ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՆԱԽԱՃԱՇԻ ՍԵՂԱՆ ՄԸ ՍԱՐՔԵՑ ԹԱՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ

Թոփգաբուի ընտանիքը նախաճաշ մը սարքեց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաներուն համար։ Վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, ուսուցչական կազմի անդամները, Թոփգաբուի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ ջերմօրէն շրջապատեցին ութերորդ դասարանի աշակերտները, որոնք այս շաբաթավերջին պիտի մասնակցին լիսէներու մտից քննութեան: Նախաճաշի սեղանին շուրջ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ՝ մինչ Թոփգաբուի ընտանիքին անունով աշակերտներուն յղուեցան յաջողութեան մաղթանքներ:

Միւս կողմէ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ 

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2026