբ կը սպասեն այս մեծ ժամադրութեան: 

ՖԻՖԱ-ի կողմէ կազմակերպուած Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութիւնը այս անգամ միջազգային իրադրութեան տեսակէտէ բաւական բարդ ժամանակահատուածի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ: Արդարեւ, մարդկային պատմութեան մէջ մարմնամարզը միշտ կ՚ընկալուի համագործակցութեան եւ արդար մրցակցութեան հարթակ մը: Այսօր ալ այդ պատգամը աւելի քան երբեք հրատապ է համաշխարհային իրադրութեան տեսակէտէ: Վասնզի, ամբողջ աշխարհին մէջ օրակարգի վրայ են այնպիսի մարտահրաւէրներ, որոնց կարգաւորումը, ըստ էութեան, կախում ունի արդարութենէ, մրցակցութեան հաւասար պայմաններէ եւ, ի վերջոյ, որոշ արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութենէ: 

Այս համայնապատկերին վրայ Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը իսկապէս ողջունելի իրադարձութիւն մըն է, որ շուրջ ամիս մը պիտի մագնիսացնէ մարզասէրներու ուշադրութիւնը: 

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2026